դոկտ. ԱՐՇԱՒԻՐ ԿԷՕՆՃԵԱՆ, Մոնթրէալ
Նշենք` առանց հատուածականութեան փորձութեան ենթարկուելու
2015-ին նշուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը համահայ- կական աննախընթաց, տպաւորիչ եւ միասնական ոյժերով: Այժմ կը մօտենայ 2018 տարին, եւ արդարօրէն հայ ժողովուրդը կը պատրաստուի նշելու նոր հարիւրամեակ մը եւս: Այս հարիւրամեակը կը վերաբերի ժամանակակից մեր պատմութեան մէջ հայոց պետականութեան վերահաստատման անկիւնադարձային եւ համահայկական իրադարձութեան, որ մեծագոյն նշանակութիւն ունի մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ:
Սակայն, մինչ Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի պարագային մեկնաբանութեան եւ կեցուածքի ոչ մէկ տարբերութիւն կար, եւ ոչ ալ կրնար ըլլալ հայ ոեւէ անհատի կամ խմբաւորումներու միջեւ, այժմէն իսկ զգալի է, թէ 2018-ի պարագային անհրաժեշտ պիտի ըլլայ կատարել պատմութեան ճշգրիտ տուեալներու բացայայտումը եւ այս վերջիններուն վրայ խարսխուածՙ կատարել արդար վերլուծումներ, որպէսզի բացառիկ նշանակութիւն ունեցող այս հանգրուանը չենթարկուի հատուածական դիտումներով կերպարանափոխուելու եւ սեփականացուելու փորձութեանց:
Հայ ժողովուրդի բազմադարեան պատմութիւնը անցած է բազմաթիւ հանգրուաններէ: Թագաւորական հարստութիւններ ստեղծուած են եւ ապա դադրած: Յաղթանակներ եւ պարտութիւններ իրար յաջորդած են այդ պատմութեան ընթացքին: Ի վերջոյ, դժբախտաբար, 14րդ դարու Լուսինեան հարստութեան վախճանումէն ետք, վեց դարեր շարունակ, Հայաստան ապրած է առանց պետականութեան: Աւելինՙ 20-րդ դարու սկզբնաւորութեան 1915-ի ահաւոր Ցեղասպանութիւնը մեզ առաջնորդած է մինչեւ վերջնական բնաջնջման սեմը:
Ահա այս տխուր եւ աղէտալի համայնապատկերին մէջ է, որ կը զետեղուի Մայիս 25-26-ի Սարդարապատի յաղթական հերոսամարտը, ուր հայ ժողովուրդը առաջին անգամ ըլլալով, հաւաքելով իր բոլոր խաւերուն եւ հոսանքներուն մասնակցութիւնը, գերմարդկային միացեալ ոյժերով արձանագրեց պատմական անկիւնադարձ մը:
Մայիս 25-26-ի հերոսամարտը իրականացաւ, անխտիր հայ ժողովուրդի բոլոր հատուածներու անվերապահ մասնակցութեամբ: Պարզ քաղաքացին, գիւղացին, մտաւորականը, զինուորականը, կուսակցականը, հոգեւորականը, բոլորը մէկ ցցուեցան անյաղթելի նկատուած թուրք կանոնաւոր բանակին դէմ եւ պարտութեան մատնեցին զայն: Մայիսեան այդ յաղթանակը սկիզբը դրաւ եւ բացաւ ճանապարհը անոր յաջորդող հայ պետականութեան վերահաստատման, ինչպէս նաեւ այդ օրէն ի վեր մինչեւ այսօր առանց ընդմիջումի շարունակուող մեր պետականութեան գոյութեան:
Ահա այս պարագան է, որ իբրեւ մեկնակէտ մեր ժամանակակից պատմութեան ընթացքին վերականգնած պետականութեանՙ առիթը կ՛ընծայէ յառաջիկայ տարի, 2018-ին, մեր անկախ հայրենիքին մէջ եւ հզօրացած սփիւռքի տարածքին արժանաւոր կերպով նշելու այդ նշանակալից հարիւրամեակը:
Բնականաբար անցնող հարիւր տարիներուն ընթացքին հայոց պետականութիւնը անցաւ իրար յաջորդող շրջաններէ: Այնտեղ կան գովելի եւ հպարտութիւն առթող տուեալներ, ինչպէս նաեւ ծանր պատասխանատուութիւններու առաջնորդող դրուագներ:
Յառաջիկայ հարիւրամեակի սեմին պարտաւոր ենք բաց միտքով եւ պատմութեան նկատմամբ արդար կեցուածքով քննական մեր ակնարկը տարածելու անցնող հարիւր տարիներուն վրայ: Պարտաւոր ենք որդեգրել այս պատասխանատու կեցուածքը մանաւանդ ի շահ մեր ապագային, որպէսզի յառաջիկայ հարիւրամեակին ընթացքին մեր ժողովուրդը եւ պետականութիւնը, ազգային եւ քաղաքական նրբացած հասունութեամբ կարենայ իր հաւաքական ճիգերը գործածել առաւել արդիւնաւէտութեամբ, յօգուտ մեր ժողովուրդի գերագոյն շահերուն:
Մասնաւորապէս, հարիւրամեակի նշումը պէտք է հեռու մնայ աժան եւ յաճախ չարդարացուած ամբոխավարութեան փորձութիւններէն, որոնք անցեալին շատ ծանր կերպով վնասած եւ վէրքեր թողած են մեր վրայ:
1918 մայիսին Սարդարապատի յաղթական հերոսամարտին շնորհիւ, եւ անոր իբրեւ հետեւանք, կարելի դարձաւ 1918 մայիսի 28-ին Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հռչակումը: Այս վերջինը երկու տարիներու փոթորկալից գոյութենէ մը ետք առաջնորդեց 1920 նոյեմբերի 29-ին, որդեգրելու սովետական հասարակարգը եւ ստեղծելու Խորհրդային Հայաստանը իբրեւ երկրորդՙ բայց ոչ անկախ Հանրապետութիւն, որ իր կարգին տեւեց եօթանասուն տարիներ, որոնց ընթացքին մեծ իրագործումներու շարքին տեղի ունեցան նաեւ մարդկային ծանր ողբերգութիւններ, կորուստներ: Ի վերջոյ 1991-ի Սեպտեմբեր 21-ին, համաշխարհային չափանիշով մեծ վերիվայրումներու հետ մէկտեղ Հայաստան կրցաւ օգտագործել ստեղծուած պատեհութիւնը եւ հռչակեց այս անգամ իր նորագոյն անկախութիւնը եւ իբրեւ հետեւանք` հաստատեց իր Երրորդ Հանրապետութիւնը, որ ահա կը շարունակէ իր գոյութիւնը աւելի քան 25 տարիներէ ի վեր: Նորագոյն Հայաստանի Հանրապետութիւնը այսօր եւս, մինչ կը նշէ յառաջդիմութեան եւ արդիականացման կարեւոր յաղթանակներ, միւս կողմէ կը դիմագրաւէ քաղաքական, տնտեսական եւ մարդկային ընկերային տագնապներ եւ լուրջ մարտահրաւէրներ: Կարեւորութեամբ պէտք է անդրադառնանք, թէ յառաջիկայ տարի եթէ պիտի կարենանք նշել մեր ժամանակաշրջանի պետականութեան ստեղծման հարիւրամեակը, ապա այդ կարելի կը դառնայ եւ կ՛իմաստաւորուի միայն եւ միայն այն հանգամանքով, որ իր բոլոր ելեւէջներով հանդերձ, պայծառ եւ տխուր իր դրուագներով, այդ պետականութիւնը բարեբախտաբար կը շարունակուի մինչեւ այսօր առանց ընդմիջումի: Արդարեւ, այսօր չենք տօներ, օրինակ, Արշակունեաց կամ Բագրատունեաց թագաւորութեանց հաստատման թուականները, քանի որ անոնք դադրեցան եւ հետեւաբար գործնապէս ոչ մէկ հետք ձգած են այսօրուան Հայաստանի կեանքին վրայ:
Այսօրուան Հայաստանը, միւս կողմէ, անմիջականօրէն խարսխուած է անցնող տասնեակ տարիներու ընթացքին ձեռքբերուած մտաւորական եւ ֆիզիքական կառոյցներուն վրայ:
Հետեւաբար այդ ժամանակաշրջանին ազգային կեանքին մէջ գործող բոլոր կարեւոր հոսանքները եւ կազմակերպութիւնները գնահատանքներու կողքին նաեւ լուրջ պատասխանատուութեանց բաժին ունին. դրական իրագործումներուն կողքին նաեւ որոշ տագնապալից ծանրակշիռ վիճակներու ստեղծման կապակցութեամբ:
Աւանդական կուսակցութիւնները, Ս.Դ.Հ.Կ., Հ.Յ.Դ. եւ ՌԱԿ եւ անոնցմէ ետք Հայաստանի Համայնավար կուսակցութիւնը եւ ի վերջոյ այսօրուան Հայաստանի Հանրապետական եւ միւս կուսակցութիւնները պէտք է ստանան իրենց գործունէութեան ճիշդ արժեւորումը, ոչ աւելին եւ ոչ ալ պակաս: Տուք զկայսերն կայսեր, եւ զԱստծոյն` Աստուծոյ: Անոնք նաեւ անխուսափելիօրէն պատասխանատու պիտի նկատուին, համաձայն որոշակի եւ անվիճելի պատմական տուեալներու, եւ հիմնուած այս վերջիններուն վրայ, իրենց սխալներուն նկատմամբ, որոնք որոշ պարագաներու մէջ ծանրակշիռ հետեւանքներ ունեցած են եւ տակաւին կրնան ունենալ յաջորդող տարիներուն ընթացքին, եթէ չսրբագրուին:
Այս օրերուն սկսող եւ յառաջիկայ տարի նշուելիք Հարիւրամեակի նախապատրաստութիւնները պէտք է կատարուին Սփիւռքի եւ Հայաստանի մտաւորականութեան, քաղաքական գործիչներու եւ ամբողջ մամուլին եւ լրատուական միւս միջոցներուն կողմէ տարուելիք պարկեշտ տեղեկատւութեան եւ վերլուծական աշխատանքով: Անգամ մը եւս պէտք է շեշտել, թէ թոյլ պէտք չէ տալ որ այս նշանակալից հանգրուանը ենթարկուի հատուածական դիտումներով կերպարանափոխուելու փորձութեանց:
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան մամուլը, գործակցելով ամբողջ հայ մամուլին հետ, եւ պատմագէտներու եւ մտաւորականներու օգնութեամբ, վստահաբար պիտի իր որոշիչ դերը ունենայ այս կարեւոր աշխատանքին մէջ:
«Պայքար»