Փոխադրակառքերու կանգառը սպասած ատենս կանգ առնող ու անցնող աւտոբուսերուն վրայ երթուղիի փողոցներուն անունները հետաքրքրութեամբ կը կարդամ. ընդհանրապէս ծանօթ անուններ են, մասնաւորաբար գլխաւոր պողոտաներունը եւ փողոցներունը, մնացեալը՝ երբեմն ծանօթ անուններ, սակայն անծանօթ փողոցներ կան, նաեւ անծանօթ անուններ:
Ծանօթ, անուանի մարդոց անունները սիրելի են եւ հպարտութիւն կը ներշնչեն, սակայն անծանօթ անուններուն մէջ բաւական օտար անուններ կան, ընդհանրապէս ռուսական. շատ հաւանաբար սովետական շրջանէն մնացած: Վստահ եմ՝ Երեւանի քաղաքապետարանը յատուկ յանձնախումբ ունի փողոցներուն անուններով զբաղելու համար, որոնց անդամները չեմ գիտեր ինչ պարտաճանաչութեամբ կը կատարեն իրենց վստահուած գործը, որ ըստ իս շատ կարեւոր է, քանի որ փողոցներուն անունները քաղաքին ինքնութեան փաստաթուղթի նման են, քաղաքին պատուոյ ցանկին նման, միւս կողմէ ալ կ՛անմահացնեն անուններուն տէրերը:
Պարզ է որ մեր պատմական անուններն ու արեւելահայ նշանաւոր մարդոց անունները պիտի գրաւէին անուանացանկին մեծ մասը, սակայն եւ այնպէս, անոնց շարքին կան հատ ու կենտ արեւմտահայերու անուններ, ինչպէս Յակոբ Պարոնեանի անունը: Վերջին տասնամեակներուն բազմացան արեւմտահայ անուանի մարդոց անունները, յատկապէս Եղեռնի զոհ մտաւորականներու: Խորհրդային շրջանէն մնացած ժամանակավրէպ, հնամաշ անուններ ալ կան, որոնք վերանայման ու փոխարինման կարիք ունին, ինչպէս կեդրոն շրջանի «Դեղատան փողոցը», եթէ շատ շատոնց այդ թաղը նշանաւոր եղած է իր դեղատունով, հիմա արդէն այդ դեղատան հետքն անգամ չկայ ու կարելի է շատ յարմար նոր անունով մը կնքել: Կամ «Աղիւսագործների փողոց», «Գաջագործների փողոց» եւ այլն: Տակաւին կարելի՞ է այսպիսի անուններ պահել, ի՞նչ իմաստ ունի:
«Պէյրութ» անունով փողոց կայ Քաղաքապետարանի հարեւանութեամբ, այնքան գեղեցիկ վայր մը, մինչ «Հալէպ» անունով փողոց չկայ, երբ մեծ թիւով հալէպահայեր արդէն տեղացի դարձած են եւ ահագին ներդրում ունին երկրի տնտեսական թէ այլ ոլորտներու զարգացման մէջ:
Հետաքրքրութիւնս մղեց զիս, որ քննութիւն մը կատարեմ Երեւանի փողոցներուն անուններուն եւ դիմեցի Google-ին, որ իսկական հրաշք մըն է, որ բոլոր հարցերուդ պատասխանն ունի: Երեւանի տակաւ ընդարձակուող շրջաններու նոր թաղամասերը առիթ ընծայած են, որ նոր անուններով կոչուին անոնք, որոնց մէջ հանդիպեցայ լիբանանահայ բանաստեղծ Վահէ-Վահեանի անուան, ուրախացայ, սակայն երբ Վահան Թէքէեան, Շահան Շահնուր, Ա. Ծառուկեան, Սիմոն Սիմոնեան, Զահրատ եւ նման հեղինակաւոր գրողներու անուններ փնտռեցի, չգտայ:
Հիմա նստած պիտի չթուեմ սփիւռքահայ գրող, բանաստեղծ, արուեստագէտ, նկարիչ, երաժիշտ, դերասան, գիտնական հսկայ փաղանգի մը անունները, որոնք, վստահ եմ՝ ծանօթ են քաղաքապետարանին, սակայն երեւի իրենց հերթին կը սպասեն: Եթէ օտարանուն փողոցներուն անուանց տէրերը ժամանակավրէպ եղած են, առիթ է, որ անոնք փոխարինուին հերթի սպասող անուններով: Չեմ գիտեր եթէ ընդունուած չէ, որ միեւնոյն անձին անունը թէ՛ դպրոցի մը տրուի, թէ՛ փողոցի մը, բայց արդէն կան այդպէս մի քանին: Օրինակ՝ Չարենց անունով թէ՛ դպրոց կայ, թէ՛ փողոց, նոյնը՝ Ռաֆֆի անունով:
Ուրիշ բան մը. ինչո՞ւ, օրինակ, դերասան Վ. Փափազեանի անունով փողոց կայ, բայց Սիրանոյշ, Պետրոս Ադամեան անուններով փողոցներ չգտայ: Մարտիրոս Սարեանի անունով փողոց կայ, սակայն Արշիլ Կորքիի, կամ Գառզուի անունով փողոցներ չկան: Արամ Խաչատուրեան կայ, բայց Ալան Յովհաննէս չկայ:
Ինչ որ է, իմ կարծիքով շատ կարեւոր է անուանադրութիւնը: Սփիւռքը հալոցքի մէջ է, փրկենք եւ անմահացնենք մեր մեծերուն անունները:
Յիշածս անուններուն մէջ եթէ սխալներ կան, կամ թերացումներ, ներող եղէք:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ