«Բոլոր ճամբաները Հռոմ կը տանին». առածի կարգ անցած այս ծանօթ ասացուածքը պարզապէս խօսք կը կարծէի, մինչեւ որ աչքերովս տեսայ Հռոմ տանող սալարկուած ճամբաներէն մէկուն մնացորդը Հալէպէն ոչ շատ հեռու: Զարմացայ եւ ուրախացայ, քանի որ Հռոմէական ծաւալուն կայսրութեան բոլոր շրջանները Հռոմին կապող կարծր քարերով սալայատակուած ճամբաներէն մէկը անցած էր նաեւ Սուրիոյ հիւսիսէն: Այդ ճամբաները հեծեալներու, սայլերու եւ կառքերու համար այնքան դիմացկուն կառուցուած են, որ դիմացեր են դարեր ամբողջ ու հասեր մեր ժամանակներ:
Այո՛, բոլոր ճամբաները Հռոմ կը տանին, սակայն Երեւանի բոլոր ճամբաները Հանրապետութեան հրապարակ չեն տանիր, հակառակ որ փողոցները ասֆալթապատ են ու կը ծառայեն թէ՛ հետիոտն մարդոց, թէ՛ մեքենաներու, թէ հեծանիւներու եւ թէ՛ վերջերս լայն տարածում գտած scooter-ներու, որոնց նախատիպերը Նորգիւղի մեր թաղերուն մէջ այնքան ճարտարօրէն, մանկութեան մեր շինած ձեռակերտ «Պիլիա-արապա»-ներն էին:
Հա՛, ըսելիքս չմոռցած շարունակեմ. Ուրեմն, մեր երկրի «կայսրութեան» ամենաբանուկ փողոցները՝ Ամիրեան, Տիգրան ՄԵծ, Աբովեան, Նալպանտեան, Վ. Սարգսեան՝ ամբողջ երեք օր փակ մնացին մեքենաներուն եւ աւտոբուսներուն համար, քանի որ միթինկ կար, եւ ցուցարարները «Նիկոլ դաւաճան» կը վանկարկէին եւ իշխանափոխութիւն կը պահանջէին, քանի որ Արցախը 30 տարի անկախ մնալէ ետք, մէկ օրուան մէջ յանձնուեցաւ Ատրպէյճանին, 200 խաղաղ բնակիչ զոհաբերելով եւ 400 վիրաւոր արձանագրելով ու ժողովուրդն ալ տեղահան ընելով:
Մարդը զիջեցաւ, առէ՛ք, ալ մեզի հանգիստ ձգեցէք,- ըսաւ, կարծես իր պապուն մալն է եւ ուզածին պէս կ՛առնէ ալ, կու տայ ալ: Բարեկա՛մ, դուն Արցախը չազատագրեցիր, որ իրաւունք ունենաս անոր հետ ուզածիդ պէս վարուելու: Արցախը մեր հազարաւոր զինուորներու արիւնով ոռոգուած է, դուն մէկ կաթիլ արիւն թափա՞ծ ես Արցախին համար: Եթէ ստիպուած, պարտադրաբար պիտի ընէիր, նախ ժողովուրդին պիտի դիմէիր, անոր կարծիքը պիտի առնէիր: Հիմա արդէն սխալը սրբագրել անհնար է, հիմա այլեւս մենք պայմաններ դնելու վիճակի մէջ չենք, հիմա պայմանները թշնամին կը դնէ: Ան աշխարհին կ՛ուզէ ցոյց տալ, որ ինք է հողին տէրը, յաղթեց եւ բարութիւն ալ կրնայ ընել ու մարդասիրական օգնութիւններ ալ սկսաւ ուղարկել: Բայց ինչպէ՞ս կարելի է այսքան չարիքէ ետք, բարութեան դիմակ անցընել երեսին ու ամբողջ աշխարհին դիմաց կանգնիլ, որպէս իրաւատէր: Ըրածը բաւարար չնկատելով, երկիրը զինաթափ ընելով ու բնակչութեան ձեռքը գաղթականի ցուպ տալով, 400 հայ զինուորի ցանկ ներկայացուցած, անոնց իրեն յանձնումը կը պահանջէ, որպէսզի դատէ որպէս պատերազմի յանցագործներ: Քեզի ո՞վ տուաւ այդ ցանկը, անոնց անունները ուրկէ՞ հասան քեզի… Լրտեսներէ՞դ, տոլարներով գնած դաւաճաններէ՞դ:
Դուն կը յարձակիս, կը ռմբակոծես, կը հրթիռակոծես, կը բռնաբարես, կը սպանես, կը քանդես ու կ՛աւերես, մերինները հրապարակ կը վազեն ու ցոյց կ՛ընեն:
Ցուցարարներէն ոմանք կուսակցական են, շատերը՝ ոչ: Հայաստանի կուսակցութիւննները անթիւ-անհամար են. անոնք ալ ճամբաներ ունին, մէկունը՝ արահետ, միւսինը՝ պողոտայ, սակայն բոլոր այդ ճամբաներն ալ հրապարակ կը տանին, Երեւանի Հռոմը, սակայն միջնաբերդ չեն կրնար մտնել, քանի ան պաշտպանուած է բազմաշերտ, վահանակիր ոստիկաններով: Ցուցարարները կը խօսին, կը պոռան, կը կանչեն, եւ եթէ չափը քիչ մը անցընեն՝ կարմիր պերեթաւոր ոստիկանները անոնց մայրիկները կը լացնեն, մէկ անկարգի վրայ տասնըմէկ հոգի յարձակելով… Հիմա փակ փողոցները շատցան, «անհնազանդ» ցոյցերը կը շարունակուին, Նիկոլը անդրդուելի է:
Ամենացաւալի տեսարանը այս է, քու ոստիկանդ, քու պաշտպանդ տը ժիւրէ, մէկ վայրկեանի մէջ քու թշնամիդ կ՛ըլլայ տը ֆաքթօ, քանի որ մեր մօտ տեմոքրասի կայ եւ խօսքի ազատութիւն տը ժիւրէ, սակայն այստեղ ազատութիւնը սահման ունի տը ֆաքթօ:
Կ՛ուզէի այս թեմային մասին գրածիս քիչ մը հումոր խառնել, չեղաւ, չ ըլլար, պարտութեան բաժակը լեղի է, իսկ պարտադրաբար այդ բաժակը ըմպելը՝ մահացու: Թուրքիան ու Իսրայէլը կը շարունակեն գործնականօրէն զօրակցիլ թշնամիին, իսկ մեր ցաւին ու բողոքին որպէս պատասխան շարք մը արեւմտեան պետական դէմքերու «Կը դատապարտենք, անմեղ բնակչութեան չդպչիք, երկխօսութեամբ լուծեցէք…» եւ այլն՝ կրկնուած «պօշ լախըրթըները» փչոցէ մը, կամ բուքէ մը աւելի ազդեցութիւն չունին:
Մենք բարեկամ չունինք, նոյնիսկ՝ ներքին թշնամի ունինք, թշնամիէն աւելի թշնամի, որ կռուող արցախցիներուն 400-ին անունները հասցուցեր է թշնամիին: Սրիկային մէկը, ո՛վ որ ես, չեմ անիծեր քեզի, քանի որ հացկատակ սողունին երեսին թքնես, կ՛ըսէ՝ երեւի կ՛անձրեւէ:
Եւ այսպէս. բոլոր ճամբաները Հռոմ կը տանին, բացի մեր ճամբաներէն:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ