Դիմատետրի մէջ խօսուն լուսանկար մը ուշադրութիւնս գրաւեց. Քուպայի երկարամեայ ղեկավար Ֆիտէլ Քասթրոն դեռ 1973-ին ըսած է. «ԱՄՆ մեզի հետ կը խօսի, երբ կ՛ունենայ սեւամորթ նախագահ, իսկ աշխարհն ալՙ լատինամերիկացի Պապ մը»…
Այսօր, յիսուն տարի խզուած յարաբերութիւններէ ետք, վերականգնեցան ԱՄՆ եւ Քուպա յարաբերութիւնները եւ երկու երկիրներուն մէջ վերաբացուեցան դեսպանատուները:
Քասթրոն գուշա՞կ էր, պայծառատե՞ս. Ինչպէ՞ս կռահեց գալիքը. թէ՞ քաղաքական հոտառութիւն ունէր. սակայն 50 տարի ետք ըլալիքի՞ մասին. անհաւատալի է.:
Դիմատետրի այս լուրը իսկակա՞ն է, թէ՞ շինծու, չեմ գիտեր, սակայն մէկ բան յստակ է, որ քաղաքական իրադարձութիւնները յաճախ կ՛անխատեսուած են ոչ անպայման Լիբանանի «անուանի գուշակներու» կողմէ, այլ քաղաքագէտ-վերլուծաբաններու կողմէ:
Այսպէս կոչուած «Արաբական գարուն»ի պայթումին առաջին իսկ օրէն՛ շատ շատեր ըսին, որ արաբական միւս երկիրներուն չի նմանիր Սուրիան, մի փորձէք ներգրաւել զայն պատերազմի մէջ: Նոյնը պատահեցաւ Իրանի աթոմակայանի կապակցութեամբ:
Որքան փորձեցին արմատախիլ ընել Սուրիոյ իշխանութիւնը, պատմութեան մէջ նմանը չտեսնուած արեւմտեան ու արաբական բազմաթիւ պետութիւններու հրահրած պատերազմով, բազմատեսակ ահաբեկչական խմբաւորումներու յարձակումներով, երկիրը քար ու քանդ ընելով ու բազմահազար զոհերով: Ահա արդէն պատերազմի հինգերորդ տարուան կիսուն, պատերազմը նիւթողներու հաշիւները սխալ դուրս եկան. իշխանութիւնը ցնցումներու ենթարկուեցաւ, բայց մնաց: Այսօր թշնամացած պետութիւններու մօտեցումը փոխուած է ու Սուրիոյ իշխանութեան հետ լեզու գտնելու համար միջնորդներու կը դիմուի, կամ ուղղակի բանակցութիւններ կը վարուին խզուած յարաբերութիւնները վերականգնելու համար:
Որքան երկար տեւեցին Արեւմուտք-Իրան հակամարտութիւնները, սպառնալիքներն ու բանակցությունները, աթոմային ծրագիրները կասեցնելու համար: Վերջապէս Իրանը յաղթեց ու արեւմուտքը տեղի տուաւ, եւ համաձայնագիր ստորագրուեցաւ:
Ճիշդ է, որ քաղաքականութեան մէջ անակնկալներ միշտ կ՛ըլլան, աշխարհը յղի է աննախատեսելի իրադարձութիւններով, սակայն այս բոլորը պատահականութեան արդիւնք չեն: Մէկ ամսուան մէջ երկու մեծ իրադարձութիւնՙ ԱՄՆ-Քուպա յարաբերութիւններու վերականգնում եւ ԱՄՆ-Իրան փոխզիջում-համաձայնութիւն: Ասոնք մէկ օրուան ծնունդ չեն, երկար ճամբայ կտրած են մինչեւ հոս հասնիլը, սակայն մինչեւ համաձայնութիւն, տարատեսակ բոլոր ցնցումներուն հնարաւո՞ր էր ի սկզբանէ առաջքը առնել… Քաղաքական-ռազմական եւ այլ կանխատեսումներու ու հաշիւներու սխա՞լ էր, թէ՞ հետեւանքը գիտէին ի սկզբանէ, բայց…բայց աշխարհի մէջ եթէ խաղաղութիւն տիրէ, ինչո՞վ պէտք է «կերակրել» լրատուամիջոցներըՙ հեռատեսիլ, թերթ, ռատիօ: Ո՞ւր թափել զինագործարաններու արտադրութիւնները:
Վստահ եմ, քաղաքական ցնցումներ նիւթողները, շատ լաւ գիտնալով հետեւանքն ու արդիւնքը, իրենց ծրագիրներուն, աւելի կարեւոր եւ շահաւէտ կը նկատեն ընթացքը, մինչեւ աւարտ, քանի որ այդտեղ է իրենց իսկական շահը:
Կը սխալի՞մ արդեօք: