Սուրիոյ վիճակը երթալով աւելի կը բարդանայ. բարդութեան հետ տեսադաշտը աւելի կը պղտորի, իսկ այս երկուքին զուգահեռ եղածը ընկալել, ըմբռնելն ու վերլուծելը գրեթէ անհնար կը դառնայ:
Ես վստահ եմ, որ ոչ միայն մեզի նման շարքային քաղաքացիներն են, որ բան չեն հասկնար անցած-դարձածէն, այլեւ նոյնիսկ այս պատերազմը ծրագրողներն ու գործադրողները իրենք ալ բան չեն հասկնար, որովհետեւ հարցը շատոնց իրենց ձեռքէն ելած է: Անոնք կը նմանին հռոմէական կրկէսներուն մէջ արշաւող ձիակառքերուն, որոնք իրենց խելայեղ վազքին մէջ կատղած, չեն սանձահարուիր, կ՛արշաւեն անկաշկանդ, վազքուղիէն դուրս գալով, ամէն ինչ տրորելով. ոչ կ՛ազդուին իրենց տէրերուն մտրակի հարուածներէն, ոչ ալ իրենց նպատակակէտը կը տեսնեն յստակ: Ու այս խելացնոր վազքը կանգ չ՛առներ, մինչեւ չտապալի ու չքանդուի ամէն ինչ, ու վերջն ալ շնչասպառ գետին փռուին ե՛ւ տէրերը ե՛ւ ձիերը ու հանդիսատեսներն ալ հեռանան կրկէսէն զզուանքով, եթէ անշուշտ հանդիսատես մնայ կրկէսին մէջ:
Երկուշաբթի օրուան ռմբահարումները 200 գազի տակառիկներով բեռնուած հրասանդներուվ, Սեպիլի շրջանին մէջ, մահ ու աւեր սփռեցին դարձեալ. 30 զոհ, որոնց 10-էն աւելին երեխաներ, եւ աւելի քան 100 վիրաւոր…
Չեմ հասկնար վրիժառութեան այս սադայէլական ձեւը. բանակին դէմ կռուելու փոխարէն, անմեղ, անզէն քաղաքացիներ կոտորածի ենթարկելը ո՞ր տրամաբանութեամբ, կամ ո՞ր պատերազմական թաքթիքի արդիւնք է. սակայն, հայաստանցիներուն ըսածին պէսՙ «Ի՞նչ ես կորցրել, ի՞նչ ես ման գալի»… ի՞նչ տրամաբանութեան մասին կը խօսինք. Այս պատերազմին պատճառով շատ մը բառեր իմաստազրկուեցան ու սնամէջ դարձան մարդկայնութիւն, խիղճ, տրամաբանութիւն, յանցանք, մեղք, խաղաղութիւն…
Արաբական ծոցի երկիր մը, որ այս մութ ուժերուն կազմակերպիչներէն ու ֆինանսաւորողներէն մէկը կը նկատուի, հեռատեսիլի իր կայանէն յստակ կերպով յայտարարեց, որ ԻՍԻՍ-ի ղեկավարը հրեայ գործակալ մըն է, մարզուած ու պատրաստուած Իսրայէլի կողմէ, արաբական աշխարհը տակն ու վրայ ընելու համար…
Մարդոց շատոնց գիտցածը որպէս նորութիւն հաղորդելը այս պարագային միամտութիւն չէ, այլ այդ յայտարարութիւնը մեղսակից-կազմակերպիչին կողմէ հաղորդուիլն է: Ինքզինք անմեղ ձեւացնելու համա՞ր է այս հնարամտութիւնը, թէ՞ տակը ինչ-որ նորութիւն մը կայ: Չենթադրե՞լ, որ քարը նետողը սկսաւ վախնալ, որ նետած քարը իր գլխուն պիտի իյնայ:
Չարութիւնը անսանձ կ՛արշաւէ, իր ետին աւերակներ, գերեզմաններ, որբերու ու այրիներու բանակներ ձգելով: Ո՞վ պիտի կասեցնէ այս խօլարշաւ գնացքը. ո՞ր բանակը, ո՞ր դատարանը, ո՞ր ուժը: Ու մարդիկ յուսահատած ամէն ինչէՙ միակ փրկութեան աղբիւրինՙ Աստուծոյ կը դիմեն…
Սարոյանը պիտի ըսէր. «Հէյ, ո՞վ կայ այնտեղ»…