Հայաստանի Ազգային Ժողովի ընտրութիւններուն ընդառաջ
Հազիւ թէ քանի մը շաբաթներ մնացած են մինչեւ Յունիսի 7-ը, երբ տեղի պիտի ունենան Հայաստանի Ազգային Ժողովի համապետական ընտրութիւնները: Անգամ մը եւս կը յիշեցնենք, թէ մեծ չափով այս ընտրութիւններու արդիւնքէն կախեալ է յառաջիկայ երկար տարիներուն համար, թէ մեր հայրենիքին եւ թէ հայաստանաբնակ, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի հայութեան ազգային ճակատագիրը:
Սակայն հակառակ այս անգամուան ընտրութեանց անկիւնադարձային ըլլալուն, որոշ յուսախաբութեամբ է որ կը հետեւինք Հայաստանի մէջ ընտրարշաւի այս օրերուն, ընտրուելու յաւակնութիւն ունեցող որոշ հոսանքներու գործելակերպին, խօսելակերպին եւ խոստումներուն մէջ դրսեւորուած լրջութեան եւ յստակութեան պակասին եւ կամ տկարութեան: Յատկապէս, նուազագոյնը անյարմար է ներկայ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին եւ իր որոշ գործակիցներուն «ընտրապտոյտներուն» ընթացքին, կրկնակի տարբեր ուտեստեղէններ ճաշակելով, կամ հրապարակներու վրայ թմբուկ նուազելով ժողովրդականութիւն շահելու փորձերը…
Նախորդ մեր յօդուածով արծարծեցինք անվիճելի կարեւորութիւն ունեցող հարցերէն մէկը հանդիսացող Հայաստան-Սփիւռք փոխադարձ յարաբերութեանց յստակացումը: Եզրակացուցինք, թէ Սփիւռքը իր առաւելութիւններով ու տկարութիւններով հանդերձ անբաժանելի եւ իրաւասու թանկագին մէկ մասնիկն է հայ ժողովուրդին: Հետեւաբար, անկախաբար Հայաստանի օրուան իշխանութեանց եւ յատկապէս յետընտրութեանց նոր իշխանութիւններուն նախասիրութիւններէն, այս վերջինները պարտաւոր են Սփիւռքին հետ վարուիլ այնպէս, ինչպէս պարտաւոր են վարուիլ հայ ժողովուրդի որեւէ մէկ ուրիշ հարազատ հատուածին հետ: Չենք զարմանար, թէ իշխանութիւնները աճապարուած չեն հակազդելու այս դժուար վիճելի եւ կառուցողական առաջարկին:
Այս անգամ մեր յօդուածին նպատակն է բնորոշել գիտակից որեւէ հայու՝ նորընտրելի իշխանութիւններուն ուղղռւած անսակարկելի միւս պահանջները, որպէսզի Յունիսի 7-ին քուէատուփին մօտեցող քաղաքացին արդարօրէն որոշէ իր քուէին արժանի խմբաւորումը:
Պահանջ 1: – Այո, խաղաղութիւն պէտք է տիրէ Հայաստանի տարածքին վրայ:
Առաջնահերթ է այս պահանջը որեւէ երկրի, մանաւանդ Հայաստանի համար: Կարեւոր է սակայն մատնանշել, թէ ներկայ եւ շուտով շրջանաւարտ իշխանութիւններուն հիմնական սխալը այն է, որ անոնք կ ուզեն համոզել թէ պէտք է այս պահանջը լրացնել մեկնելով բազմադարեան մեր թշնամիներուն նկատմամբ ամբողջական զինաթափութեան դիրքերէն, այսինքն «ի գին ամէն զիջողութեան»: Բացայայտօրէն անտրամաբանական եւ ազգաքանդ է այս՝ «մաֆիայի զոհի» դասական օրինակը հանդիսացող կեցուածքը, ուր այս վերջինը ի վերջոյ ամբողջովին անձնատուր եւ անզօր գերին կը դառնայ զինք յօշոտող անյագ մաֆիապետին: Այդպէս ալ է այսօր, անյագօրէն պահանջող Ատրպէյճանին եւ յաւերժօրէն տեղի տուող Հայաստանին փոխյարաբերութիւններուն անընդունելի վիճակը…:
Ակնյայտ իրականութիւնը այն է, թէ Հայաստանի առտու-գիշեր «Խաղաղութեան համաձայնագիր» ստորագրելու ջանքերուն հակառակ, Ատրպէյճանը ոչ իսկ դոյզն դրական պատասխան տուած է մինչեւ այսօր:
Ընդհակառակն, ան իր տարբեր խօսափողերով չի դադրիր համարձակիլ Սեւանը եւ Երեւանը Արեւմտեան Ատրպէյճան որակելէ: Իսկ անցեալ Օգոստոս 8-ի՝ առանց որեւէ երաշխիքի Թրամփի միջնորդութեամբ այլեւս հանրածանօթ՝ ուաշինկթընեան թատերական ներկայացման համազօր «Համաձայագիրը» կը մշարունակէ մնալ ճիշդ այդ մակարդակին վրայ:
Նորընտրուող իշխանութիւններէն կը պահանջուի հետապնդել եւ իրականացնել իսկական արդար եւ արժանապատիւ, երաշխիքներով եւ ինքնապաշտպանութեամբ ապահովուած, Հայաստանը տեւական խաղաղութեամբ օժտելու լուրջ աշխատանքը:
Պահանջ 2: Հայաստանի ներքին կեանքին մէջ պէտք է հաստատուի միջազգային մակարդակով մարդու խօսքի եւ իրաւունքներու ազատութեան եւ ռամկավարական սկզբունքներու բծախնդիր գործադրութեան անվիճելի դրութիւնը:
Ութ տարիներ առաջ, երբ «թաւշեայ յեղափոխութիւն» անուան տակ ձեւակերպուեցան այսօրուան իշխանութիւնները, անոնք ժամանակի մը համար վայելեցին համաժողովրդային համակրանք, որովհետեւ Հայաստանի ժողովուրդին կը խոստանային ճիշդ այդ սկզբունքները բծախնդրօրէն գործադրել: Այսօր, ութ տարիներ ետք, կացութիւնը ոչ թէ վերադարձած է նախորդ շրջանին տեղի ունեցող կարգ մը այլանդակութեանց, այլ նաեւ աւելին՝ հիմա Հայ ժողովուրդի դարաւոր սրբութիւնները ոտնակոխ ընելու անամօթ, հիւանդագին եւ կոպիտ գործելակերպն է որ կը տիրէ:
Առաւել եւս, ժողովուրդը ամէն օր ենթարկուած է արդարադատութեան եւ օրինական կարգ ու սարքի կամայական եւ քմահաճ գործադրութեան զզուելի գործելակերպին:
Սովորական երեւոյթ դարձած է իշխանութեան քմահաճ դրդումով, իրենց անհաճոյ նկատած որեւէ անհատ կամ խումբ «կալանաւորելու» եւ ամիսներով կալանքի տակ պահելու, յետոյ ազատ արձակելու, եւ յետոյ կրկին «կալանաւորելու» անհաւատալիօրէն քմահաճ գործելակերպը:
Եկեղեցական բարձրաստիճան հոգեւորականներ, իրենց բացառիկ բարերարութեամբ՝ յարգուած գործարարներ, կամ երիտասարդ համարձակ կարծիք յայտնող քաղաքացիներ, ամէն օր կ՛ենթարկուին այս կոպիտ, անքաղաքակիրթ, անընդունելի վերաբերմունքին:
Նորընտրուող իշխանութիւններէն կը պահանջուի անմիջապէս դադրեցնել այս դիկտատորական գործելակերպը եւ ազատ արձակել այս կարգի բոլոր «կալանաւորները»:
Պահանջ 3:- Վերահաստատել Հայ ժողովուրդին հոգեւոր եւ ազգային բոլոր սրբութիւններու նկատմամբ յարգանքն ու ակնածանքը: Այստեղ պէտք է յատուկ կարեւորութեամբ յիշուին հետեւեալ կարեւորագոյն ստորաբաժանումները:
ա.- Հայաստանեայց Առաքելական բազմադարեան Եկեղեցւոյ նկատմամբ կը պահանջուի վերահաստատել ամբողջական յարգանք: Նորընտրուած իշխանութիւնները պարտին անմիջապէս դադրեցնել ժամանակէ մը ի վեր ներկայ իշխանութեանց ՝ Հ.Ա. Եկեղեցւոյ հոգեւորականներուն, Մայր Աթոռ Ս.Էջմիածնայ եւ Ամենայն Հայոց ազգընտիր Հայրապետին նկատմամբ որդեգրած անօրէն վերաբերմունքը:
Անընդունելի է իշխանութեանց կողմէ որեւէ կերպով միջամուխ ըլլալ Հ.Ա.Ե. ներքին գործունէութեան: Սահմանադրականօրէն եւ դարաւոր մեր աւանդութեանց ոյժով հաստատուած այս անսակարկելի գործելակերպը պէտք է անմիջապէս որդեգրուի նոր իշխանութեանց կողմէ:
բ.- Ոչ մէկ հայկական իշխանութիւն կրնայ հրաժարիլ Ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան պարտականութենէն:
Հայոց Ցեղասպանութեան պահանջատիրութիւնը անսակարկելի եւ անփոփոխելի պարտականութիւնն է հայ պետականութիւնը ներկայացնող բոլոր ժամանակներու իշխանութեանց համար:
գ.- Յաւիտենական Արարատ լեռը անփոփոխելի եւ անսակարկելի պատմական խորհրդանիշն է Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին: Անոր հայկական աշխարհին հոգեկան պատկանելիութիւնը սակարկութեան առարկայ դարձնելը ամօթալի արարք մըն է պարզապէս: Կը պահանջուի Արարատը վերադարձնել իր պատուոյ տեղը ազգային խորհրդանիշներուն եւ սրտերուն մէջ:
դ.- «Արցախը մերն է» ըսաւ Հայ ժողովուրդը ամբողջ երեսուն տարիներ իր քաղաքական, գրական, կրթական եւ բոլոր այլ հարթակներուն վրայ: Անհաւատալի խեղճութեան դրսեւորում է, մեր դարաւոր պատմութեան մէջ արձանագրուած այս իրականութիւնը հարցականի տակ դնելը:
Գիտակցելով հանդերձ դժբախտաբար տակաւին ինքնապաշտպանութեան մեր այսօրուան տկարութեան, կարելի չէ վաճառքի հանել պատմական իրականութիւնները: Անձնատուութիւնը երբեք լուծում մը չէ… Նորընտիր իշխանութիւններէն կը պահանջուի իրատես ըլլալ ու երբեք չդաւաճանել մեր պատմութեան:
Պահանջ 4 եւ վերջինը:
Նորընտիր իշխանութիւններէն մեր վերջին պահանջը, որ նաեւ միւս բոլորին իրականացման անվիճելի հաւաստիքը կը ներկայացնէ, վերականգումն է Հայաստանի ինքնապաշտպանութեան ազդու եւ արդիական միջոցներուն, որպէս առաջնահերթութեանց մէջ առաջինը: Նախ շեշտենք, որ Հայաստանը ունի պահանջուած բոլոր միջոցները որպէսզի ինքնապաշտպանութեան իմաստով իր ռազմական կարողութիւնը հասցնէ արդիական բարձրագոյն մակարդակի: Այս մասին քանիցս մանրամասնօրէն գրած ըլլալով՝ աւելորդ կը գտնենք անգամ մը եւս այստեղ ներկայացնել այս իրականութիւնը առարկայական պատճառաբանուած տուեալներով հաստատող փաստարկումը:
Անհրաժեշտ է վճռականօրէն կրկնել, թէ առանց բարձրագոյն մակարդակով ինքնապաշտպանութիւն ապահովելու, մնացեալ՝ վերեւը մեր նշած բոլոր արդար պահանջներու իրականացումը կը մնայ իտէալիստական ռոմանթիք երազի մակարդակին վրայ:
Ալիեւին համար մեր Հայաստանը մինչեւ օրս իր «Արեւմտեան Ատրպէյճանն» է…: Իսկ Եւրոմիութեան կամ Թրամփի Ամերիկայի համար մեր բազմադարեան թանկագին հայրենիքը, պարզ, անցողակի հետաքրքրութեան նոյնքան ալ դիւրաւ մոռցուելիք մանրամասնութիւն մըն է ընդամէնը:
Պիտի եզրակացնե՛նք յստակ կերպով յայտարարելով, թէ Հայաստանի համապետական ընտրութիւններուն առնչութեամբ մենք յատուկ՝ ի սկզբանէ որեւէ թեկնածուի կամ քաղաքական խմբաւորումի նկատմամբ համակրանքով կամ հակակրանքով չենք ուզեր մօտենալ:
Սակայն անվիճելի իրականութիւն է, որ Հայ ժողովուրդի անշահախնդիր եւ գերազանցօրէն գիտակից մասին մեծամասնութեան համակրանքը եւ զօրավիգը ուղղուած է դէպի այն եզակի կամ յոգնակի թեկնածուին կամ խմբաւորումին, որ կը խոստանայ իր բոլոր միջոցներով ջանալ ապահովել այս յօդուածով բնորոշուած վերոյիշեալ անսակարկելի պահանջներուն իրագործումը:
Ի դէպ, ուշադրութեամբ կը հետեւինք հետզհետէ սաստկացող ներկայ ընտրարշաւին մէջ դրսեւորուող առարկայական զարգացումներուն: Արդէն իսկ ակնյայտ եւ տպաւորիչ են գլխաւոր խմբաւորումներէն՝ մանաւանդ Սամուէլ Կարապետյանի գլխաւորած եւ հսկայական հետեւողութիւն ապահռված՝ «Ուժեղ Հայաստանի» եւ բազմահազար մասակիցներով ծովածաւալ՝ ջահերթ գլխաւորած՝ «Հյայաստան Դաշինքի» վայելած ժողովրդականութիւնը: Անոնք նաեւ ակնյայտօրէն ջատագով են մեր վերեւը թուած «պահանջներուն» իրականացման:
Հետեւաբար այս պայմաններու տակ որոշապէս մաղթելի է, որ միւս խմբաւորումները եւս, եւ մանաւանդ ՔՊ-ական շարժման մէջ եւս, դուրս գան ողջմիտ հայրնեասիրութեան հետեւորդներու մեծ խումբեր եւ բոլորը միացնեն իրենց ոյժերը, որպէսզի նորընտիր իշխանութիւնները վայելեն ամբողջ հայ ժողովուրդին, ներառեալ ամբողջ Սփիւռքին զօրավիգը:
Դոկտ. ԱՐՇԱՒԻՐ ԿԷՕՆՃԵԱՆ
Պետական բարձրագոյն՝Member of the Order of Canada շքանշանակիր









