Անկախ Սուրիոյ պատմութեան ամենապայծառ դէմքերէն մէկն էր վարչապետ Ֆարէս Պէկ Ալ Խուրին (1877-1962), որուն մահուան 60-երորդ տարելիցն է: Բացի հմուտ եւ խիզախ քաղաքագէտ ըլլալէն, ան նաեւ բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ էր:
Երկու դրուագ պիտի վերյիշենք իր կեանքէն, որպէս ապացոյց իր իւրայատուկ անհատականութեան: Ֆրանսացիներու «հոգատարութեան» տակ գտնուող Սուրիան անկախացաւ 1946-ին, երբ ֆրանսացի վերջին զինուորը հեռացաւ երկրէն այդ տարուան ապրիլի 17-ին, որ ցարդ պաշտօնապէս կը նշուի որպէս Սուրիոյ անկախութեան տարեդարձ:
Ֆարէս-Ալ Խուրի, որպէս Սուրիոյ վարչապետ եւ որպէս ՄԱԿ-ի հիմնադիր երկիրներէն մէկուն ներկայացուցիչը, 1946-ին, երբ Նիւ Եորք կ՛երթայ, ՄԱԿ-ի ժողովասրահ կը մտնէ եւ Սուրիոյ յատկացուած աթոռին նստելու փոխարէն, կ՛երթայ կը նստի Ֆրանսայի աթոռին: Երբ Ֆրանսայի պատուիրակը կը մօտենայ իր աթոռը գրաւելու, Ֆարէս Պէկը տեղէն չի շարժիր, գրպանէն կը հանէ ժամացոյցը ու կը սկսի վայրկեանները (րոպէ) հաշուել. Ֆրանսացին կը մատնանշէ սեղանին վրայի ֆրանսայի դրօշակը եւ կը խնդրէ որ տեղէն ելլէ: Ֆարէս Պէկ տեղէն չի շարժիր ու կը շարունակէ վայրկեանները հաշուել՝ 15, 16, 17… Ֆրանսացին կը կոպտէ ու կը փորձէ վրան յարձակիլ եւ ազատագրել աթոռը, բայց ի զուր. երբ 23, 24, 25-ի կը հասնի, ոտքի կ՛ելլէ ու բոլոր ներկաներուն լսելի ձայնով ֆրանսացիին կ՛ըսէ. չհանդուրժեցիր որ 25 վայրկեան նստիմ աթոռիդ վրայ, իսկ դուք որ 25 տարիէ ի վեր նստած էք Սուրիոյ վրայ, ինչպէ՞ս հանդուրժենք: Նոյն տարին Ֆրանսան կը քաշուի Սուրիայէն:
Ուրիշ դրուագ մը իր հայրենասիրական կեանքէն: Ֆրանսացի պատասխանատուները կ՛ըսեն, թէ Սուրիա մտած են պաշտպանելու համար Սուրիոյ քրիստոնեաները: Այս լսելուն պէս վարչապետ Ֆարէս Ալ-Խուրին կը մտնէ Դամասկոսի Օմայատ մզկիթը եւ բարձրանալով «մինպար» (քարոզիչ իմամին պատուանդանը) կը բացագանչէ՝ եթէ ֆրանսան եկած է մեզ՝ քրիստոնեաներուս իբր պաշտպան, ես այս վայրկեանին իսլամ կը դառնամ, եւ կը վանկարկէ՝ «Լա Իլահ Իլլալլահ» (Չկայ աստուած քան Աստուած): Երբ կ՛իջնէ պատուանդանէն, ժողովուրդը զինք ուսերու վրայ կը տանի մայրաքաղաքի փողոցներէն: Անշուշտ իր ըրածը ձեւական ժեստ մըն էր, որ ապտակի նման իջաւ ֆրանսացիներուն երեսին:
Կրօնական հանդուրժողականութեան յիշարժան ուրիշ դէպք մըն ալ մեզ կը տանի 1937 տարուան, երբ միջազգային դետերու անդամներէն մին կու գայ Անտիոք, կացութիւնը սերտելու եւ տեսնելու, թէ Թուրքիան իրաւունք ունի՞ Սուրիոյ պատկանող Ալեքսանտրէթի վիլայէթը Թուրքիոյ միացնելու: Թուրքերը փակել կուտան բոլոր մզկիթները, ցոյց տալու համար, որ Թուրքիան այլեւս Եւրոպայի նման լաիք պետութիւն է եւ կարեւորութիւն չի տար կրօնին: Անմիջապէս Անտիոքի բոլոր քրիստոնէական եկեղեցիները իրենց դռները կը բանան իսլամներուն առջեւ, որպէսզի գան եւ իրենց նամազը (1) կատարեն: Իսկապէս ալ իսլամները կու գան եւ եկեղեցիներուն մէջ կ՛աղօթեն, իրենց իմամը (2) խորանին առջեւ բեմ կը բարձրանայ քարոզելու, իսկ մուազզինը (3) իր աղօթքի հրաւէր ազանը (4) կը կատարէ եկեղեցուոյ զանգակատունէն, մինարէթի փոխարէն:
Այս դէպքերը վերյիշեցի ցոյց տալու համար, որ կարելի է փոխադարձ հանդուրժողական ոգիով գոյակցիլ, երբ կրօնական եւ դաւանական ենթահողերու վրայ պատերազմները կը շարունակուին: Այս օրերուն, արաբական աշխարհին մէջ, յատկապէս Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ, որքան անհրաժեշտ է այսօրինակ քաղաքականութիւն վարելը: Երկու երկիրներն ալ պատերազմի զոհ դարձան…
Սուրիոյ տասնամեայ պատերազմի ընթացքին եւ ցայսօր, իսլամն ու քրիստոնեան ձեռք-ձեռքի տուած կը շարունակեն պայքարիլ յանուն երկրի անկախութեան սպառնացող վտանգները դիմագրաւելու եւ համերաշխութեամբ խաղաղ գոյակցութիւն մը ապահովելու:
Կրօնները երկու ծայրայեղութիւններու աղբիւր են, կրնան պատերազմներ հրահրել ու զիրար սպաննել, եւ կրնան խաղաղ, համերաշխ, սիրոյ մթնոլորտ մը ստեղծել, անշուշտ, երբ կրօնը քաղաքական եւ զինուորական նպատակներու չի ծառայեցուիր:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ
1) Նամազ- իսլամական երկրպագութեամբ աղօթք
2) Իմամ- իսլամ կրօնապետ
3) Մուազզին- Մզկիթի մունետիկ, աղօթքի հրաւիրող
4) Ազան- Աղօթքի հրաւէր կանչ