Խորհրդային Միութիւնը երբ իր թեւերուն տակ առաւ 15 հանրապետութիւնները, անոնց բազմատասնեակ ազգութիւններով, առանց տարբերութիւն դնելու անոնց միջեւ, բոլորին հետ վարուեցաւ միեւնոյն ձեւով, բոլորին վրայ տարածելով իր կարմիր դրօշը, նպատակ ունենալով անոնց բոլորն ալ ներկել նոյն գոյնով:
Այդ հաւաքը կը նմանէր հնահաւաքի մօտ կուտակուած առարկաներու, որոնց մէջ կային շատ արժէքաւոր իրեր, նաեւ շատ անարժէք իրեր: Հնահաւաքը վարպետօրէն ճանչնալով լաւն ու վատը՝ գիտէր զատորոշել եւ իւրաքանչիւրին իր արժէքին համեմատ գին որոշել: Սակայն Սովետ «հաւաքարարը» թացն ու չորը միատեղ գնահատեց եւ անոնց հետ հաւասար ձեւով վարուեցաւ, բոլորին ալ տուաւ առիթ զարգանալու եւ իր հովանաւորութեամբ զանոնք փայլեցուց:
Խորհրդային վարչակարգի այս հաւասար վերաբերմունքը անհաւասար պետութիւններու եւ ազգերու հետ, տեսականօրէն շատ ծափահարելի իրագործում է, սակայն իմ կարծիքով անարդարութիւն է: Ըսեմ ինչու.
Ազգութիւններ, որոնք արդէն ունէին բազմադարեան պատմութիւն եւ մշակոյթ, որոնք ունէին գիր եւ գրականութիւն, ճարտարապետութիւն, երաժշտութիւն, մանրանկարչութիւն, սովետական մամլիչին տակ դարձան հաւասար այն ազգերուն, որոնք տգիտութեան մէջ կը լողային, որոնք ոջիլներու մէջ կ՛ապրէին, որոնք մաքրութիւնն ու լոգանքը ինչ է, չէին գիտեր, որոնց գործը միայն անասնաբուծութիւնն էր ու ասպատակումը, ասոր անոր ունեցուածքը թալանելը:
Ու այդ յետամնաց ազգերը մէկ օրէն միւսը դարձան «քաղաքակիրթ», ունեցան թատրոն, օփերա ու պալէ, ունեցան գիտութիւն ու ակադեմիա եւ սկսան փայլեցնել իրենց անցեալի ոջլոտ պատմութիւնը սուտ ու կեղծ փաստարկներով, որովհետեւ ամէն մարդ գիտէր, թէ անոնց զարգացումը հիմք չունի, գաւազանը ձեռքին խիստ ուսուցիչի մը թեւին տակ զօրով սորված են, ուր ինքնեկ ատեղծագործութիւն չկայ ու անարմատ բոյսի նման երկար չեն կրնար ապրիլ: Ասոր ալ ելքը գտան այդ ազգերը, երբ հարստացան իրենց հողին տակ թաղուած բարիքները դուրս հանելով ու անկախացումէն ետք այդ հարստութեամբ ալ զինուեցան ամենաարդիական զէնքերով, պարզապէս իրենց դատարկ անցեալը լիցքաւորելու դրամական ու զինական ոյժով:
Հիմա այս ազգերը, յատկապէս անոնց ամենակասկածելի անցեալովը, ասպարէզ կը կարդան ամենաամուր հիմքեր ունեցող երկրին, ամենահարուստ մշակոյթ ունեցող ժողովուրդին:
Եղա՞ւ, ասիկա արդարութի՞ւն է: Այո՛, դարու մը մէջ, ուր բանականութեան ոյժին փոխարէն ոյժի՛ բանականութիւնը կը տիրապետէ: Եւ ամենացաւալին ալ՝ ձեռնածալ աշխարհն է:
Ռուսիան՝ Սովետ Միութեան հովանիին տակ ուզեց բոլոր բաղկացուցիչ տարրերը զարգացնել, որպէսզի ամրանան իր յենարան սիւները, որպէսզի ամրանայ Միութիւնը: Չբաւարարուեցաւ այսքանով, պարտադրեց որ եղբայրանան ազգերը՝ յետագայ ոտնձգութիւնները կանխելու համար: Եւ երգեցինք «Եղբայր դարձան Հայաստան-Ատրպէյճան…»: Ի՞նչ եղբայր, ինչպէ՞ս կարելի է ցորենն ու որոմը միասին խառնել անապակ հաց պատրաստելու համար. ինչպէ՞ս կարելի է ցեղական գամփռը ամուսնացնել գիշատիչ բորենիին հետ: Չեղաւ. չ՛ըլլար, չի բռներ: Թերեւս երեւոյթով այո, սակայն իրականութեան մէջ չի յաջողիր:
Հիմա մարդիկ նստած հին օրերը կը յիշեն, Սովետին բարիքները կը յիշեն, յաճախ կը հայհոյեն, կը դատապարտեն, սակայն այս իմ մատնանշածիս չեն անդրադառնար: Տեսանք, չէ՞, ինչպէս քաղաքակրթութեան կեղծ պատմուճանը պատռեց իրենց «հերոսն» ու կացինահարեց մեր անմեղ սպան: Էութիւնը չի փոխուիր, այդպէս ծնած են, այդպէս դրոշմուած է իրենց ծիներուն մէջ վայրագ, գազանաբարոյ, թալանող: Կարիք չկայ վերադառնալու ջարդի օրերուն Սասունի, Ատանայի, Կիլիկիոյ, Սումգայիթի, Արցախի… բոլորն ալ նոյն արիւնոտ ստորագրութիւնը կը կրեն:
Հիմա, մեր երկիրը պարտուած, ստորացած, նուաստացած, անել կացութեան մատնուած՝ հաշտութիւն կը փնտռէ դահիճին հետ: «Ո՜վ մարդկային արդարութիւն», պիտի գոռար Սիամանթոն, բայց նոյնիսկ թուքի արժանի չեն:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ