Վերջերս յաճախ կը լսուի պետական լրատուամիջոցներէն «Հայրենիքը պետութիւնն է» լոզունգը: Որո՞ւն չքնաղ գաղափառն է, չեմ գիտեր, սակայն երբ սկսաւ կրկնուիլ, հարցը լուրջի առի: Առանց խորը թափանցելու եւ հասկնալու, թէ ի՞նչ յետին միտք թաքնուած է այդ զոյգ մը բառերու ետին, մարդիկ կրնան անտարբերութեամբ անցնիլ անոր մօտէն, եւ նոյնիսկ կրնան նաեւ իւրացնել եւ օգտագործել հոս ու հոն:
Հայրենիքը՝ հայրենիք է, պետութիւնն ալ՝ պետութիւն: Ասոնք նոյն բաները չեն, նախ՝ հայրենիք կ՛ըլլայ, ապա անոր վրայ պետութիւն կը կառուցուի: Հայրենիքը անշարժ «գոյք» է, հողային տարածք, մինչ պետութիւնը այդ «գոյք»ին տէրը ըլլալու կոչուած հաստատութիւն մըն է. իշխելու, պահելու, զարգացնելու եւ անոր մէջ ապրողներուն բարօր կեանք մը ապահովելու. պետութիւնը շարժական է, անցողակի ու փոփոխական: (Եթէ պետութեան փոխարէն «պետականութիւն» ըսուէր, թերեւս աւելի իմաստ կ՛ունենար):
Այս լոզունգը հնարողին միտքը մաքուր չէ, լա՛ւ մտածեցէք, ըսել կ՛ուզէ՝ հայրենիք չկայ առանց պետութեան… Ընդ որում՝ աշխարհի բոլոր ժողովուրդները, որոնք հայրենիք ունէին անցեալին եւ հիմա կորսնցուցած են, այլեւս պարապ տեղը չպայքարին վերատիրանալու համար իրենց հայրենի հողին, նոյնն ալ մենք, այս գաղափարին զոհ կ՛երթայ մեր ամբողջ Արեւմտեան Հայաստանն ու Արցախը: Ունեցած ենք երկիր, ստեղծած ենք պետականութիւն՝ այլազան ազգերու հետ յարաբերութեան մէջ մտնելու եւ աշխարհի անկախ պետութիւններուն շարքին բոլորին հաւասար տեղ գրաւելու: Եթէ օր մը կորսնցնենք այդ պետութիւնը, պէտք է ընդունինք որ հայրենի՞ք կորսնցուցած ենք, եւ այլեւս զայն վերստին ազատագրելու մասին մտածելու չե՞նք: Այսինքն՝ պետութիւն չկայ, հայրենի՞ք ալ չկայ:
Ի՞նչ ըսել է «Հայրենիքը պետութիւնն է»: Պետութիւնը գաղափար է, միտք է, շօշափելի բան մը չէ, շօշափելին՝ այդ հողը պահել-պահպանելու համար կառոյցներ ստեղծելն է՝ կառավարութիւն, բանակ եւ անհրաժեշտ ստորոգելիները:
Մերինները այս գաղափարին ծնունդ տուողնե՞րն էին, թէ ոչ հիմա այդ ուղղութեամբ կը գործեն, քանի որ շատոնց մտահան ըրած են Արեւմտեան Հայաստանը, մտահան ըրած են եւ պահանջող ալ չեն: Է՛, ո՞ւր մնաց «Յիշում եմ ու պահանջում»-ը: Հիմա ալ մտահան ըրած են Արցախը, Հեքիաթային չար պառաւի գաւազանին մէկ հարուածով անիկա կար ու չկայ եղաւ: Հիմա չի խօսուիր այդ մասին, ո՞ւր գացին անոր նուիրուած երգերը, դասագիրքերը, գրականութիւնը, ֆիլմերը: Ո՞ւր են Արցախի ղեկավարները, որոնք ազերիական բանտերուն մէջ ո՛վ գիտէ ի՜նչ ահաւոր կացութեան մէջ են: Ցոյց կու տան նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը՝ վիզը ծուռ, ազերի զինուորի մը բազուկին տակ ճնշուած: Այդ մարդիկը ժամանակին երկրի ղեկավար էին: Իսկ մենք՝ իշխանութիւն եւ ժողովուրդ, ի՞նչ կ՛ընենք:
Ի՞նչ է, Արցախը ծանր բե՞ռ մըն էր, որ վրանէս թափեցինք ու ազատեցանք: Սովորական մահացողի պարագային հոգեհանգիստ կ՛ընեն, յուշ-երեկոյ կը կազմակերպուի, անոր նուիրուած երգերն ու բանաստեղծութիւնները, պարերն ու թատրերգութիւնները բեմերը կը զարդարեն:
Մարդիկը կը տուայտին թշնամիի բանտերուն մէջ, իսկ մատը շարժող չկայ: Ասոնք եթէ մեր մարդիկն էին եւ եթէ անարդար էր անոնց ազատազրկումը, պէտք չէ՞ր միջազգային դատարան դիմել, փաստաբաններու կազմով մը ներկայ ըլլալ անոնց դատավարութեան եւ պաշտպանել զիրենք: Մենք ինչո՞ւ տէր չենք կանգնիր անոնց, ինչո՞ւ թափեցինք այդ մարդիկը:
Քաղաքականութեան ոլորտներուն մէջ չեմ մտներ, սակայն որպէս հայ մարդ, հարցումները հանգիստ չեն ձգեր զիս: Եթէ անոնք «հայ փոլիթիքս»ի զոհեր են, քիչ մը բանանք փակագիծերը եւ բան մը հասկնանք: Ամօթ է մեզի, որ «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ» յայտարարեցինք, բայց ճիշդ հակառակը գործեցինք:
Շատ լաւ բան է կառավարութեան նիստերը ցուցադրելը. ժողովուրդը կը տեսնէ ու կ՛ուրախանայ, որ գաղտնի բան չկայ, ամէն ինչ բաց է ու թափանցիկ: Երեւոյթով այսպէս է, սակայն քուլիսներու մէջ անցած-դարձածները մարդ չի՛ տեսներ: Հանեցէք նայինք մեր պահանջատիրական էջերը դասագիրքերէն, փոխեցէք Սահմանադրութիւնը ու շարունակեցէք վճարել կասկածելի խաղաղութեան տուրքերը, բայց մինչեւ ե՞րբ:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ