Ես շատ դրական բան չեմ ակնկալեր երկրէ մը, ուր մարդիկ ազատօրէն կը ծաղրեն իրենց նախագահն ու կաթողիկոսը: Ազատ խօսքի չարաշահումն ալ իր վնասները ունի անկասկած:
Երկիր մը, ուր եօթանասուն տարի կղպանքի տակ մնացին բերանները, անկախութեան հետ, մէկ ծայրայեղութենէ միւս ծայրայեղութիւն գացին, որպէս հակազդեցութիւն նախկին կացութեան, առանց հասկնալու, որ ծայրայեղութիւնները միշտ ալ վնասակար եղած են:
Երկար ժամանակ մութի զնտանի մէջ մեկուսացած բանտարկեալը, երբ ազատ կ՛արձակուի ու մէկ անգամէն աչքերը կը բանայ լոյսին, տեսողութիւնը կը վնասէ անկասկած: Նոյնն ալ հիմա է, ծաղրանքը վնասակար է, քննադատութիւնը հասկնալի է, եթէ քաղաքավարութեան սահմաններէն անդին չանցնի:
Միշտ ըսուած է, որ տիրասիրութիւնը կ՛ամրապնդէ երկիրը. միասնականութիւնը ուժ է. մասնաւորապէս Հայաստանի նման փոքր երկրի մը համար. Կրնաս չսիրել ղեկավարդ, կրնաս համաձայն չըլլալ անոր վարքագիծին հետ, սակայն հրապարակաւ զինք ծաղրելն ու պարսաւելը չի լուծեր հարցը: Մեր աղտոտ լաթերը դուրսը, բոլորին աչքին առջեւ պէտք չէ փռենք: Չէ՞ որ թշնամիներն ալ կը տեսնեն եւ ոչ միայն կ՛ուրախանան, այլեւ առիթը կ՛օգտագործեն զանազան միջոցներով շահագործելու կացութիւնը եւ տարակարծութիւնները երկպառակութեան հասցնելով, ճեղքեր կը յառաջացնեն ղեկավարութեան եւ ժողովուրդին միջեւ, բան մը, որ անպայման կրնայ քայքայել եւ խարխտել երկրին հիմերը:
Աշխարհի մէջ չկայ ղեկավարութիւն մը , որ հարիւր առ հարիւր ժողովուրդին սէրն ու յարգանքը կը վայելէ: Միշտ ալ կան ընդդիմադիրներ, եւ լաւ է որ ըլլան, սակայն կը շահի ան, որ գիտէ տարբերութիւնը շինիչ քննադատութեան եւ քանդիչ քննադատութեան:
Երկրի մը կայունութիւնը ամէն ինչէ վեր ըլլալու է, յատկապէս մեր երկրի պարագային, որ թշնամիներով շրջապատուած է եւ անդադար թիրախ ներթափանցումներու եւ սադրանքներու:
Գոնէ այս տարի, Ցեղասպանութեան դարադարձին, զգօն ըլլանք: