Ռ.Ա.Կ.-ի Համադրուած Մամուլ
Հայաստան-Ազրպէյճան համաձայնագիր ստորագրելու բանակցութեանց եւ Արցախի ժողովուրդին ինքնորշման իրաւունքին մասին
Տասնեակ ամիսներէ ի վեր Հայաստան-Ատրպէյճան «Խաղաղութեան Համաձայնագիր» ստորագրելու նպատակաւ Հայաստանի իշխանութեանց բարձրագոյն մակարդակով կատարած «բազմավեկտոր» բանակցութիւնները զգալիօրէն մեծ թափ ստացած են վերջին շրջանին:
Ուաշինկթընէն մինչեւ Մոսկուա եւ այդ քաղաքական հակոտնեայ երկու բեւեռներուն միջեւ, անցնելով Եւրոպայի Պրիւքսէլ, Փրակ եւ այլ քաղաքներէն, կատարուող երթեւեկը հասած է քաղաքական գլխապտոյտ պատճառող արագութեան մը, մանաւանդ երբ անկարելի դարձած է այդ հանդիպումներէն բխող յաջորդական յայտարարութեանց մէջ տեսնել նուազագոյնը՝ աստիճանաբար ձեւ առնող ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ մը ուրուագիծը:
Ընթացքին ի յայտ կու գան մտահոգիչ կեցուածքներ: Արդարեւ, մասնաւորապէս Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական գլխաւոր բանակցողները հանդիսացող՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի վերջին օրերու ելոյթներուն մէջ կան ընդհանրապէս հայ ժողովուրդին եւ ի մասնաւորի մեր տասնեակ տարիներու գոյութեան նպատակը (raison d՛etre) հանդիսացող հաւատամքին խորթ եւ անընդունելի արտայայտութիւններ:
Հայաստանի ներկայացուցիչներուն խիստ մտահոգիչ կեցուածքներուն մէջ անդադար կը շեշտուի թշնամի Ազրպէյճանի հետ այսպէս կոչուած «Խաղաղութեան Համաձայնագիր»ի մը իբր անյետաձգելի անհրաժեշտութիւնը, մինչդեռ կը բացակային կողմերու միջեւ արդար ու մնայուն խաղաղութեան մը համար անհրաժեշտ տարրական տուեալները, ներառեալ՝ ռազմական, քաղաքական եւ միջազգային երաշխիքները:
Աւելին, որ կ՛ալեկոծէ համայն հայութեան միտքն ու խիղճը, Նիկոլ Փաշինեանի այլեւս բացայայտ յայտարարութիւնն է այն մասին, թէ իր վարչակարգը կ՛ընդունի, որ ոչ միայն Արցախը մաս կը կազմէ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան, այլ նաեւ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան պատկանող ու անոր համար ռազմավարական կարեւորութիւն ունեցող սահմանամերձ գիւղեր ու տարածքներ:
Հայաստանի հանրապետութեան գլխաւոր ղեկավարի մը կողմէ արտայայտուած նման որեւէ գաղափար կամ միտում կը հակասէ.
Ա) Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան կայացման յենակէտ՝ 23.08.1990-ին Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդին կողմէ ստորագրուած Հռչակագրին բովանդակութեան շատ մը կէտերը, այսինքն՝ հարցական կը դարձնէ Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան գոյութեան հիմնակէտը:
Բ) Ժողովուրդներու ինքնորոշման մարդկային տարրական իրաւունքին վրայ հիմնուած եւ միջազգայնօրէն ընդունուած նորմերու համապատասխան՝ 10 Դեկտեմբեր 1991-ին կայացած Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին հանրաքուէին արդար արդիւնքը, որն է՝ Լեռնային Ղարաբաղը հռչակել անկախ եւ լիիրաւ հանրապետութիւն:
Գ) 1992-ին, յատենի ՌԱԿ խորհրդարանական խմբակցութեան նախաձեռնութեամբ Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի (խորհրդարան) մէջ ընդունուած այն օրէնքը, որ Հայաստանի որեւէ պաշտօնական մարմնի կամ պաշտօնեայի կ արգիլէ Լեռնային Ղարաբաղը (Արցախը) Ազրպէյճանի կազմին մէջ համարելը:
Վերջապէս, իր ճակատագրին եւ բարբարոս թշնամիին քմահաճոյքին ենթակայ կը ձգէ արդէն իսկ շրջափակումի ծանր պայմաններուն տակ քաջաբար գոյատեւող արցախահայութիւնն ու այնտեղ գոյատեւող ազգային մշակութային կոթողները:
Հիմնուելով վերոյիշեալներուն վրայ, ինչպէս հայրենաբնակ, այնպէս ալ աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդին մեծամասնութեան համար ընդհանրապէս, եւ ՌԱԿ-ի Համադրուած Մամուլի ներկայացուցիչներուս համար մասնաւորապէս, անընդունելի է, որ ընդամէնը քանի մը տարի առաջ եւ առ այդ ժողովրդային համակրանք ապահոված՝ «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ» հրապարակային յայտարարութեան հեղինակ վարչապետը, իր սկզբունքային այդ կեցուածքը այժմ փոխարինած է տրամագծօրէն հակառակ՝ «Արցախը մաս կը կազմէ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան»՝ հիմնովին սխալ, մորթապաշտ, պատեհապաշտ եւ դատապարտելի յայտարարութեամբ:
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Համադրուած Մամուլի ներկայացուցիչներս անվերապահօրէն կ՛ընդառաջենք Մայիս 22-ին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի կոչին եւ առ այդ մեր կարգին կոչ կ՛ուղղենք հայրենիքէն ներս թէ դուրս ապրող համայն հայութեան եւ ազգային կառոյցներուն, ինչպէս նաեւ Հայ ժողովուրդին ու Հայաստանին բարեկամ բոլոր երկիրներուն, իրենց զօրակցութեան ձայնը լսելի դարձնել եւ գործնական միջամտութիւն բանեցնել յօգուտ հերոսական Արցախի Հանրապետութեան ու ժողովուրդին եւ դէմ դնել Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանները խախտելու միտող ամէն նկրտումի կամ պարտուողական կեցուածքի:
Կեցցէ՛ Հայ Ժողովուրդը:
Կեցցե՛ն Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան անձեռնմխելի սահմանները:
Կեցցէ՛ Ազատ եւ անկախ Արցախը:
Կեցցէ՛ Ամբողջական ՀԱՅԱՍՏԱՆի մեր տեսլականն ու նպատակակէտը:
Ռ.Ա.Կ.-ի Համադրուած Մամուլի Խմբագիրներու Խորհուրդ
25.05.2023