Երկուշաբթի, Հուլիսի 13, 2026
Ազգ
Wildberries
Wildberries-ը նվազեցնում է միջնորդավճարը այն վաճառողների համար, ովքեր ապահովում են արագ առաքում մինչև գնորդ
  • Նորություններ
    • Պաշտոնական
    • Տեղական
    • Միջազգային
    • Տնտեսական
    • Տարածաշրջանային
    • Սոցիալական
    • Մշակութային
    • Հոգևոր
    • Իրավունք
    • ՌԱԿ մամուլ
  • Վերլուծություն
    • Քաղաքականություն
    • Տնտեսական
    • Հրապարակախոսություն
  • Մշակույթ
    • Ազգային
    • Կերպարվեստ
    • ToTo
    • Երաժշտություն
      • Դասական
      • Պոպ
      • Ջազ
      • Ռոք
  • ՌԱԿ մամուլ
  • «ԱԶԳ» Շաբաթաթերթ
    • Հոդվածներ
    • Ազգ շաբաթաթերթ տպագիր
    • Տպագիր արխիվ 1991-2026
    • Արխիվ
  • Տեսադարան
  • Մամուլ
  • Մեր հեղինակները
Ոչինչ չի գտնվել
Տեսնել բոլոր արդյունքները
Ազգ
Ոչինչ չի գտնվել
Տեսնել բոլոր արդյունքները

ՊՈԼԻՍԸ ԵՒ ԴԱՐՁԵԱԼ ՊՈԼԻՍԸ

20/10/2017
- 20 Հոկտեմբերի, 2017, ԱԶԳ շաբաթաթերթ

Խմբագրական «Պայքար»ի

Հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներէն երկուքը կը գտնուին երկիրներու մէջ, որոնք հայութեան զանգուածի հակակշռէն հեռու կը մնան, հետեւաբար` խոցելի արտաքին ճնշումներու եւ տնօրինութեանց:

Այսօր մասնաւորաբար լուսարձակի տակ է Պոլսոյ պատրիարքական ընտրութիւնը, որ կը յետաձգուի ինը տարիներէ ի վեր, խռովեալ վիճակի մէջ պահելով համայնքը:

Հրանդ Տինք կը դաւանէր, որ Պոլիսը մաս չի կազմեր սփիւռքին. արդարեւ, ընդհանրացող տեսութիւն մը, որ կը հիմնուի պատմական այն իրողութեան վրայ, որ հայութիւնը կեանք մը ապրած էր, ժառանգութիւն մը կերտած էր նոյնիսկ Ֆաթիհ Սուլթան Մուհամմէտի կողմէ Պոլսոյ գրաւումէն (1453) իսկ առաջ: Սակայն Պոլիսը Հայաստան ալ չէ: Հետեւաբար մեր հաւաքական ժառանգութեան խարիսխներէն մէկն է, որ ատենին դարերով կառավարած է հայութեան ազգային, եկեղեցական ու քաղաքական գործերը: Այսօր հայութեան զանգուածը, ինչպէս նուիրապետական միւս աթոռները, պարտադրաբար օրինական ու վարչական կապ մը չունին Պոլսոյ պատրիարքութեան հետ, հետեւաբար անոնց իրաւասութենէն դուրս կը մնայ մասնակցելու եւ միջամտելու հնարաւորութիւնը: Այսուհանդերձ, հայութիւնը ամբողջ, իր ժառանգութեան իրաւունքով հետաքրքրուած է Պոլսոյ պատրիարքութեան եւ ընդհանրապէս պոլսահայութեան ճակատագրով:

Միւս կողմէ, Թուրքիան այսօր դարձած է տարածաշրջանային հզօր պետութիւն մը, եւ այդ իսկ բերումով, կը թուի թէ փոքրամասնութեան մը պատրիարքութիւնը իր պետական օրակարգին վրայ յետին աստիճան պիտի գրաւէր, սակայն, այդպէս չէ իրականութիւնը. թուրք պետութիւնը ամենէն մանրակրկիտ կերպով կը հետեւի այդ փոքրամասնութեան կեանքին ու կը հակակշռէ անոր հոգեւոր իշխանութեան կեդրոնը:

Այդ ուշադրութեան պատճառը այն է, որ 1923-ի Լոզանի դաշնագրով թուրք պետական իշխանութիւնները յանձնառու դարձած են միջազգային հասարակութեան դիմաց պաշտպանելու այդ փոքրամասնութեանց իրաւունքները: Տարբեր հարց որ 1940ական թուականներու վարլըք վերկիսիի (ունեւորութեան տուրք) կամ 1955-ի սեպտեմբեր 6-ի արարքներով եւ այլ միջոցներով բռնաբարած են դաշնագրին սկզբունքներն ու ոգին, սակայն, զգայուն ժամանակներուն, թուրք իշխանութիւնները խոհեմ կը նկատեն նոր բարդութիւններ չաւելցնել իրենց քաղաքական այլ հարցերուն վրայ:

Այս օրերուն, երբ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները գերլարուած վիճակ մը կը պարզեն Միացեալ Նահանգներու ու Եւրոպայի հետ, Անքարան աւելի ուշադիր կը մնայ իր միջազգային յանձնառութիւններուն վրայ:

Սփիւռքը եւ Հայաստանը օրինաւորապէս իրաւունք չունին միջամտելու Պոլսոյ պատրիարքական ընտրութեան փափուկ կացութեան, սակայն իրաւունքն ունին իրենց տեսակէտը պաշտպանելու եւ ի հարկին ձայն բարձրացնելու միջազգային քաղաքական հրապարակի վրայ, եթէ ոտնակոխուին եկեղեցւոյ եւ համայնքին իրաւունքները: Պատրիարքարանն ու համայնքը կը մնան որպէս պատանդ Թուրքիոյ մէջ:

Ինը տարիներու տուայտանքէն ետք չի լուծուիր Պոլսոյ պատրիարքութեան ընտրութեան հարցը, որովհետեւ, առաջին հերթին, թուրք իշխանութեանց համար ընդյատակեայ ձեւ մըն է համայնքը քայքայելու: Իսկ միւս պատճառը, զոր համարձակօրէն պէտք է ընդգծել, բազմաթիւ այլ գաղութներու նման ղեկավարութեան այլասերումն է: Շատ մը այլ գաղութներու նման պատեհապաշտ մարդիկ անցած են իշխանութեան լծակներուն գլուխը եւ իրենց վերջին մտահոգութիւնն է ազգին ծառայութիւնը: Մանաւանդ, երբ ոմանք ձեւազեղծուած ձեւով կ՛ընկալեն այդ պատասխանատուութիւնը:

ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱԳՆԱՊԸ` ԼՈՒՍԱՐՁԱԿԻ ՏԱԿ

Շատ մելան կը սպառի պոլսահայ մամուլին մէջ, ըսուելիքն ու չըսուելիքը հրապարակելու եւ համայնքը իրարանցումի մէջ պահելու տեսակէտէն. եւ որքան ալ մօտէն հետեւիք տեղւոյն հայկական մամուլին` դժուար թէ կարենաք ամբողջական պատկեր մը կազմել ընդհանուր կացութեան, մարդոց դիրքաւորումներուն եւ այդ դիրքաւորումներուն ետին գտնուող դրդապատճառներուն մասին: Օրինակ, պետութիւնը բռնագրաւուած համայնքային կալուածներ կը վերադարձնէ. համայնքէն առաջ որո՞նք կ՛օգտուին այդ կալուածներէն, որո՞նք են կապալառուները, շինարարները, ֆինանսագէտները, որոնք, օրինակ իրենց շահուն համար, պիտի նախընտրէին ապիկար կամ շահադէտ իշխանաւոր մը, որ նպաստէ իրենց առեւտրական շահերուն, որոնք կը թաքնուին համայնքի շահերու ետին:

Օրինակ, համայնքին մէջ գոյութիւն ունի զօրեղ դէմք մը յանձին պրն Պետրոս Շիրինօղլուի, որ նախագահն է Սուրբ Փրկիչ ազգային հիւանդանոցին եւ ՎԱՏԻՓի (վաքըֆներու խորհուրդ): Կ՛ըսուի թէ ան մտերիմ կապեր ունի իշխանութեանց եւ մասնաւորաբար նախագահ Էրտողանի հետ: Հարց է թէ ան որքանո՞վ կը ներկայացնէ համայնքին կարիքները իշխանութեանց եւ որքանո՞վ իր տեսակէտները կը պարզէ փոխան իրականութեանց` իշխանութեանց մօտ. եւ փոխադարձաբար, որքանո՞վ իր ցանկութիւնները կը պարզէ համայնքինՙ իբրեւ պետութեան ցուցումները: Բարացուցական վերաբերմուն մըն է նաեւ պրն Շիրինօղլուի համայնք կառավարելու ձեւը, երբ վեհանձնութեա՜մբ հարց կու տայ տարակարծիք ժողովականներու, թէ իր կատարած բարերարութեանց դիմաց ի՞նչ տուած են, որ հակաճառելու իրաւունք կ՛ուզեն: («Մարմարա», 13 սեպտ., 2017):

Հակառակ Արամ Աթէշեան Սրբազանի մեքենայութեանց, Կրօնական ժողովը յաջողած էր իբրեւ տեղապահ ընտրել Գերշ. Տ. Արամ արք. Պեքճեանը: Սակայն այդ ընտրութեամբ հանդերձ երկար ժամանակ առաւ որ Աթէշեան սրբազան համոզուի հրաժարիլ պատրիարքական փոխանորդի պաշտօնէն: Կարծէք թէ հարցերը լուծման փուլին մէջ մտած էին, եւ համայնքը քաջութիւնը ունեցաւ Պատրիարքական ընտրութեան նախաձեռնարկ մարմին մը կազմել, որ պիտի նախապատրաստէր ընտրութիւնը: Նախաձեռնարկ մարմինը դիմեց պետութեանՙ ընտրութեան թուական մը նշանակելու: Դիմումը կատարուած է Պոլսոյ կուսակալութեանՙ 9 օգոստոս, 2017-ին: Պետութեան մօտ կատարուած դիմումները պատասխան կը ստանան երկու ամսուան սպասումէ մը վերջ: Սակայն հոկտեմբեր 9-ին տակաւին պաշտօնական պատասխան չէր տրուած դիմումին: Սակայն, սպասման ժամանակին խառնակութիւններ արդէն ծայր էին տուած: Որքան մամուլը` նոյնքան նաեւ համայնքին իշխանաւորները լծուած էին անհատական գուշակութիւններու` մեկնաբանելով պետութեան ըսածն ու չըսածը:

Օրինակ, շշուկներ կը շրջին, որ Նախաձեռնարկ մարմնին մէջ գոյութիւն ունին անդամներ, որոնք հաճոյ չեն իշխանութեանց: Ո՞ւր եւ ե՞րբ իշխանութիւնները նման հարց պարզած են եւ որո՞նք են այդ անբաղձալիները:

Մեծ հարցական մըն է նաեւ, որ օգոստոս 30-ին, Յաղթանակի տօնակատարութեան, պատրիարքարանը բացառաբար հրաւէր չէ ստացած Անքարայէն. մեկնաբանութիւնը այն է, որ պետութիւնը համակիր չէ Պեքճեան Սրբազանին եւ այդ կերպով կ՛արտայայտէ իր վերաբերումը:

Մամուլը, ասէկոսէները, բամբասանքները աւելի կը պղտորեն կացութիւնըՙ քան իշխանութեանց լռութիւնը:

Պեքճեան Սրբազանի յաճախակի թռիչքները դէպի Ս. Էջմիածին, Մոսկուա, Գերմանիա, Մարսէյլ եւ այլուրՙ կարծէք թէ չեն սատարեր կացութեան կայունացման:

Այս իրարանցման մէջ կրակի վրայ իւղ թափելու բնոյթ ունեցաւ Խաժակ Պարսամեան Սրբազանի մեկնաբանութիւնը: Սրբազանը, հակառակ իր վայելած ժողովրդականութեան, թեկնածու չէ պատրիարքութեան, եւ ընդհանրապէս ալ չափազանց զգուշաւոր եւ բարեկիրթ վերաբերում ունի այլ թեկնածուներու նկատմամբ: Այսուհանդերձ, կ՛արժէ կարդալ մամլոյ հաղորդումները ստեղծուած փոթորիկին մասին: Այսպէս, «Մարմարա»ի 6 հոկտեմբեր, 2017-ի թիւին մէջ կը կարդանք. «Պէքճեան սրբազան յայտնեց իր սրտաբեկութիւնը: Իր սրտաբեկութեան գլխաւոր պատճառներէն մէկն ալ քանի մը օր առաջ «Ժամանակ»ի մէջ Ամերիկայի հայոց առաջնորդ Խաժակ Սրբազանին հետ կատարուած հարցազրոյցն էր, որուն մէջ իր կողմէ այնքան սիրւած ու գնահատուած Խաժակ Սրբազան շատ ծանր սխալներ կը վերագրէր կառավարութեան նկատմամբ գործուած զանցառումներու կապակցութեամբ ու գրեթէ կ՛առաջարկէր, որ Տեղապահը հրաժարի այս պաշտօնէն: Տեղապահ սրբազանը ըսաւ, որ շատ յուսախաբ եղած էր. իրենք սխալ բան մը չըրին, համայնքէն ներս քաօս ալ չկայ, ինչպէս ոմանք կը պնդեն, ընդհակառակըՙ կայ խաղաղութիւն մը, որ կ՛երեւի կ՛անհանգստացնէ կարգ մը մարդիկ: … այս ինը տարիներուն ընթացքին ալ ուշագրաւ է, որ որոշ այլասերում մը, նահանջ մը [ապրեցաւ համայնքը]» , ըսաւ Պէքճեան Սրաբազան:

Գուշակութիւնները եւ մեկնաբանութիւնները կը կրծեն մարդոց ջիղերը, եւ սպասումը աւելի անտանելի կը դարձնեն ամբողջ համայնքին համար:

Արդարութեան համար պէտք է անդրադառնանք նաեւ Խաժակ Սրբազանի յայտարարութեան, որ լոյս տեսած է «Ժամանակ» օրաթերթի 3 հոկտեմբեր, 2017-ի թիւին մէջ: Գրութեան ցնծագին վերնագիրը աւելի կը մատնէ խմբագիր Արա Գոչունեանի ցանկութիւնը, որ կոչուած կը թուի ըլլալ Խաժակ Սրբազանի արտայայտութեան մէջ: Տպաւորիչ գիրերով թերթը կ՛աւելցնէ «Նիւ Եորքէն կարեւոր եւ անանտեսելի յորդորներ»: Թերթը ապա տեղ կու տայ Խաժակ Սրբազանի յայտարարութեան, որ, շատ հաւանաբար խմբագրուած կերպով, կ՛ըսէ. «Տեղապահ Գարեգին Սրբազանը լաւ, սքանչելի հոգեւորական մըն է: Զինքը շատ կը սիրեմ ու կը յարգեմ: Բայց միւս կողմէ, պետութեան համար ընդունելի՞ է թէ` ոչ: Իր շարունակելը օգո՞ւտ կը բերէ, թէ ոչ տակնուվրայութիւնը, պառակտումը կը խորացնէ: Այս վիճակով կարծես թէ աւելի բաժան-բաժան կ՛ըլլայ համայնքը: Այժմ երեւոյթները ցոյց կու տան, որ յստակ է` թէ ինքը պետութեան համար ընդունելի չէ: Օգոստոս 30-ի հրաւէրին չհասնիլը անթաքոյց ազդանշան մըն է: Պէտք է ընդունիլ այս բանը: Պէտք է ընդունիլ եւ անհրաժեշտը պէտք է ընել ու պէտք է կեդրոնանալ հարցի լուծման վրայ. Գարեգին Սրբազան ազնիւ անձնաւորութիւն մըն է: Պէտք է օգնել իրեն` որպէսզի տեսնէ վիճակը եւ չմատնուի անընդունելի վիճակի: Հիմա բոլորը կը չարագործեն զինքը` իրենց շահերուն համար: Անցեալի մէջ ես ալ պաշտպանած եմ իր անունը, նոյնիսկ բարեխօսած եմ իր մասին զանազան հարթակներու վրայ: Գիտեմ, որ իր առաքելութիւնն է երթալ ընտրութեան, բայց այժմու վիճակով` դժուար» :

Ինչ կը վերաբերի պառակտումի հաւանականութեան` ճիշդ չի թուիր Սրբազանին մեկնութիւնը. ուրիշ ոեւէ թեկնածու անպայմանօրէն աւելի պիտի պառակտէ համայնքը: Միւս կողմէ, Խաժակ Սրբազան անպատասխանատու յայտարարութիւն մը պիտի չընէր. ան իրազեկ անձ մըն է եւ իր կատարած յայտարարութիւնը ճակատագրական կը թուի ըլլալ: Միեւնոյն մեկնաբանութիւնները, տարբեր ժողովներու, յայտնուծ էին Աթէշեան Սրբազանի եւ պրն Շիրինօղլուի կողմէ: Հարց է թէ այս բոլորը իրենց ցանկութիւննե՞րն են, թէ՞ պետական լռութեան մեկնաբանութիւններն ու արձագանգները: Յամենայնդէպս անոնք խաղաղութիւն չեն պարգեւեր համայնքին. ընդհակառակնՙ աւելի կը բորբոքեն զգացումները եւ կը խռովեն համայնքը:

Թրքական իշխանութեանց համար չկայ աւելի հաճելի երեւոյթ, քան տեսնել համայնք մը խռոված ինքն իր մէջ եւ կորսուած իր անելիքի ճամբուն վրայ:

Իրավիճակ մը, որ կը շարունակէ տագնապի մէջ պահել համայնքը. տագնապ` որուն արձագանգները կը հասնին հեռաւոր անկիւնները հայաշխարհին:

Նախորդ գրառումը

ՍԻՐԻ՛Ր ԵՐԵՒԱՆԸ

Հաջորդ գրառումը

4 ԿԵՏԻ ՓՈԽԱՐԵՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՏՆՏԵՍՈՒԹՅԱՆ ՄՐՑՈՒՆԱԿՈՒԹՅՈՒՆԸ ԲԱՐՁՐԱՑԵԼ Է 6 ԿԵՏՈՎ

Համանման Հոդվածներ

10 Հուլիսի, 2026

41-64-ի մոգությունը

10/07/2026
10 Հուլիսի, 2026

Եթե ճանաչումը «քաղաքական թատրոն չէ», ապա  Քնեսեթը որեւէ ճնշման չի ենթարկվի

10/07/2026
10 Հուլիսի, 2026

Իրանը ՆԱՏՕ-ի ուշադրության կենտրոնո՞ւմ

10/07/2026
10 Հուլիսի, 2026

Բոհջալյանի 26-րդ վեպը՝ «Դիլետանտը»

10/07/2026
Հաջորդ գրառումը

4 ԿԵՏԻ ՓՈԽԱՐԵՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՏՆՏԵՍՈՒԹՅԱՆ ՄՐՑՈՒՆԱԿՈՒԹՅՈՒՆԸ ԲԱՐՁՐԱՑԵԼ Է 6 ԿԵՏՈՎ

Լրահոս

Հիմա հատուցման ժամանակն է. ԱՄՆ Պաշտպանության նախարար

12/07/2026

Իրանն այս գիշեր մի շարք հարվածներ է հասցրել Մերձավոր Արևելքում գտնվող ամերիկյան թիրախներին։ ԱՄՆ-ը նոր հարվածների շարք է հասցրել Իրանի...

Եղվարդի խճուղում ծառն ընկել է մոպեդի վրա․ վարորդը տեղում մահացել է

12/07/2026

Հուլիսի 11-ին՝ ժամը 21։16-ին, ՆԳՆ 112 օպերատիվ կառավարման կենտրոն ահազանգ է ստացվել, որ Երևան քաղաքի Եղվարդի խճուղում ծառն ընկել է...

Մահացել է ամերիկացի հանրապետական սենատոր Լինդսի Գրեհեմը

12/07/2026

Մահացել է ամերիկացի հանրապետական սենատոր Լինդսի Գրեհեմը։ Այս մասին հայտարարություն է տարածել սենատորի գրասենկաը: Սենատորի գրասենյակի հաղորդագրության համաձայն՝ նա մահացել...

Ընդդիմադիր ուժերին ընտրողները զրպարտության համար դատի են տվել Փաշինյանին

11/07/2026

Ընդդիմության օգտին իբրև ընտրակաշառքով քվեարկելու մասին Նիկոլ Փաշինյանի հայտարարությունները վիրավորել են քաղաքացիներին․ վերջիններս հերթով դիմում են դատարան՝ պահանջելով հերքել զրպարտությունը...

Հարգելի դեսպաններ, այսօր դուք կանգնած եք բարոյական լուրջ ընտրության առջև՝ ում հետ եք համագործակցում և ում եք աջակցում Հայաստանում. Զարուհի Փոստանջյան

11/07/2026

ՀՀ-ում Ռուսաստանի Դաշնության դեսպան՝ պարոն Սերգեյ Կոպիրկինին ՀՀ-ում ԱՄՆ դեսպան՝ տիկին Քրիստինա Քվինին ՀՀ-ում Եվրոպական միության պատվիրակության ղեկավար՝ պարոն Վասիլիս...

CREATOR: gd-jpeg v1.0 (using IJG JPEG v62), quality = 90

Փաշիստական իշխանությունների կողմից ժողովրդի նկատմամբ իրականացվող ամենազզվելի բաներից մեկը թուրքերի և ադրբեջանցիների հանդեպ վախի մշտական գեներացումն է. Արման Աբովյան

11/07/2026

Վախն ու սարսափը սրանց համար դարձել են յուրաքանչյուր հայի անհատականությունն ու կամքը կոտրելու գործիք՝ փորձելով հայերին վերածել վախեցած, սարսափից դողացող...

Արխիվ

Հուլիսի 2026
Ե Ե Չ Հ Ու Շ Կ
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031  
« Հնս    
logo-white1
“Վահան Թեքեյան” Սոցիալ-Մշակութային Հիմնադրամ
Բոլոր իրավունքները պաշտպանված են։ Կայքի նյութերը տարածելիս հղումը կայքին պարտադիր է։

©2026 «ԱԶԳ» վերլուծական

Ոչինչ չի գտնվել
Տեսնել բոլոր արդյունքները
  • Նորություններ
    • Պաշտոնական
    • Տեղական
    • Միջազգային
    • Տնտեսական
    • Տարածաշրջանային
    • Սոցիալական
    • Մշակութային
    • Հոգևոր
    • Իրավունք
    • ՌԱԿ մամուլ
  • Վերլուծություն
    • Քաղաքականություն
    • Տնտեսական
    • Հրապարակախոսություն
  • Մշակույթ
    • Ազգային
    • Կերպարվեստ
    • ToTo
    • Երաժշտություն
      • Դասական
      • Պոպ
      • Ջազ
      • Ռոք
  • ՌԱԿ մամուլ
  • «ԱԶԳ» Շաբաթաթերթ
    • Հոդվածներ
    • Ազգ շաբաթաթերթ տպագիր
    • Տպագիր արխիվ 1991-2026
    • Արխիվ
  • Տեսադարան
  • Մամուլ
  • Մեր հեղինակները

© 2025 «ԱԶԳ» վերլուծական