ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Այն պահէն սկսեալ, երբ Տ. Սահակ եպս. Մաշալեանը կը ներկայացնէր իր «անսպասելի» համարուած հրաժարականը, Պոլսոյ մէջ «ներքին լարուածութիւն»ը կը շարունակուի: Կրօնական Ժողովի ատենապետը, որ անցնող տարիներուն Սուրբ Էջմիածինէն Պոլիս կը վերադառնար, կը դառնար Պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդ Արամ Աթեշեան սրբազանին «գլխաւոր» նեցուկը: Համայնքի կեանքին մէջ ներկայութիւն ունեցող անհատներ եւ միութիւններ (Միտք հարթակ) ամիսներէ ի վեր կը պահանջէին Արամ Սրբազանի հրաժարականը, բայց անոնց պահանջներու եւ բողոքի «ալիք»ը կը զառնուէր Գում Գաբուի Պատրիարքարանի «ամուր պատեր»ուն եւ կը չքանար:
Աթեշեանի դէմ բարձրացած ալիքը պայմանաւորուած չէր անցեալ տարի Թուրքիոյ նախագահին ուղղուած եւ Պունտեսթակի հայանպաստ որոշումը դատապարտող նամակով, այլ «շան գլուխ»ը թաղուած էր այլ տեղ:
Եթէ պահ մը ընդունինք, որ Աթեշեանի այդ արարքը «կը պատռէր» իր դէմքը սփիւռքի մէջ եւ Հայաստանի բնակչութեան լայն շերտերուն մօտ, ապա անոր դէմ առկայ բողոքները կապ ունէին համայնքէն ներս Պատրիարքարանի դերի անկումին եւ բոլոր ճակատներուն վրայ անոր հեղինակազրկումին հետ:
Խումբ մը պոլսահայեր, օրեր առաջ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ Կաթողիկոսին բաց նամակ մը գրելով կը բարձրաձայնէինՙ «Վեհափառ Տէր, Պատրիարքարանըՙ խնդիրներու լուծման վայրն է, ինք դարձած է խնդրայարոյց: Հոգեւորականները չեն յաջողած դիմադրել, դարձած են գործուած սխալներու մեղսակիցներ: Իբր հետեւանքՙ համայնքին կապը տկարացած է իր եկեղեցւոյ նկատմամբ: Ընտրեալ հովիւէ զուրկ, եկեղեցւոյ համայնքը օրըստօրէ կը տկարանայ ու կը հալի: Ի վերջոյ համբերութիւնը հատածՙ մարդիկ սկսած են պատրիարքարանի դրան առջեւ բողոքի ցոյցեր կատարել»:
Նոյն առումով եւ ըստ համայնքի «ներքին խոհանոց»ին մօտիկ եղող մէկէ աւելի պատասխանատուներու Սահակ Սրբազանի հրաժարումով ընթացք առած գործընթացը այսօր դարձած է անկասելի:
Եւ այդ ընդհանուր շրջագծին մէջ պէտք է տեղադրել անցեալ շաբաթ Պատրիարքարանի յարկին տակ բաւական լարուած մթնոլորտի մը մէջ եղած (որուն ընթացքին տեղի ունեցած է բանակռիւ եւ ոստիկանութիւնը մէկէ աւելի առիթներով «կարգի հրաւիրած է» «գրգռութիւն» ստեղծող ազգայինները) խառն ժողովը (ի ներկայութեան համայնքի կրօնաւոր եւ աշխարհիկ դասուն), որու աւարտին «հակամարտող» կողմերը կը յաջողէին «ճանապարհային քարտէզ» մը մշակել եւ այն իբրեւ «համաձայնութեան փրոթոքոլ» հրապարկել:
Այդ «վաւերթուղթին համաձայն եւ արագ կարգադրութիւններու հիմամբ, համայնքը իր նոր պատրիարքը պիտի ընտրէր յառաջիկայ մայիսին: Բայց այդ թուղթին մէջ մեր եկեղեցւոյ կանոնադրական տրամադրութիւններուն հակասող կէտերու առկայութեան պատճառով , այս անգամ Մայր աթոռը շատ դիպուկ ակնարկութեամբ մը կը դիմէր երկու սրբազան հայրերուն եւ զանոնք Սուրբ Էջմիածին հրաւիրելով «կը սառեցնէր» այդ վաւերաթուղթին գործադրութիւնը:
Այս օրերուն Պոլսոյ աթոռի հարցով բաւական «բանուկ» դարձած Մայր աթոռի մօտիկ աղբիւրներուն համայձայն, ներկայ պահուն քննարկման սեղանին դրուելիք գլխաւոր հարցը Արամ Աթեշեանի պաշտօնէն հրաժարական տալու հարցն է:
Չի բացառուիր նաեւ, որ Ս. Էջմիածինը յառաջիկայ ընտրութեան նկատմամբ ունի իր «նախասիրութիւն»ը, բայց տուեալ պահուն խնդիրը «անուններու խաղ»ը չէ:
Մայր աթոռը իր պատմական առաքելութեան տէր ըլլալով կրնայ երկու կարեւոր յստակեցում կատարել.
Ա. Լուծել Աթեշեանի հրաժարական տալու հարցը:
Բ. Ընդհանուր թելադրանքներ կատարել բոլոր չորս թեկնածու սրբազաններուն, թէ այս հանգրուանին ինչ կարողութիւններով պատրիարքի մը կարիքն ունի Պոլսոյ պատմական աթոռը:
Այս բոլորին զուգահեռ կայ նաեւ ընտրութեան հետ կապուած արտաքին այլ գործօններու հաշուարկը, որուն լոյսին տակ կարելի պիտի ըլլայ ընտրել Պոլսոյ պատրիարքական աթոռի յարմարագոյն թեկնածուն:
Այլ գործօններու մասին խօսելով, պէտք է նոյնպէս նկատի ունենալ Անգարայի դերը, որուն նախագահը անցեալ ամիս իր նստավայրէն ներս ընդունած էր համայնքի «ազդեցիկ» ներկայացուցիչ համարուող Պետրոս Շիրինօղլուն:
Շատերու համաձայն, Էրտողանի կողմէ Արամ Աթեշեանը չընդունուելու փաստին մէջ ալ կան որոշ «պատգամ»ներ, սակայն տակաւին յստակ չէ, որ Անգարայի համար ո՛րն է «պահանջուած» թեկնածուն:
Նոյն առումով եւ խօսելով, Սահակ սրբազան Մաշալեանի վերջին օրերու առանցքային դարձած դերին մասին, պէտք չէ անտես առնել, որ նոյնիսկ կանոնադրական խախտումները ընդունելու վերաբերեալ անոր «համաձայնութիւն»ը պէտք է համարել Թուրքիոյ իշխանութիւններուն շուրջ «թեւածող» համայնքի ունեւոր դասին ուղղուած կարեւոր նշան մը:
Թէ ինչ հունով առաջ պիտի ընթանան զարգացումները, պարզ պիտի դառնայ յառաջիկայ օրերուն Մայր աթոռի միացնող յարկին տակ բանակցութիւններու աւարտին, կարեւոր յայտարարութեամբ մը:
Այս բոլորով մէկտեղ պէտք է անպայման հաշուի առնել, որ հակառակ Հայաստան-Թուրքիա կապերու չգոյութեան, երեւելի դարձած է, որ Գում Գաբուի եւ Անգարայի ընդհանուր «թէժ գիծ»ին մէջ կարեւոր եւ հիմնարար դեր ունի Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինը: