Կրօնը ի՞նչ դեր ունի քաղաքականութեան մէջ, կամ, արդեօ՞ք անհրաժեշտ է երկրի մը համար կրօնական թեքում կամ դաւանանք ունենալն ու պահելը, նոյնիսկ երկրի սահմանադրութեամբ:
Երկիրներ կան, ուր կրօնք եւ պետութիւն անջատ իշխանութիւններ են, իսկ կան նաեւ երկիրներ, որոնք ուղղակիօրէն նուիրագործած են իրենց դաւանանքը, ինչպէս իսլամական կարգ մը երկիրներ՝ «Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւն»… ուր նախագահն իսկ կրօնաւոր է, կամ եւրոպական կարգ մը երկիրներու պարագային, ինչպէս ժամանակին Կիպրոսի նախագահը արքեպիսկոպոս մըն էր (Մակարիոս), կամ երկիրներ, որոնք Քրիստոնեայ կոչումով կուսակցութիւններ ունին, կամ արդէն քրիստոնէութիւնը հռչակած են իրենց դրօշներուն վրայի խաչով, կամ խաչերով, ինչպէս Վրաստանը:
Երկիրներ ալ կան, յանուն տեմոքրասիի, որոնք «լայիք» են, կրօնական իւրայատուկ թեքում մը ունին, սակայն իրենց քաղաքականութեան մէջ չեն ներառներ կրօնքը, կամ դաւանանքը: ինչպէս ներկայիս Միացեալ Թագաւորութիւնը՝ Անգլիոյ վարչապետը իսլամ է, Սկովտիա եւ այլ վայրեր իսլամ քաղաքապետեր ունին, նաեւ այլ իսլամ քաղաքացիներ, որոնք բարձրաստիճան դիրքերու վրայ են: Երեւի որեւէ կրօնի հետեւող անձ, քանի օրինաւոր քաղաքացի է, կրնայ մասնակցիլ ընտրութեանց եւ իշխանութեան գլուխ գալ (բայց, անշուշտ արքունական ընտանիքը ոչ ընտրութեան ենթակայ է, ոչ ալ կը փոխարինուի): Մտահոգուողներ կ՛ըսեն՝ եթէ Միացեալ Թագաւորութիւնը այսպէս անտարբեր շարունակէ, օր մը իսլամները կրնան տիրել ամբողջ երկրին ու պետութեան:
Լիպիայի խողխողեալ նախագահ Կատտաֆին ըսած էր ժամանակին, թէ օրին մէկը իսլամները առանց պատերազմի պիտի տիրեն Եւրոպայի, յետագային նոյնը կրկնեց Էրտողանը: Ճիշդ կրնայ ըլլալ, երեք պատճառներով՝ նախ իսլամին բազմազաւակութիւնը, երկրորդ անոնց անդադար գաղթը դէպի եւրոպական երկիրներ, եւ երրորդ՝ իրենց գաղթած երկիրներուն իշխանութեանց անտարբերութիւնն ու անհոգութիւնը:
Լիբանանը իւրայատուկ վիճակ ունի, քանի բազմադաւան ժողովուրդ ունի, որ համերաշխ ապրելու համար գտած է կառավարման ձեւ մը (որ ցարդ կը շարունակուի, սակայն, չես գիտեր մինչեւ երբ). իշխանութեան երեք գլուխները բաժնուած են երեք դաւանանքներու միջեւ, նախագահը՝ մարոնիթ քրիստոնեայ, Խորհրդարանի նախագահը՝ շիի իսլամ, իսկ վարչապետը՝ սուննի իսլամ:
Կրօնը ժողովուրդը միաւորող ազդակ չէ՞, ազդա՛կ է, ինչքան ալ գաղափարախօսութիւնը դեր կատարէ, նոյնքան եւ, գուցէ աւելի, կրօնը դեր կը կատարէ, մասնաւորաբար աւանդապաշտ երկիրներու մէջ: Շատեր կը կարծեն, թէ կրօնամոլութիւնը յետամնաց երկիրներու յատուկ է, սակայն ի՞նչ կը կարծէք Իսրայէլի պարագային, միաւորող ազդա՞կ է, թէ՞ ոչ: Հապա՞ Թուրքիան, Փաքիստանը, Աֆղանիստանը… Հապա՞ հարաւամերիկեան երկիրները, որոնք «Լատին Ամերիկայի երկիրներ» կը կոչուին, քանի լատինականութիւն կը դաւանին:
Գանք մեր հայրենիքին. ի՞նչ է վիճակը այստեղ, կրօնքը տեղ ունի՞ քաղաքականութեան մէջ, երբ վերջին 5 տարիներուն համարեա խզուած է իշխանութեան կապը եկեղեցւոյ հետ… Առաջին քրիստոնեայ ազգն ենք ըսելով կը հպարտանանք այսպէ՞ս, Ապրիլ 24-ին Ծիծեռնակաբերդ պետական այրերն ու Մայր եկեղեցիի այրերը անջատ-անջատ կը բարձրանան… Ո՞ւր է տեղը քրիստոնէութեան, երբ անկախութենէն ետքի նախագահներէն երկուքը՝ Ռ. Քոչարեանն ու այս նորը՝ Վ. Խաչատուրեանը չեն խաչակնքեր (հասկնալի է, թողոքական չեն) չեն խաչակնքեր, քանի որ քրիստոնեայ չեն. ի՞նչ են, չեմ գիտեր: Մեր բանակին մէջ կայ կրօնաւոր զինուորներու ջոկատ մը, բացառիկ տպաւորիչ, կան խաչակիր զինուորներ, ճակատ մեկնելէ առաջ օրհնութիւն ու հաղորդութիւն ստացող:
Միւս կողմէ, երկրին մէջ կան հեթանոսներ, արեւապաշտներ, սատանայապաշտներ, Եհովայի վկաներ ու այլ աղանդներ: Այս փոքր երկիրը իր այս տարատեսակ խայտաբղետութեամբ երբեւիցէ միասնական կրնա՞յ ըլլալ:
Չկարծուի թէ ես իտէալական կրօնամոլ մըն եմ, բնաւ երբեք, սակայն այս յառաջացած տարիքիս գիտեմ լաւը վատէն զանազանել:
Եթէ կ՛ուզէք կարծիքս, մեր սահմանադրութեան մէջ յիշուելու է, որ երկրին նախագահը հայ քրիստոնեայ ըլլալու է, որպէսզի օրին մէկը եւրոպականացման, ժողովրդավարութեան ու սանձարձակ ազատութեան սիրոյն Հայաստանի այլադաւան քաղաքացի մը չհասնի նախագահական աթոռին: Եթէ Եւրոպայի հոգը չէ, մեր հոգն է. Հայաստանը Հայ քրիստոնեայո՛վ պիտի կառավարուի:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ