ԿԱՐՕ ՀԷՔԻՄԵԱՆ
Աննախադէպ քայլով մը նախագահ Խոսէ Մուխիքա, Ուրուկուայի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, իր նախագահական պաշտօնի աւարտումէն ամիս մը առաջ, իբրեւ հրաժեշտի արտայայտութիւն, իր նախագահական պալատին մէջ ընդունեց մեր համայնքի թէ աշխարհիկ եւ թէ կրօնական կառոյցներու ներկայացուցիչները:
Հանդիպման ընթացքին եղած հարցումի մըՙ միանալու Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի առթիւ կազմուած Միացեալ յանձնախումբին, նախագահ Մուխիքա առանց տատանումի սիրով ընդունեց առաջարկը, աւելցնելով, որ ինք գիտէ, թէ թուրքերը պիտի նեղանան, սակայն նշեց, որ եղածը Ցեղասպանութիւն է, եւ Թուրքիան քաջութիւնը պէտք է ունենայ ինքնաքննադատութեան եւ ընդունի կատարուած բարբարոսութիւնները:
Պէտք է յիշել, որ նախագահ Մուխիքայի պաշտօնավարութեան այս վերջին հինգ տարիներու ընթացքին Հայաստանի եւ Ուրուկուայի արդէն գոյութիւն ունեցող կապերը աւելի ամրապնդուեցան, երբ նկատի ունենանք, թէ իր նախագահութեան օրերուն էր, որ պետական օրէնքով ընդունուեցաւ Ցեղասպանութեան թանգարանի կառուցումը Մոնթեվիտէոյի մէջ, ինչպէս նաեւ այս տարուան սկիզբին էր, որ երկրիս արտգործնախարար Լուիս Ալմակրոն յայտարարեց, որ ԼՂՀը պէտք է միջազգային ճանաչում ստանայ եւ անոր ժողովուրդին տրուի ինքորոշման իրաւունք:
Տակաւին վերջերս Ուրուկուայի փոխնախագահ Դանիլօ Աստորին էր որ պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուեցաւ, իսկ 2014ին ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանն ալ ընդունուեցաւ պետական ամենաբարձր մակարդակով:
Ուրուկուայի խորհրդարանի այն պատուիրակութիւնը, որ կը գլխաւորէր անոր նախագահ Խորխէ Օրիքօ, երբ այցելեց Արցախ, նոր էջ մը բացաւ հոն այցելող առաջին բարձրաստիճան պատուիրակութիւնը ըլլալու հանգամանքով:
Մեր համայնքի հետ ունեցած հանդիպումը եւ այդ ընթացքին ստեղծուած ջերմ մթնոլորտը անգամ մը եւս ապացուցեցին այն հոգատարութիւնն ու յարգանքը զոր Ուրուկուայի պետութիւնը կը տածէ ոչ միայն մեր համայնքի, այլեւ Հայաստանի եւ հայութեան նկատմամբ:
Մոնթեվիտէո-Ուրուկուայ