Ժամեր առաջ պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ Ազրպէյճանի մէջ գերեվարուած 32 հայորդիներու անունները, որոնք ըստ պայմանաւորուածութեան ազատ պիտի արձակուին Ազրպէյճանի կողմէ: Փոխարէնը Հայկական կողմը ազատ կ՛արձակէ երկու Ազրպէյճանցի զինուոր:
Յուրախութիւն մեզի, ազատագրուած հայորդիներու ցուցակին վրայ կայ Լիբանանահայ Վիգէն Աբրահամ Իւլճէքեանը, որ 2020ի Նոյեմբեր 9ին գերեվարուած էր Շուշիի մէջ ազերիներուն կողմէ, ապա Պաքու ուղարկուելով անարդարօրէն դատուած:
Մաղթելով, որ մեր հոգեհարազատ հայրենակիցները յառաջիկայ ժամերուն հասնին Հայաստան, սրտանց կը շնորհաւորենք հայրենիք վերադարձող գերեվարուած բոլոր հայորդիները, ի մասնաւորի Վիգէնն ու իր ընտանիքը, մաղթելով, որ թշնամիին մօտ գտնուող կամ իրենց ճակատագիրը տակաւին անյայտ բոլոր հայորդիները ողջ եւ առողջ վերադառնան իրենց ընտանեկան յարկերը:
«Զարթօնք», Լիբանան