ՌԱԿ Ամերիկայի եւ Քանատայի Արեւելեան Շրջանային Վարչութիւն, Պոստոն, 28 Յունիս 2015
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Ամերիկայի եւ Քանատայի Արեւելեան Շրջանային վարչութիւնը խոր մտահոգութեամբ կը հետեւի շաբաթէ մը ի վեր Հայաստանի մէջ ընդհանրապէս եւ յատկապէս Բաղրամեան պողոտայի շուրջ ստեղծուած ժողովրդային շարունակական ցոյցերով ստեղծուած լուրջ կացութեան, եւ ներկայ կոչով կը դիմէ բոլորին, Հայաստանի իշխանութեան եւ բողոքող հասարակութեանՙ դիւրացնելու համապատասխան պայմաններու ստեղծումը, որպէսզի ճամբայ բացուի դէպի երկխօսութիւն եւ իրատես լուծումներու որոնում:
Սփիւռքի մերՙ դուրսէն դիտողի դիրքերէն մենք մեզ իրաւասու չենք սեպեր յատուկ լուծումներ առաջարկելու: Սակայն յայտնի է, թէ այսօրուան այս վիճակը հետեւանքն է տնտեսական եւ քաղաքական տարբեր խնդիրներու, ժամանակի ընթացքին անլոյծ մնացած հարցերու, բնակչութեան մէջ կուտակուած մէկէ աւելի դժգոհութեանց: Անհրաժեշտ կը նկատենք, որ իշխանութիւնները ամէն ջանք կատարեն այդպիսի հարցերու կապակցութեամբ վստահութիւն ներշնչող բարեկարգման քայլերը շտապեցնելու եւ զանոնք իրականացնելու: Նոյնպէս կոչ կ՛ուղղենք բողոքող զանգուածին չկարծրացնել իր կեցուածքը ընտրութեամբ իշխանութեան դիրքի վրայ գտնուող համակարգին նկատմամբ, որպէսզի դէպի լուծում առաջնորդող ճանապարհները երկուստեք մնան բացՙ դէպի իսկական բարօրութիւն մեր հայրենիքին:
Ամէն պարագաներու մէջ, խստիւ դատապարտելի կը նկատենք որեւէ տեսակի բիրտ ուժի եւ միջոցառումներու գործածութիւնը:
Ի վերջոյ, Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի փառահեղ նշումներէն ետք եւ ընթացքին, երբ Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդը ապահովեցին համաշխարհային դրական դիրք մը, այսօրուան տագնապալի երեւոյթները ծանրօրէն կը վնասեն դժուարութեամբ վաստկուած այդ դիրքին:
Հայաստանի իշխանութիւնները եւ ժողովուրդը պարտին ամէն ջանք կատարել, որպէսզի դէպի բարեկարգում ճամբաները գործածուին եւ մնան բաց, եւ միւս կողմէՙ որպէսզի մեր թշնամիները չօգտուին մեր իսկ ձեռքերով ստեղծուած ազգային դիմադրականութեան տկարացումէն: