ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ, Նիւ Եորք
Հոգեպարար երեւոյթ էր ներկայ գտնուիլ Դեկտեմբեր 1-ին Նիւ Եորքի Գարնըկի Հոլի «Ուէյլ» համերգասրահը, ուր 5րդ յաջորդական տարին ըլլալով ամերիկահայ պատանի տաղանդներ կը մասնակցէին երաժշտական աւարտական մրցանքին: Անոնք իրենց տաղանդովը կը ներկայանային հանրութեան: Պատանի ուժեր, որոնք պիտի դառնան վաղուան հպարտութիւնը մեր դարաւոր ազգային ժառանգութեան:
Տոքթ. Սվետլանա Ամիրխանեանի գլխաւորած «Ուղիղ օգնութիւն հայութեան» խմբաւորումին նախաձեռնութիւնն էր այս ամէնամեայ համերգը, որուն ցարդ մանակցած են 300_է աւելի պատանինիներ` երգով թէ երաժշտական գործիքով: Աննահանջ ու հետեւողական աշխատանքի արքասիքն է անկասկած տարուէ-տարի յաջողութիւն արձանագրած այս օգտակար ծրագիրը:
Թէեւ գործադիր մարմինը կը բաղկանայ երեք հոգիէՙ ներառելով Մարինա Պաղտասարովան ու Անժելա Քազարեանը, սակայն ունի պատուոյ մարմին մը, ուր բոլորուած են ամերիկահայ ծանօթ արուեստագէտներ, բարերարներ ու ազգայիններ` Լուսին Ամարա, Յասմիկ Աբրահամեան, Շահան Արծրունի, Նայիրի Չեքոսքի-Պալեան, Ռիթա Պալեան, Զարմինէ Պօղոսեան, Հրանդ Կիւլեան, Կարէն Կակոսեան, Կիլտա Քիւբելեան, Արտեմիս Նազարեան, դեսպան Կարէն Նազարեան, Հերի Թուֆայեան եւ Յակոբ Վարդիվառեան: Այս մարմնին կողքին կայ դատական յանձնախումբ մը:
Այս տարուան համերգը նուիրուած էր անմահանուն Արամ Խաչատուրեանին, անոր ծննդեան 110-ամեակին առթիւ: Հայ ժողովուրդին պարծանքը եղող Խաչատուրեան կրցաւ հայ երաժշտութիւնը լսելի դարձնել մեծագոյն համերգասրահներու բեմերէն եւ ձայնասփիւռի կայաններէն: Անոր գործերը կը պահեն երէկի իրենց նո՛յն թարմութիւնը եւ արդէն վարպետը անցած է մեծ դասականներու մեծ ընտանիքէն ներս:
10 տարեկանէն մինչեւ 18 տարեկան հայ պատանիներու կողքին մասնակցեցան նաեւ ոչ հայ (իտալացի, քորէացի, ռուս, իրլանտացի, լիբանանցի ծնունդով) տաղանդաւոր ուժեր, որոնք նուագեցին Խաչատուրեանի գործերէն (Նիքօ Քարերա` «Լեզքինկա»ն, Անսել Չանկ` «Վալսը` Զօ Փիան-Չոտուրի` «Տանց», Իրեն Վիլկորին` «Տոկատա) եւ երգեցին ժողովրդական «Աղբիւրի մօտ»` Ճուլիա Գամինկ: Մայքըլ Խուրի սքանչելիօրէն ու ապրումով դաշնամուրի վրայ նուագեց ամերիկեան ջազային երաժշտութենէն ի մի բերուած ստեղծագործութիւն մը:
Բայց, այս բոլորով մէկ պէ՛տք ենք յիշել մասնաւորաբար Դաւիթ Անթապեանը, որ սքանչացուց ներկաները Խաչատուրեանի «Սոնատա»ով, Անի Մուրատեանը` Բաբաջանեանի «Տոկատինա»ով, Լուսին Միւսայէլեանը` Կոմիտասի «Կռունկ»ով, Հայկ Յովսէփեանը` Սարդարեանի «Հայկական էսքիզներ»ով, Մարինա եւ Իվա Քազարեանները Քոհլերի «Դհը Ուոնդերըր»ով եւ դեռ աւելի երիտասարդները`Ալին եւ Նիքոլ Խրիմեանները, Վահէ Մուրատեանը, Ամալիա Շահինեանը, Դաւիթ Յովհաննիսեանը …:
Ջութակահար Դիանա Վասիլեանի ղեկավարութեամբ պատանի ջութակահարները` եօթը հոգի, ներկայացուցին Օֆենբախի «Կանկան»ը եւ Բաբաջանեանի «Յիշատակներ»ը, զարմացնելով ներկաները:
Տօնական օրերու նուէր մըն էր, որ մեզի նուիրեցին մեր նորահաս տաղանդները: Այդ մթնոլորտով ալ հաւաքուած ներկաները, անգամ մը եւս հոգեպէս հարստացած, վերադարձան տուն:
Մեր ժողովուրդը, հայրենիքէն մղոններ հեռու, կը շարունակէ պահել իր ազգային մշակութային արժէքները: Ինչո՞ւ անոնք հո՛ս «օտարեւամայի ճամբէքի վրայ» կ՛ապրին արդեօք:
Մե՜ղք մեր ցրուած տաղանդներուն: