20 ապրիլին լիբանանեան մէկէ աւելի լրատուական կայքեր տեղեկութիւն փոխանցեցին մայրաքաղաք Պէյրութին կից հայահոծ ՊուրՃ Համուտի ծովեզերեայ շրջանին մէջ եղած «պայթում»ի մը մասին: Դէպքէն օրեր անց Լեռնալիբանանի Ժտէյտէ շրջանի դատարանը կը քննէր աղբանոցը փակելու վերաբերեալ ներկայացուած առաջարկը եւ որոշում կը կայացնէր դիմումի ճակատագրին մասին վերջնական վճիռ արձակել 18 մայիսին: Իրօք ի՞նչ էր տեղի ունեցած պայթումը եւ ինչքանով վտանգաւոր կարելի է համարել զայն: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին հետեւանքով (1975-1990) եղած բաժանումին հետեւանքով (Արեւելեան կամ «քրիստոնէական» եւ Արեւմտեան կամ «իսլամական» «Պէյրութ»ներ) իւրաքանչիւր շրջանի քաղաքացիական խնդիրները լուծող կողմերը ստիպուած կ՛ըլլային «դարման» մը գտնել նաեւ Պէյրութի մէջ հաւաքուող աղբի հարցին: Այսպէս, մինչ արեւմտեան Պէյրութի բնակիչները «կը ստեղծէին» Նորմանտիի աղբանոցը, անդին քրիստոնեայ Պէյրութի բնակիչները Պուրճ Համուտի ծովեզերեայ շրջանը կ՛ընտրէին որպէս արեւելեան Պէյրութի գլխաւոր աղբակայան: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի աւարտով հանրային հարց կը դառնար աղբակայանները փակելու հարցը: Պուրճ Համուտի բնակիչներուն համար կենսոլորտային բաւական բարդ պայմաններ ստեղծած աղբանոցը կը փակուէր 1996-ին, սակայն հոն կուտակուած աղբը չէր հանուեր եւ շրջանին համար կը դառնար «կենսոլորտային բեռ»: Կլիմայական պայմաններու բերումով աղբանոցը կը ստանար «աղբալերան» մը տեսքը, որուն վերացման մասին կը ներկայացուէին տասնեակ առաջարկներ:
Բողոքի ալիքներով, ցոյցերով, Պուրճ Համուտի գլխաւոր մայրուղին փակելու փորձերով շրջանի բնակչութիւնը կը հասնէր իր նպատակին, սակայն ոչ ոք կրնար պատկերացնել, որ փակուելէն 20 տարի ետք աղբանոցը դարձեալ պիտի վերաբացուէր: Հիմա Պուրճ Համուտի բնակիչներուն առջեւ ցցուած է ոչ միայն «աղբալերան» հարցը, այլ նաեւ այդ շրջանին մերձ եղող «նոր» աղբանոցի մը գոյութիւնը:
Պէյրութահայ Գառնիկ Ասֆահանիի (Գասպարեան) կարծիքով, «այսօր օրական կտրուածքով հազար հարիւր թոն աղբ կը բերուի Պուրճ Համուտի աղբանոց, եւ վիճակը դարձած է անտանելի: Աղբանոցէն արձակուած քարշահոտը անտանելի է, տակաւին չեմ խօսիր այն մասին, որ ամրան շրջանին վիճակը աւելի պիտի վատթարանայ»: Ասֆահանի նաեւ կը պատմէ, որ կառավարութեան որոշման հիմքով աղբանոցը հիմնովին պիտի մաքրուի եւ ծրագիրը պիտի իրականցուի չորս տարուան ընթացքին: Սակայն խնդիրը միայն այդ չէ: Ասֆահանին կ՛ըսէ. «Կառավարութեան որոշումով երկու ամիս ետք Պէյրութի օդակայանին մօտ եղող Քոսթա Պրավա անունով յայտնի աղբանոցը պիտի փակուի եւ այդ պարագային օրական կտրուածքով Պուրճ Համուտի աղբանոց պիտի բերուի շուրջ 4 հազար թոն աղբ: Ինչքանով արդար է այդքան աղբ մէկ շրջանի մէջ «տեղաւորել»: Այս բոլորէն զատ` անորոշ է աղբը պարարատացուցիչի կամ պիտանի այլ նիւթերու վերածող գործարաններ հիմելու ծրագիրը, որ մեծ հարցականներու առիթ կը ստեղծէ:
Ո՞վ է օգտուողը այս բոլորէն եւ ո՞ւր են Պուրճ Համուտ հայահոծ շրջանի պատասխանատու մարմինները` գլխավորութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի:
Մեր յիշողութեան մէջ տակաւին թարմ է, երբ 2015 թուականին Լիբանանի մէջ կը ծագէր «աղբի տագնապ»ը, որուն հետեւանքով մայրաքաղաք Պէյրութը կը դառնար «աղբախեղդ»: Խնդրին «կարկտանային» լուծում մը բերելու հիմքով նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամի կառավարութիւնը որոշում կը կայացնէր այլ երեք աղբակայաններու կողքին վերաբանալ նաեւ Պուրճ Համուտի աղբանոցը: Այդ որոշման հիմքով էր նաեւ, որ պէյրութցիք կը ձերբազատուէին մայրաքաղաքի գլխաւոր փողոցները լեցուած հազարաւոր թոններու հասնող աղբէն ու այդ աղբի թունաւոր արտանետումներէն: Հարցը սակայն կտրական լուծումներու չէր յանգած:
Վերադառնալով «աղբալերան» մէջ պատահած «պայթում»ին, ապա ըստ «Ալ Ախպար» արաբական պարբերականին, այդ «փոքր պայթում»ը պէտք էր համարել նախանշան տարիներէ ի վեր կուտակուած «աղբալերան» վիճակի վտանգաւորութեան: Պարբերականը, որ իր տեղեկութիւնները ստացած էր Հասան Պազզիէն, որ կենսոլորտի հարցերով զբաղուող փաստաբան է, կը գրէ, որ պայթումը արդիւնք է թունաւոր «միթէյն» կազանիւթի արտանետումներու կուտակումին:
Թերթը կը նշէ, որ նոր կառավարութեան կազմութենէն ի վեր երկրի կենսոլորտի նախարար Թարէք ալ Խաթիպ մինչեւ այս պահը չէ այցելած Պուրճ Համուտի աղբանոցի շրջան` մօտէն ծանօթանալու հոն տիրող իրավիճակին, նշելով նաեւ, որ փաստաբան Պազզիի կողքին երկու այլ փաստաբաններ պետական մարմիններուն մօտ դատական հայց ներկայացուցած են պահանջելով «Խուրի շինարարութեան ընկերութիւն»էն դադրեցնելու իր աշխատանքները, որովհետեւ ըստ փաստաբաններուն` ընկերութիւնը չի յարգեր այն պայմանները, որ պէտք է կիրարկուին խուսափելու համար կենսոլորտային աղէտէ մը: Կը նշուէր, որ նոյն ընկերութիւնը աւելի վաղ 109 միլիոն տոլարի դիմաց շահած էր «աղբալերան» վերացման աշխատանքները կատարելու մրցոյթը: Այս փաստարկները ներկայացնելէ ետք յստակ է, որ դատական գործընթացներու մէջ «մխրճուած» այս խնդիրը տակաւին շատ «ջուր կը վերցնէ»: Մտահոգիչը այն է, որ շրջանին մէջ մեծագոյն տուժողը պարզ քաղաքացին է, որուն համար այդ թունաւոր կազերը դարձած են «ամէնօրեայ սպառնալիք»: Տակաւին չենք խօսիր Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութեան հրապարակած տեղեղագիրներուն մասին, ուր յստակ աճ արձանագրած է Պուրճ Համուտի եւ շրջակայ շրջաններուն մէջ քաղցկեղէ տառապողներուն թիւը: Պուրճ Համուտի «աղբալերան» մօտ գործող աղբանոցը օրական կտրուածքով աւելի քան 1000 թոն աղբ կընդունի եւ այդ որոշումը կը գործադրուի նախորդ կառավարութեան հետ համաձայնութեամբ: Իսկ ինչ կը վերաբերի հին աղբանոցին եւ ըստ կենսոլորտային մասնագէտներու այդ «աղբալեռ»ը այսօր դարձած է շրջանի բնակչութեան ընդհանուր առողջութեան համար բաւական լուրջ սպառնալիք:
Յիշեցնեմ, որ շուրջ 80 հազար հայութիւն հաշուող լիբանանահայութեան համար Պուրճ Համուտը կը համարուի ամէնէն հայահոծ շրջաններէն մին:
Խմբագրության կողմից ավելացնենք, որ Բուրջ Համուդի քաղաքապետարանն ու այլ կառույցները ենթակա են ՀՅԴաշնակցության տեղական մարմիններին: