Երբեմն բանի մը մէջ չես ուզեր մտնել, ի՛նքը քու մէջդ կը մտնէ ակամայ, ճիշդ հիւանդութեան պէս, յետոյ որքան ալ փորձես դուրս վանել զայն, չես յաջողիր: Այդպէս եղան քաղաքական հարցերը, որոնցմէ միշտ հեռու մնացած եմ, գլխացաւէ հեռու մնալու համար: Իմ ասպարէզս մշակոյթն է, արուեստները, մարդկային հոգեվիճակները, բարքերը, կենցաղը…
Սակայն, ներկայ իրավիճակին մէջ ապրիս եւ անհաղորդ մնաս շրջապատիդ անցուդարձերուն՝ անհնար է. քաղաքականութիւնը քաղցկեղի պէս տարածուած է ամէն տեղ, չկայ որեւէ ոլորտ, որ հեռու մնացած է քաղաքական իրադարձութիւններէն: Քաղաքականութիւնը մտած է տնտեսութեան մէջ, մտած է գեղարուեստական միջոցառումներուն մէջ, նոյնիսկ մարզական խաղերուն մէջ, ընդհուպ ողոմպիական խաղերուն, ֆութպոլի աշխարհի ախոյանութեան… զորն ասեմ, զորն թուեմ: Անկոչ հիւր, որուն դէմ դուռ փակել հնարաւոր չէ:
Այս յառաջաբանը ըրի, որպէսզի բացատրեմ, թէ ինչո՞ւ սկսած եմ յաճախ քաղաքական հարցերը նիւթ դարձնել ակնարկներուս: Թէեւ երկար տարիներ հարիւրաւոր ակնարկներ գրած եմ, որոնց մէջ զուարթախոհութիւնը (հումոր) անպակաս եղած է. այն ատեն Հալէպ կ՛ապրէի եւ բնաւ քաղաքականութեան հետ շփում չունէի, սակայն Հայաստան ապրիլ եւ զերծ մնալ քաղաքականութենէ, յատկապէս ազգային քաղաքականութենէ, անկարելի է:
Լրագրող եղիր եւ մի անդրադառնար, օրինակ, Իսրայէլի վայրագութիւններուն, անսանձ ոյժ մը, որ սանձահարելի չէ երբեք, երբ աջ ու ահեակ կրակ կը թափէ, Պաղեստին, Սուրիա, Լիբանան: Ուր ուզէ՝ կը ռմբակոծէ, յատկապէս իրանեան կէտերը Սուրիոյ մէջ, որոնցմէ վերջինը Դամասկլոսի իրանեան հիւպատոսարանի հրթիռակոծումն էր, որուն զոհ գացին իրանցի բարձրաստիճան զինուորականներ: Այսքան տարի է Իրան թշնամական սպառնալիքներ կը տեղացնէ Իսրայէլի վրայ, սակայն ցարդ ուղղակիօրէն ոչ մէկ փամփուշտ արձակած է անոր դէմ, մինչ Իսրայէլ անդադար կը հարուածէ զայն: Եթէ իրանաստեղծ Հըզպալլան սպառնալիք է, անո՛ր հետ հաշիւը թող մաքրէ, ո՛չ թէ Լիբանանի:
Մոռնանք Իսրայէլը: Կարելի՞ է չխօսիլ ռուս-ուքրայինական պատերազմին մասին, որ ամէն նախատեսութիւն գլեց անցաւ: Ի՞նչ ըսել է այս գիտութեան սլացքի դարուն,աւելի քան երկու տարի պատերազմիլ: Անշուշտ պատերազմը Ուքրաինայի դէմ ըլլալէն աւելի, Արեւմուտքի դէմ է, ինչպէս վերջերս յայտարարեց Պութինը թէ՝ ՆԱԹՕ-ի մօտենալը ռուսական սահմաններուն սպառնալիք է Ռուսիոյ, ասոր վերջը՞… Պատերազմը մէկ կողմէն լաւ է, քանի ահռելի չափով կուտակուած զէնքերը աղբանոց կ՛երթան, միայն թէ մարդկային զոհեր չըլլան ու քաղաքներ չքանդուին: ( ի՜նչ լաւատեսական փափաք է…)
«Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութիւնը, որ ատենը անգամ մը գլուխ կը ցցէ, իր զինեալ յարձակումներով կը զարմացնէ մարդոց, որոնք չեն հասկնար, թէ որո՞ւն կը ծառայէ այս կազմակերպութիւնը, որ խտրութիւն չի դներ իր յարձակումի կէտերուն միջեւ: Բոլոր պետութիւնները դէմ են անոր, բայց ո՞վ է անոր հովանաւորը: Նպատակն ալ յստակ չէ: Մոսկուայի գեղարուեստի Կրոկուս Սիթի կեդրոնին վրայ յարձակումը, ի՞նչ նպատակով էր, Իսթանպուլի մէջ դարձեալ յարձակում, չհասկցանք, չէ՞ որ Էրտողանը այս կազմակերպութեան խթանիչն է: Ինչո՛ւ Իսրայէլը զերծ է այս կազմակերպութեան յարձակումներէն… Ահա՛ քեզի կասկածայարոյց հարցում մը: Կարմիր ծովը վտանգաւոր անցուղի դարձաւ: Հութիները կը հրթիռակոծեն Իսրայէլին զէնք կրող նաւերը: Վնասը համաշխարհային է, իսկ կողքի պետութիւններն ալ, մասնաւորաբար Եգիպտոսը, կը կրեն այդ վնասը:
Ահա՛ այսպէս, ընթացիկ հարցերէն գլխաւորները յիշելով: Բայց ինչո՞ւ հեռուները երթանք ու չխօսինք մեր մասին: Անցեալ շաբաթ էր, որ ԵՄ-ԱՄՆ- ՀՀ սիրալիր հանդիպում մը ունեցան ու միջազգային լրատումիջոցներն ալ լայնօրէն արձագանգեցին: Արեւմուտքը գրկեց մեզ (Պարոնեան պիտի ըսէր «Ուրախ լեր, Պաղտասար աղբար»): Հիմա այլեւս «պաշտպան» ունինք. անտէր-անպաշտպան Հայաստանը Արեւմուտքի գիրկը նստաւ ու այլեւս ապահով է, վախ չունի թշնամի դրացիներէն, հիմա արդէն կրնանք Ալիեւին ջղայնացնելու համար ձեռքով-ոտքով ու ծամածռութիւններով ձեւեր ընել, լեզու հանել… թող ճաթի: Իսկ Պութի՞նը… Ան Ուքրաինայով զբաղած ըլլալուն՝ կրնայ առայժմ ձայն չհանել, բայց, յետո՞յ…
Կրնա՞յ ըլլալ որ մեր քաղաքի ծառահատումները քաղաքական նպատակ կը հետապնդեն… Ի՞նչ գիտնամ, Սաքուրաները ճափոնական բալենիներ են չէ՞…ասոր տա՞կն ալ բան մը կայ:
Չէ, քաղաքականութիւնը իմ գործս չէ: Ո՛չ երեւոյթները վերլուծել գիտեմ, ո՛չ ապագան կանխատեսել:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ