Ընտանիք մը եւս գնաց, հեռացաւ Հայաստանէն: Արցունքոտ աչքերով գրկախառնուեցան զիրենք ճամբու դնելու եկած ընկեր-ընկերուհիներու հետ ու բարձրացան օդանաւ:
Մնացողները գլխիկոր վերադարձան: Բան մը եւս փլաւ իրենց մէջ. այս քանի՞երորդն է:
«Չէ՞ որ երբ Հալէպէն ճամբայ ելանք, Պէյրութի ճամբով դէպի Հայաստան, ինչեր կը ծրագրէինք, ինչ պտոյտներ, Գառնի, Գեղարդ, Սեւան… Օփերա, թատրոններ, Երգի ու պարի համոյթ, թանգարաններ, Հանրապետութեան հրապարակ, լոյս, լուսաւոր, լոյսի ծով… Յոգնած էինք անլոյս, անջուր ան… Հալէպի վիճակէն, երթանք ու վայելենք…
Եկանք, առաջին ամիսը հոս-հոն վազեցինք, հոյակապ է, խենթենալիք է, դրախտ է: Յաջորդ ամիսներուն մեր ախորժակները սեղմեցինք, սղութիւն է ամէն կողմ, դրամը ջուրի պէս կ՛երթայ, մասնաւորաբար եթէ սուրիական լիրան տոլարի սակագինով հաշուես: Օթոնիս ծախեցինք, 300-էն մանրեցինք, եկուր ալ դիմացիր: Հոս-հոն դիմեցինք, գործ չգտանք: Հալէպ, որ հիմա բարեսիրական կեդրոն դարձած է, նպաստ ստանալու չդիմեցինքՙ տեսնողներէն ամչնալով, հոսՙ ստիպուած սկսանք մտածել այդ մասին:
Այս վիճակով տարի մըն ալ եթէ մնանք, լրիւ պիտի սնանկանանք: Ի՞նչ ընենք, Աստուած իմ, ետ վերադառնալ չ՛ըլլար, Հալէպի վիճակը դեռ նոյնն է ու աւելի գէշ. ուրիշ լուծում չկայ, երթանք Քանատա: Քանատա՞…
Սկիզբը խորթ թուեցաւ այս միտքը, յետոյ կամաց-կամաց սկսանք փայփայել Քանատայի հետ կապուած երազները, կապուեցանք այնտեղի ծանօթներու հետ, քաջալերեցին, որոշեցինք, ինչ ընենք, մնաք բարով:»
Երթաք բարով: Գացին Պէյրութ, այնտեղէն Քանատա երթալու համար:
Հայաստա՛ն, զգացի՞ր ինչ պատահեցաւ, բան մը շարժեցա՞ւ մէջդ. բան մը շարժա՞ծ էր մէջդ, երբ հարիւր հազարներ լքեցին քեզ ու գացին, ո՜ւր մնաց սուրիացի ապաստանեալներուն հեռանալը զգաս:
Ներողութիւն, խօսքս քեզի չէ, Հայաստան, դուն մեղք չունիս, խօսքս քու իշխանաւորներուդ է, քաղաքական կամ կրօնական իշխանաւորներուդ, որոնք մեր անցեալի փառքը վերապրեցնել կը փորձեն խօսքով, շքեղանքով, պաստառներով, ռեստորաններով, երգ ու պարով եւ մասամբ նոցին, բայց ոչ ժողովուրդին տիրութիւն ընելով:
Ազատ երկիր է, կ՛երթան, կուգան, ազատ են. ինչպէս նաեւ ազատ են որեւէ աղանդի հետեւելու, կամ միասեռականութիւնը հրապարակելու: Եւրոպական կենսաձեւին պիտի յարմարին, անոնց ձեւածը պիտի հագնին, առանց մտածելու, թէ հագուստը կը յարմարի՞, լայն ու թափթփած չէ՞, նեղ ու կաշկանդող չէ՞: Կարեւոր չէ, կարեւորը ազատութեան կեղեւներով զարդարուիլն է, յետոյ միջուկին անցնելու մասին կը մտածեն, բանը բանէն անցնելէ ետք:
Որոշում կայացնելու մակարդակի վրայ գտնուող մարդի՛կ, բան մը ըրէք, երկիրը փրկեցէք սնանկանալէ: Մարդ արարածը երբ որ տարօրինակ կերպով, արագ-արագ սկսի նիհարնալ ու հիւծուիլ, բժիշկի կը դիմէ, դեղ ու դարմանի կը դիմէ: Հայաստանը սկսած է հիւծուիլ, դեղ ու դարման չկա՞յ: