ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ, Ժընեւ-Պէյրութ, www.facebook.com/khachkar
2013 թուականին, լիբանանահայ նշանաւոր ոսկերչական «Եփրեմ» հաստատութիւնը նախաձեռնեց «Խաչքար» ոսկեայ ադամանդակուռ ապարանջանի ստեղծման… գլուխ-գործոց մը, որ կը հետապնդէ հայկական ազգային եւ բարեգործական վեհ նպատակներ:
9-րդ դարուն յայտնուած հայկական խաչքարերը մեծ նշանակութիւն ունին հայ ժողովուրդի եւ քրիստոնէութեան պատմութեան մէջ եւ այսպիսի ոսկերչական ստեղծագործութեան մարմնաւորումը պիտի դառնար աշխարհասփիւռ հայերու միաւորման եւ ազգային փառքի խորհրդանիշ: Անոր համար է որ «Խաչքար»ի որեւէ գնում, կը նպաստէ հայակական ժառանգութեան երկարակեցութեան, մանաւանդ որ վաճառքի 5 տոկոսը պիտի տրամադրուի հայկական դպրոցներու օգնութեան հիմնադրամին:
Որպէսզի այս ազգանուէր նախաձեռնութեան վրայ հայ եւ օտար գնորդներու ուշադրութիւնը սեւեռէ, «Եփրեմ» ոսկերչական տունը կապուեցաւ աշխարհահռչակ երգիչ, Զուիցերիոյ մօտ ՀՀ դեսպան Շառլ Ազնաւուրի հետ, որ ազնուօրէն հրաւիրեց լիբանանահայ հաստատութիւնըՙ հանդիպելու Ժընեւի մէջ:
Հայազգի նշանաւոր երգիչը, մեծ հայրենասէրն ու մարդասէրը հրճուանքով ընդունեց «Խաչքար»էն օրինակ մը հայկական նռան գինիի սրուակին հետ եւ խոստացաւ ամէն կարելի միջոցներով օժանդակել այս բարեսիրական ծրագրի յաջողութեանՙ օգնելու համար հայ ազգի դարբնոց-դպրոցներուն:
Հայկական Այբուբենով եւ ամերիկահայ անմահ գրող Ուիլիըմ Սարոյեանի խօսքերով, թանկագին քարերով պարուրուած հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութիւնն ու ոսկերչական արուեստը ներկայացնող «Խաչքար»ը միշտ պիտի զարդարէ մեծ հայորդի Շառլ Ազնաւուրին դաստակըՙ որպէս խորհրդանիշ Սփիւռք-Հայաստան միասնութեանՙ ի փառս հայ դպրոցին ու գիտութեան: