Լեւոն Արք. Զէքիեան անուանեցաւ Պատուոյ անդամ Վենետիկի պատմական կարեւորագոյն հասաատութիւններէն «Սուրբ Մարկոսի Մեծ Դպրանոց»ին (Scuola Grande di San Marco): «Սքուոլա» կամ «Սքոլա»ները Վենետկեան Հասարակապետութեան մէջ աշխարհականներու եղբայրակցութիւններ էին, որոնցմէ եօթը հատը «մեծ» որակումը կը կրէին իրենց բացառիկ կարեւորութեամբ, եւ որ կը գործէին որպէս մշակութային, գեղարուեստական, արհեստաւորական ճեմարաններ կամ ակումբներ, միանգամայն որպէս ընկերային օժանդակութեան, գթասիրութեան եւ զօրակցութեան կեդրոններ՝ ուր հեղինակաւոր վարպետներու առաջնորդութեամբ կը դարբնուէին արուեստագէտներու, մտաւորական գործիչներու, կարեւոր արհեստաւորներու սերունդները: Այդ դպրանոցները էին միանգամայն, իրենց անդամներուն համար, կօնական եւ հոգեւոր կեանքի բովեր, իւչաքանրիւրը՝ իր յատուկ կանոնագրութեամբ: Գործնականին մէջ անոնք կերտեցին Վենետիկի համաշխարհային չափանիշով ակնառու եւ գագաթնադիր արուեստն ու մշակոյթը: 31 Յունուար Շաբաթ երեկոյեան, մասնաւոր հանդիսաւորութեամբ շնորհուեցաւ Տ Լեւոն Արք Զէքիեանին՝ «Սուրբ Մարկոսի Մեծ Դպրանոց»ի Պատուոյ անդամի տիտղոսը, Դպրանոցի «Աւագ Հսկիչ» (Guardian grando) Դոկտ Մարիոյ Փոյի կողմէ ի ներկայութեան դպրանոցի բազում անդամներու եւ բարեկամներու բազմութեան մը, որոնք կը լեցնէին՝ Կարօտեալներու Ս. Ղազար եկեղեցին (San Lazzaro dei Mendicanti): Այս առթիւ ինքը Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան մատուցանեց հանդիսաւոր Ս Պատարագ, մասնակցութեամբ Ս. Ղազարու Մխիթարեան Մայրավանքի Հայրերուն ու Եղբայրներուն եւ երգեցողութեամբ՝ Ս Մարկոսի Մայր տաճարի փոխ-խմբավար Մաէստրոյ Ճասթին Ռափաչիոլիի վարած երգչախումին: Ճասթին Ռափաչիոլի առաջին կինն է որ, եօթը հարիւր տարիներէ ի վեր, արժանի նկատուած է այս յոյժ պատուաբեր պաշտօնին: Իր քարոզին մէջ Գերպ. Զէքիեան անդրադարձաւ Վենետիկի եւ Հայութեան հազարամեայ կապերուն, որոնց պսակը եղած է Մխիթար Աբբահօր եւ իր Միաբանութեան վայելած բացառիկ հիւրընկալութիւնը Վենետիկի մէջ: Ան ընդգծեց՝ որ իրեն ընծայուած այս պատիւը ինք կը նկատէ որպէս ընծայուած Մխիթարի տան, որ եղած է իր հոգեւոր օրրանը, եւ Մխիթարի տան ընդմէջէն՝ համայն Հայութեան: Այս առթիւ, մասնաւոր հրաւէրով Վիեննայէն Վենետիկ ժամաներ էր յայտնի դուդուկահար Մաէստրոյ Արամ Իփէկճեան, որ Ս. Պատարագի սկսզբնաւորութեան եւ որոշ պահերուն դուդուկի հոգեպարար նուագը ընծայեց, կատարելով ի միջի այլոց, Տիեզերական Վարդապետ Ս. Գրիգոր Նարեկացիի «Հաւուն հաւուն»ը՝ մինչ Պատարագիչը կը կարդար նոյն Նարեկացիի հոգեբուխ աղօթքը Ս. Հոգւոյն ուղղուած, յատուկ՝ եպիսկոպոսական հանդիսադրութեան:
Վենետիկ, 1 Փետրուար 2026
ԴԻՒԱՆ ՊՈ-ԱՐԱՔՍ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ





