Չորեքշաբթի, Հուլիսի 22, 2026
Ազգ
Wildberries
Wildberries-ը նվազեցնում է միջնորդավճարը այն վաճառողների համար, ովքեր ապահովում են արագ առաքում մինչև գնորդ
  • Նորություններ
    • Պաշտոնական
    • Տեղական
    • Միջազգային
    • Տնտեսական
    • Տարածաշրջանային
    • Սոցիալական
    • Մշակութային
    • Հոգևոր
    • Իրավունք
    • ՌԱԿ մամուլ
  • Վերլուծություն
    • Քաղաքականություն
    • Տնտեսական
    • Հրապարակախոսություն
  • Մշակույթ
    • Ազգային
    • Կերպարվեստ
    • ToTo
    • Երաժշտություն
      • Դասական
      • Պոպ
      • Ջազ
      • Ռոք
  • ՌԱԿ մամուլ
  • «ԱԶԳ» Շաբաթաթերթ
    • Հոդվածներ
    • Ազգ շաբաթաթերթ տպագիր
    • Տպագիր արխիվ 1991-2026
    • Արխիվ
  • Տեսադարան
  • Մամուլ
  • Մեր հեղինակները
Ոչինչ չի գտնվել
Տեսնել բոլոր արդյունքները
Ազգ
Ոչինչ չի գտնվել
Տեսնել բոլոր արդյունքները

«Զօրավար Անդրանիկ կը խօսի»

17/02/2023
- 17 Փետրվարի, 2023, ԱԶԳ շաբաթաթերթ

Սկիզբը` նախորդ համարում

Դ.

Ընդհանուր պատերազմին սկիզբը անցայ Կովկաս եւ մնացի ռուսական բանակին կողքին մինչեւ 1917ի յեղափոխութիւնը, որու ատեն Հայաստանի Ապահովութեան Խորհուրդը զօրախումբ մը կազմակերպեց: Այս առթիւ ամբողջ երեք ամիս ինձ դէմ լարուեցան դաւադրութիւններ, եւ եղան հալածանքներ: Եւրոպացի զօրավար մը, հիւպատոս մը եւ ուրիշ պաշտօնեայ մը օր մը զիս կանչելով ըսին հետեւեալը.

– Անդրանիկ, շատ կը ցաւինք որ քու ոտքիդ տակ փոսեր կը փորեն եւ փուշեր կը թափեն, որ յաջողութիւն չունենաս:

Այս ըսելով տետրակ մը հանեցին իրենց գրպանէն եւ կարդացին զիս հալածողներուն անունները:

Թէ՛ յիշեալ եւրոպացի անձնաւորութիւններուն եւ թէ տետրակին մէջ արձանագրուած հալածիչներուս անունները կը հրապարակեմ, երբ որ յարմար ժամանակը գայ(*):

Պատասխանելով հակառակորդներուս այն խօսքին, թէ չկրցայ կասեցնել թրքական արշաւանքը Կարինի առջեւ, ըսեմ որ Կարին մտնելէս մինչեւ ելնելս տեւած է վեց օր: Այս ճակատին առջեւ, Վասպուրականէն մինչեւ Երզնկա եւ Բաբերդ, կատարուած չարիքին պատճառները պէտք է փնտռել Թիֆլիսի աղջկանց գիմնազիոմին մէջ կազմուած գորբիւսի (զօրաբանակ) եւ Ազգային Խորհուրդի մօտ: Այս զօրաբանակին կազմութեան համար ծախսուեցաւ տասը միլիոն ռուբլի:

Արդեօք կրնա՞ն ըսել, թէ Քերենսկիի կառավարութեան վեցամսեայ շրջանին մէջ 500 հազար ձայն ներկայացնող(՞) Դաշնակցական կուսակցութիւնը կրցա՞ւ ղրկել 5 հազար կամ 3 հազար հոգի դէպի ճակատ:

Սարըղամըշ հասնելուս ճակատի ընդհանուր հրամանատար վրացի զօրավար Օտիշեիլիցէն ըսաւ ինձ. «Ես հազիւ ազատեցայ այդ ճախճախուտներէն, հիմա ալ դու ես որ պիտի իյնաս միեւնոյն ցեխերուն մէջ»: Թարգմանս էր բժիշկ Զավրիէֆ:

Թէ ինչպէս օգնած է ինձ դաշնկացական կառավարութիւնը Զանգեզուր գտնուած միջոցիս, այդ յայտնի կ ըլլայ, երբ ըսեմ, որ այդտեղ գտնուած երեք գաւառներու հարիւր հազար բնակչութիւնը 50 հազար րուպլի ծախսելով երեք անգամ պատգամաւոր ղրկած էր Թիֆլիս Ազգային Խորհուրդէն օգնութիւն պահանջելու եւ ամէն անգամուն ալ ձեռնունայն վերադարձած էր: Նոյնիսկ իմ բանակին պատկանող գումարը զոր ուղարկած էին ինձ Վահան Փափազեան եւ Աւետիս Թէրզիպաշեան, Երեւանի կառավարութիւնը գրաւեց, որպէսզի քայքայուի զօրախումբս:

Էրզրումէն վերադարձիս Զօր. Նազարբէկեանի հրամանով գացած էի Ալեքսանդրապոլի աջ թեւը, ուրկէ՝ Կիւլլիւ Պուչախ, Օրթաքիլիսէ, Գազանճի: Այդ ժամանակ Պրեսթ-Լոթովսքի դաշնագրով Ախուրեան (Արփա չայ) էր Հայաստանի սահմանը: Զօր. Նազարբէկեան համոզուած էր, որ թուրքերը Ախուրեանէն անդին չեն անցնիր, բայց օր մը երեք ժամ տեւող կռիւէ վերջ հայ կանոնաւոր զօրքը Աղեքսանդրապոլը յանձնելով նահանջած էր Գարաքիլիսէ եւ ինձ լուր չէր տուած:

Իմ վրայ եկող թրքական զօրամասին հետ երեք օր կռիւ ունեցայ, առանց մեր զօրամասերէն ոչ մէկուն հետ կապ ունենալու: Այս տեղէն 20 գիւղի հայ ժողովուրդը հետս առնելով ուղղուեցայ Չալալ Օղլու: Թրքական զորամասը կուգար ետեւէս ու դեռ Չալալ Օղլու չհասած՝ եօթը թաթար գիւղեր սկսած էին զարնել կռնակէս: Չալալ Օղլու հասնելուս ուզեցի անմիջապէս յարաբերութեան մտնել Գարաքիլիսէի հետ հեռաձայնով: Հեռաձայնի գլուխը եկողն էր Նազարբէկեանի օգնական, պատերազմական գոմիսէր դաշնակցական վարժապետ Մամասեան, որ կ իմացնէր ինձ թէ` վեց օրէ ի վեր մեզմէ լուր չունին, միեւնոյն ատեն կ ըսէր ինձ. «Թրքական ուժերը Համամլուէն մեր վրայ պիտի յարձակին, որով Գարաքիլիսէն թողլով կ երթաք Տիլիճան, վերջին յարաբերութիւննիս է ձեզ հետ», ու հեռաձայնը կտրուեցաւ: Ցերեկ եւ գիշեր հեռագիրով եւ հեռաձայնով գրագիրս` սպայ Շիմշիրեան վեց անգամ ուզած էր յարաբերութեան մտնել, բայց ոչ մէկ պատասխան, որով յայտնի կ ըլլար, որ առանց կռիւի Գարաքիլիսէն թողած են մերինները:

Ետեւէս եկող թրքական զօրամասը հասաւ Չալալ Օղլու: Չէի կրնար 20 հազար գաղթականութիւնը թողլով բախտին` հեռանալ: Մէկ ու կէս օր կռուելէ վերջն էր միայն, որ գաղթականութիւնը բաւական ճամբայ կտրեց դէպի Գալաքէրան երկաթուղիի կայարանը, որով կրցայ մեկնիլ Գալաքէրան Տսեխ գիւղը, ուր գտայ բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանը:

Եթէ թուրքերը յանդգնութիւնն ունենային դատարկ Գարաքիլիսէէն գալով Լոռիի կիրճը գրաւելու, ես իմ զօրամասով ու ամբողջ գաղթականներով պէտք էր գերի մնացած ըլլայինք:

Հինգ օր վերջ Գարաքիլիսէէն հեռաձայնով իմացայ Մամասեանէ, թէ վերադարձած են Գարաքիլիսէ ու ոչ մէկ թուրք չէ մտած քաղաքը: Երեք ժամ վերջն ալ հրաման ստացայ Նազարբէկեանէ` պահել երկաթուղիի գիծը: Յետոյ հեռաձայնով կ իմացնէր ինձ Գոմիսէր Մամասեան, թէ հայ զինուորները ոգեւորուած կը հալածեն թշնամին Գարաքիլիսէի երկաթուղիին ուղղութեամբ: Անմիջապէս կ իմացնեմ, որ թշնամիին նահանջը կեղծիք է, խորհուրդ կուտամ չառաջանալ կեդրոնով, ու երկու թեւերը ամուր պահել միշտ, կեդրոնէն չվախնալով բնաւ:

Առաջին օրուան չորս ժամ կռիւէն վերջ, հետեւեալ առաւօտ կռիւը կը վերսկսի եւ երեք ժամ յետոյ կ իմանամ, թէ Գարաքիլիսէն յանձնած են արդէն ու նահանջած դէպի Տիլիճան:

Նազարբէկեանի զօրամասէն դասալիք եղող 39 սպայ եւ մի քանի հարիւր զինուոր, որոնք կը փախչէին դէպի Թիֆլիս, Վրաստան, գիշերուան ժամը մէկին կը հանդիպին պահապաններուս, որոնք փոխադարձ համազարկով կը կեցնեն այդ դասալիքները եւ առաւօտուն կը բարձրանան Տսեխ գիւղը իմ մօտս: Այս բոլոր անցուդարձերուն կենդանի վկան են բանաստեղծ Յովհաննէս Թումաանեան եւ շատ մը լոռեցիներ:

Յովհաննէս Թումանեանի աջակցութամբ նախ հաց կը տրուի այս քանի մը հարիւր հոգիին: Զօրավար Կորկանեանի (թնդանօթաձիգ), որուն քով կան չորս ռուս սպաներ, կը հարցնեմ, թէ ո՞ւր գնաց Նազարբէկեան.

– Տիլիճան, կը պատասխանէ:

– Դուք ո՞ւր կ երթաք:

– Թիֆլիս:

– Պարոններ, կ ըսեմ, եթէ դուք Թիֆլիս երթալ ուզէք, Պորչալուի թաթարները բոլորդ ալ կը կոտորեն եւ զէնքերնուդ կը տիրանան:

– Ազնիւ խօսք կուտանք, պատասխանեցին ռուսերէն լեզուով, որ վաղը կամ միւս օր կը հետեւինք քեզի եւ կուգանք:

Թումանեանի եւ լոռեցի քսան հոգիի ներկայութեան պատասխանեցի.

– Դուք չէք հետեւիր ինձ, պիտի երթաք Թիֆլիս եւ կոտորել պիտի տաք այս սպաները եւ քանի մը հարիւր զինուորները:

Իսկապէս ալ անոնք գացին եւ կոտորուեցան: Ազատեցաւ միայն զօրավար Կորկանեան, չեմ գիտեր ինչպէս:

Հետս քսան հազար գաղթական ունենալով՝ քալեցի երկու օրուան ճանապարհ, սարսափելի անձրեւի եւ կարկտախառն ձիւնի տակ, հասայ Տիլիճան, ուր տեսայ թէ ոչ ոք չկայ, բոլորն ալ փախած են: Գտայ Մեսրոպ եպիսկոպոսը հազարէ աւելի որբերով, որոնց մէջ կային մինչեւ 15 տարու աղջիկներ:

Փախչողները գետը թափած էին 12 գնդացիր, 2 թնդանօթ, միլիոններով փամփուշտ եւ քանի մը հազար թնդանօթի ռումբ:

Կապել տալով թելեֆոնի եւ հեռագրի թելերը՝ յարաբերութեան մտայ Էլէնովկայի եւ Երեւանի հետ:

Զինուորը դասաւորեցի դէպի Գարաքիլիսէ, Տիլիճանէն 13 վերստ հեռու: Զօր. Նազարբէկեան կը հեռագրէր ինձ. «Ի սէր Աստուծոյ եւ Ազգութեան, Տիլիճանը պահէ՛»: Պատասխանեցի, թէ քանի մէկ հատ փամփուշտ ունիմ, Տիլիճանը չեմ ձգեր:

Այն ատեն հաց չունէինք: Կերածնիս քուքուրուզ (եգիպտացորեն) եւ գարի էր:

*) Զօրավարը կը յուսանք կը ներէ մեզ անգաղտնապահութիւն մը, եթէ ըսենք որ այս հալածիչներուն գլուխը կը գտնուէր Պր. Ա. Ահարոնեան: Ծ.Խ.:

Ե.

Այս միջոցին զօր. Կորկանեան կը գտնուէր Կարս: Պաթում Վէհիպ բաշայի մօտ էին Քաջազնունի, Խատիսեան եւ Պապաջանեան, նաեւ Օհանջանեան եւ սոցիալ-դեմոկրատներէն Զօհրապեան եւ Բէկզատեան: Հաշտութեան պայմանագրութիւնը կը ղրկուի ինձ թուրք սպաներու ձեռքով` նախ Կարսէն զօր. Կորկանեանէն, երկրորդ` Գարաքիլիսէէն Վէհիպ փաշայի հրամանը. երրորդ Թիֆլիսի Ազգ. Խորհուրդէն Աղստաֆայի ճամբով: Ասոնք կարդալէ վերջ կ ուղարկեմ Երեւան` զօր. Նազարբէկեանի:

Պ. Պապանջանեան ինձ պատմած է, թէ հաշտութիւնը ստորագրուած է Նազարբէկեանի կողմէ Թիֆլիս ղրկուած այն հեռագիրին վրայ, որով զօրավարը կ ըսէր, թէ ոչ մէկ կռուող զինուոր չունի:

Հաշտութեան պայմանագիը կարդալէս ետք Տիլիճանէն հեռագրեցի Նազարբէկեանին հետեւեալը.

«Վեց հարիւր տարուան ստրկութեան շղթան դարձեալ ձեր վիզն ու ոտքը կ անցընէք ձեռ ձեռքով: Չեմ կրնար այս պայմաններուն հանդուրժել, մոռնալով մեր երեսուն տարուան զոհերը եւ մէկ միլիոն նահատակները: Ստացէ՛ք ինձմէ Տիլիճանը, որպէսզի ես մեկնիմ ուր որ կ ուզեմ»:

Այս հեռագրիս պատճէնները կային Ս. Կաթողիկոսին եւ Երեւանի Ազգ. Խորհուրդին մօտ:

Ղրկուեցաւ գնդ. Պաղտասարեան, որ Տիլիճանը ստացաւ ինձմէ: Տիլիճանը եօթը օր պահելէս վերջ մեկնեցայ Սեւանայ լճին հիւսիսակողմը գտնուող Էլէնովկա գիւղը:

Հոն կազմ ու պատրաստ կեցող զօրամասիս բոլոր գալիք դժուարութիւնները եւ բազմակողմանի զոհողութիւնները բացատրեցի: Զինուորները մէկ հոգի եւ մէկ բերան պատասխանեցին ինձ.

«Մենք պիտի կռուինք մինչեւ մեր արեան վերջին կաթիլը, մեր նպատակին հասնելու համար»:

Միայն գրագիրս` սպայ Շիմշիրեան ըսաւ, թէ իր ընտանեկան պարագաները թոյլ չեն տար այլեւս ինձ հետ գալու: Ուրախութեամբ տուի անոր իրաւունքը եւ ճամբեցի:

Այս պարոնը 1920ի Մայիսին Ալեքսանդրապոլի պոլշեւիկեան շարժումներուն ժամանակ ձերբակալուած եւ իր ատրճանակը վրան ըլլալով՝ բանտարկուած է եւ իբր թէ բանտին մէջ անձնասպան եղած է, ինչպէս իմացայ ուրիշներէն:

Իմ հակառակորդներս շատ լաւ գիտեն Նախիջեւան, Ջուլֆա եւ Խոյ երթալուս պատճառները: Ձախողութի՞ւն թէ յաջողութիւն ունեցայ. ասոր ալ կը վկայեն ոչ միայն այսօր Պաքուպա գտնուող յիսուն հազար ասորի եւ քսան հազար հայ գաղթական ժողովուրդը, այլ պարսիկները եւ նոյն ինքն թշնամիս` Ալի Իհսան փաշա: Զանգեզուրի, Ղափանի, Սիսիանի ժողովուրդը, մինչեւ տասը տարու մանուկները գիտեն, թէ իմ զօրամասս օգո՞ւտ ունեցաւ, թէ՞ վնաս:

Երբ Զանգեզուր կը գտնուէի դեռ, ստացայ Պ. Խատիսեանէն նամակ մը: Պատասխանելով` ըսի թէ իմ դժգոհութիւնս դաշնակցական շէֆերէն է, թէ` «Հայաստան» թերթին մէջ հրաժարականս հրատարակուելէն վերջ Թիֆլիսի րայոնական ժողովը ոչ իսկ ազնուութիւնն ունեցաւ զիս հրաւիրելով դժգոհութիւնս լսելու: Որովհետեւ ճիշդ այդ րայոնական ժողովը կազմողներն էին, որ կը հալածէին զիս. բացառութիւնները յարգելի են:

«Սիրելի Անդրանիկ, կ ըսէր ինձ Պ. Խատիսեան իր այդ նամակին մէջ, իմ ցանկութիւնս է, որ դուն հաշտուէիր կառավարութեան հետ եւ ես կը լինէի միջնորդը»:

Իմ հաշտուիլս կամ ոչ, աւելցուցի իմ պատասխանագրիս մէջ, մեծ կարեւորութիւն մը չունի, մենք այսօր կանք, վաղը չկանք: Երբ Հայաստանի սահմանները գծուին եւ պետութիւններէ ճանչցուին, երբ մենք կ ունենանք քոալիսիոնի կառավարութիւն, այն ժամանակ հայ ժողովուրդը երջանիկ կ ըլլայ եւ եթէ քոալիսիոնի կառավարութիւնը յարմար տեսնէ ինձ գործ մը յանձնել, ես սիրով կը կատարեմ անոր հրամանը: Ի սէր Աստուծոյ, այնպէս ըրէք, որ յետագայ սերունդը ձեզ օրհնէ եւ ոչ թէ անիծէ:

Զանգեզուրի մէջ գլխաւոր մտահոգութիւնս էր 30 հազարի հասնող գաղթականութիւնը, որուն ինչ աստիճան խնամք տանելս եւ փողոցներու մէջէն որբերը հաւաքելս տեսած է ամբողջ այդ շրջանի ժողովուրդը:

Թող հակառակորդներս իրենք հաշիւը տան Թրքահայաստանէն Կովկաս ապաստանած 380 հազար գաղթականութեան, որուն կէսը կոտորել տուին Իգտիրի, Էջմիածնի, Երեւանի եւ Ալեքսանդրապոլի պատերուն տակ եւ այս գաւառներու 200 հազար տունի հասնող ազգաբնակչութեան աչքին առջեւ: Ռուս պետութենէն, շնորհիւ Պ. Պապաջանեանի ջանքերուն, մօտ յիսուն միլիոն ռուպլի ստացան, այս դրամները բաշխուեցան զանազան բարեգործական հիմնարկութիւններու ձեռքով, մեծ մասամբ տասնեակ հազար դասալիքներու, որոնք իբրեւ պաշտոնեայ կը ծառայէին այդ հիմնարկութեանց մօտ: Այս դրամին հաշիւները չտուին, ծախսեցին առանց քոնթրոլի: Ոչ ոք գիտէ, թէ որքանը տրուեցաւ գաղթականին: Հակառակ ջանքերուս, չկրցայ այս բարեգործական մարմիններու մէջ մտցնել Թրքահայաստանի վեց նահանգներէն վեց ներկայացուցիչ, որպէսզի մսխումի եւ զեղծումի առաջքը առնուէր:

Շար. 2 եւ վերջը` հաջորդիվ

Նախորդ գրառումը

Կոռուպցիա… միջավայրի փոփոխման սպասումով

Հաջորդ գրառումը

Անատոլի Սիդորով. «ՀԱՊԿ-ն ամեն ինչ կանի, որպեսզի տարածաշրջանում խաղաղություն հաստատվի եւ Հայաստանի ու Ադրբեջանի միջեւ փոխըմբռնելի լուծում գտնվի»

Համանման Հոդվածներ

10 Հուլիսի, 2026

41-64-ի մոգությունը

10/07/2026
10 Հուլիսի, 2026

Եթե ճանաչումը «քաղաքական թատրոն չէ», ապա  Քնեսեթը որեւէ ճնշման չի ենթարկվի

10/07/2026
10 Հուլիսի, 2026

Իրանը ՆԱՏՕ-ի ուշադրության կենտրոնո՞ւմ

10/07/2026
10 Հուլիսի, 2026

«Ֆոն դեր Լայենը Ալիեւին գովաբանում է, քրիստոնյաների  մասին՝ լռում»

10/07/2026
Հաջորդ գրառումը

Անատոլի Սիդորով. «ՀԱՊԿ-ն ամեն ինչ կանի, որպեսզի տարածաշրջանում խաղաղություն հաստատվի եւ Հայաստանի ու Ադրբեջանի միջեւ փոխըմբռնելի լուծում գտնվի»

Լրահոս

Թրամփը ցանկանում է Ինֆանտինոյին տեսնել ՄԱԿ-ի գլխավոր քարտուղարի պաշտոնում

22/07/2026

ԱՄՆ նախագահ Դոնալդ Թրամփը  կցանկանար, որ ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ջանի Ինֆանտինոն զբաղեցնի ՄԱԿ-ի գլխավոր քարտուղարի պաշտոնը ներկայիս գլխավոր քարտուղար Անտոնիո Գուտերեշի լիազորությունների ավարտից հետո.  հաղորդում է New York...

Ռուբեն Վարդանյանը որոշում է կայացրել արդարության համար պայքարը շարունակել միջազգային իրավական մեխանիզմների միջոցով. Սիրանուշ Սահակյան

22/07/2026

Բաքվում ապօրինաբար պահվող Ռուբեն Վարդանյանի գործով գանգատ է ներկայացվել Մարդու իրավունքների եվրոպական դատարան Իրավապաշտպան Սիրանուշ Սահակյանը հայտարարություն է տարածել, որը...

Իրանի վրա հարձակման հետևանքով 500 ամերիկացի զինվոր է վիրավորվել

22/07/2026

Իրանի դեմ ԱՄՆ ռազմական գործողությունների ընթացքում վիրավորվել է ավելի քան 500 ամերիկացի զինծառայող. հայտնել է Associated Press-ը ՝ հղում անելով իր աղբյուրներին։...

Ամերիկյան բանակը հայտարարել է Իրանի վրա հարձակման հերթական փուլի ավարտի մասին

22/07/2026

Ամերիկյան բանակն Իրանի տարածքում հրթիռային  նոր հարվածներ է հասցրել։ Գիշերվա ժամը 3-ի դրությամբ CENTCOM-ի ուժերն սկսել են  հարվածել Իրանում գտնվող...

Զինծառայող է մահացել

21/07/2026

«ՊՆ N զորամասի զինծառայողի` հուլիսի 21-ին արձանագրված մահվան դեպքի առթիվ նախաձեռնվել է քրեական վարույթ: Կատարվում են քննչական և վարութային գործողություններ»,-հայտնում...

Աիդա Ազատյանը նվաճել է աշխարհի առաջնության ոսկե մեդալը

21/07/2026

Շարժվող թիրախ խառը վազք մրցաձևի երիտասարդ աղջիկների պայքարում Աիդա Ազատյանը 379 միավորով նվաճել է աշխարհի առաջնության ոսկե մեդալը. հայտնում են...

Արխիվ

Հուլիսի 2026
Ե Ե Չ Հ Ու Շ Կ
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  
« Հնս    
logo-white1
“Վահան Թեքեյան” Սոցիալ-Մշակութային Հիմնադրամ
Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են։ Կայքի նյութերը տարածելիս հղումը կայքին պարտադիր է։

©2026 «ԱԶԳ» վերլուծական

Ոչինչ չի գտնվել
Տեսնել բոլոր արդյունքները
  • Նորություններ
    • Պաշտոնական
    • Տեղական
    • Միջազգային
    • Տնտեսական
    • Տարածաշրջանային
    • Սոցիալական
    • Մշակութային
    • Հոգևոր
    • Իրավունք
    • ՌԱԿ մամուլ
  • Վերլուծություն
    • Քաղաքականություն
    • Տնտեսական
    • Հրապարակախոսություն
  • Մշակույթ
    • Ազգային
    • Կերպարվեստ
    • ToTo
    • Երաժշտություն
      • Դասական
      • Պոպ
      • Ջազ
      • Ռոք
  • ՌԱԿ մամուլ
  • «ԱԶԳ» Շաբաթաթերթ
    • Հոդվածներ
    • Ազգ շաբաթաթերթ տպագիր
    • Տպագիր արխիվ 1991-2026
    • Արխիվ
  • Տեսադարան
  • Մամուլ
  • Մեր հեղինակները

© 2025 «ԱԶԳ» վերլուծական