ՎԻԳԷՆ Լ. ԱԴԴԱՐԵԱՆ
Մոնթրէալ, 9 Նոյեմբեր 2017
Պատուարժան Խմբագրութիւն ԱԶԳի,
Ուշադրութեանս յանձնուեցաւ թէ ձեր համացանցային հրատարակութեամբ 26 Հոկտեմբեր 2017ին «հրատարակած» էք հետեւեալ խորագրով ՆՈՐ ԲԱՑԱՅԱՅՏՈՒՄՆԵՐ ԴՐՈՅԻ ԱՆՑԵԱԼԻ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ գրութիւն մը որ թարգմանած էք անգլերէն «բնօրինակ»է մը որ կը կրէ ստորագրութիւնս:
Պիտի ուզէի ձեր ուշադրութեան յանձնել հետեւեալ կէտերը.
Ա) Այն «բնագիր»ը որմէ կատարած էք թարգմանութիւնը արդիւնքն է շաբաթներու վրայ տեւող երկար համացանցային բանավէճերու, ՓԱԿ մտաւորական խմբակի մը որ կը կոչուի 24April Yahoo Group: Որպէս այդ գրութիւններուն հեղինակըՙ ես ձեզի չեմ արտօնած առնել որեւէ մասնիկ մը անոնցմէ եւ հրատարակել: Որքան գիտեմՙ ձեր թղթակիցներէն ո՛չ ո՛ք մաս կը կազմէ այդ խմբակին, եւ ուրեմն ձեր «բնագիր»ը ստացած էք զարտուղի միջոցներով:
Բ) Աւելին, որպէս պատասխանատու լրագրամիջոց, ձեր թղթակիցներէն ո՛չ ո՛ք նոյնիսկ կապի մէջ մտած է ինծի հետ ինձմէ նոյնիսկ արտօնութիւն խնդրելու, կամ ալ տեսակէտս ունենալու այս հարցով:
Գ) Ձեր հրատարակած նիւթը ամբողջութիւնը չէ այլ միմիայն մասնիկ մըն է ընդհանուր բանավիճային նիւթերէն, եւ ուրեմն իր նիւթային ենթահողէն ամբողջովին կտրուած է եւ կը փորձէ ներկայացնել բոլորովին գաղափարայնօրէն մեկուսացուած իրավիճակ մը (out of context):
Դ) «Թարգմանուած» գրութիւնը որ երբեմն յոռի թարգմանութիւն մըն ալ է, ունի ձեր կողմէն տեղադրուած յառաջաբան մը ինծի վերագրելով խօսքեր որ ես չեմ ըսած: Օրինակ, ես Ո՛Չ մէկ ակնարկ ունեցած եմ Դրօյի «դրամասիրութեան» մասին, կամ ալ թէ «մարտահրաւէր կը կատարեմ հանրութեան ինծի դէմ ճակատելու»: Այդպիսի բան գոյութիւն չունի: Մարտահրաւէրի խօսակցութիւնը կը վերաբերի ինծի հետ բանավէճի մասնակիցներուն որոնց հետ ունեցած եմ եւ ունիմ թէ՛ տարակարծութիւններ եւ թէ՛ ուժեղ մտաւորական կապեր տարիներու վրայ երկարող մեր համացանցային «խօսակցութիւններէն»: Կրկին կը շեշտեմ թէ անձնական եւ հանրութեան ՓԱԿ գրութիւններու հրատարակութիւնը առանց հեղինակի հաւանութեան եւ զանոնք իր ենթահողէն դուրս հանելով, պարկեշտ մասնագէտներու վայել չէ եւ անընդունելի է: Ձեր ընթերցողըՙ երբ կը տեսնէ նմանօրինակ յօդուածներ, կ՛ակնկալէ նուազագոյն լրագրական պարտաճանաչութիւն, որ այդ տողերուն հեղինակին հաւանութիւնն է, որ չէք ունեցած եւ չունիք:
Ե) Իմ անձնական համոզումներս Դրօյի անձին նկատմամբ եւ իր պատմական արժեւորումը ինծի կը պատկանին, ատիկա իմ մտաւորականի եւ ազատ մտածողի իրաւունքս է, սակայն ցաւալիօրէն անոնք կը ներկայացուին որպէս մաս մը եւ դիրքորոշում մը այսօրուան Հայաստանի մէջ Մայիս 28ի անկախութեան 100-ամեակի վիճաբանութիւններու շարքին: Արդ, կ՛ուզեմ յստակօրէն հաստատել, թէ ես ոչ մէկ ձեւով կապ ունիմ այն բոլոր կազմակերպութիւններուն կամ շարժումներուն հետ որոնք սոյն հարցով կողմնակալ օրակարգ մը կը հետապնդեն: Նաեւՙ ես ո՛չ հետաքրքրուած եմ ինծի վերագրուած սրբապղծութեամբ եւ ո՛չ ալ կ՛ուզեմ խրամատներ բանալ մեր ազգային իրողութենէն ներս, որոնք կը համարեմ վնասակար ու պառակտիչ:
Ուրեմն, ներողամտութիւնը կը հայցեմ անոնց, որոնք իմ փակ բանավէճերու անձնական գրութիւններս տեսնելովՙ ենթադրած են, որ իմ կարծիքներս հանրութեան ուղղուած են կամ նպատակադրուած յարձակում մըն են մեր պատմական անձնաւորութիւններու վրայ, նպատակս ո՛չ ոք վիրաւորել է: Կ՛ուզեմ ընդգծել թէ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հարիւրամեակի արժանաւոր տօնակատարութեան կողմնակից եմ եւ միշտ ալ եղած եմ թէ՛ հանրօրէն թէ՛ անձնապէս: Մայիս 28ի հանդէպ այս դիրքը ունեցած եմ Հայաստանի անկախացումէն շատ առաջ իսկ, անոր Սովետական շրջանին ալ, որուն մասին կրնան վկայել զիս մօտէն ճանչցողները:
Զ) Տասնամեակներու վրայ ընթացող իմ ազգային ծառայութիւններուս գլխաւոր առանցքները եղած են միտքի ազատութիւնը, մարդկային իրաւունքները, ընկերային արդարութիւնը, քննադատական միտքի զարգացումը նամանաւանդ հանդէպ մեր պատմութեան, եւ առողջ գիտական եւ մտաւորական հասունութիւնըՙ կարենալու համար, նամանաւանդ երբ իրարու հետ համաձայն չենք, ազատօրէն ուսումնասիրել եւ հանրօրէն վիճիլ մեր բոլոր պատմական հանգրուաններուն մասին: Մտահոգ եղած եմ միշտ ու կը մնամ թէ մեր ժողովուրդի վերապրումն իսկ կապուած է այս հարցերուն, ինչպէս աշխարհի բոլոր յառաջացած ազգերու պարագային: Առ այդ, այն «բացայայտութիւնը» որուն կ՛ակնարկէք մատնանշում մըն պատմական արխիւի մը որ գոյութիւն ունի արդեն տասնամեակէ մը ի վեր եւ որ պէտք է ենթարկուի մասնագիտական վերլուծման: Ես քաջածանօթ եմ անոր պարունակութեանց, սակայն ուրիշներ ալ պարտին զանոնք ուսումնասիրել, ներկայացնել, բանավիճիլ եւլն: Միմիայն նմանօրինակ մօտեցումով մը կրնանք ապահովել անցեալէն դասեր առնելու մեր կարողութիւնը:
Է) Անցեալէն դասեր առնելը կ՛ենթադրէ նախանձախնդիր ըլլալ բոլոր պատմական նորանոր աղբիւրներուն մասին որոնք միշտ աւելի կը լուսաւորեն տարբեր պատմական դէպքեր եւ իրավիճակներ: Մեր ազգային բոլոր քաղաքական շարժումներն ալ վստահաբար ունեցած են մութ կապեր կոչուին անոնք ՍԴՀԿ, ՀՅԴ, ՌԱԿ թէ ուրիշներ: Այդ մաս կը կազմէ ծանր ժամանակներուն որոնցմէ անցած է մեր ժողովուրդը: Որպէս հայագիտական նիւթերու դասախօս, այդ պատճառաւ իսկ ակնարկած էի գրութեանս մէջ թէ մենք նաեւ պէտք է ուսումնասիրենք ուրիշ պետութիւններու գաղտնի սպասարկութեանց արխիւներն ալ, անշուշտ երբ որ անոնք տրամադրելի դառնան, որովհետեւ բոլորին մասին բոլոր մանրամասնութիւնները մաս կը կազմեն մեր պատմութեան: Ատիկա գիտական պարտականութիւն մըն է զարգացնելու համար մեր ազգային պատմաքննադատական միտքը որ նաեւ փաստը պիտի հանդիսանայ անոր մակարդակին եւ հասունութեան: Մեր ազգին պատմութեան բոլոր էջերը կը պատկանին մեզի բոլորիս, առանց «մենք եւ միւսները» բարդոյթներու:
Նկատի ունենալով վերոյիշեալ կէտերըՙ ձեզմէ կը խնդրեմ որ անյապաղօրէն վերացնէիք սոյն յօդուածը ձեր կայքէջէն, հրատարակէիք այս նամակը եւ պաշտօնապէս ու հանրօրէն ներողութիւն խնդրէիք ինձմէ եւ ձեր ընթերցողներէն կատարուած լրագրամիջոցային սկզբունքային խախտումներուն համար:
Սոյն նամակի օրինակները պիտի ղրկուին բոլոր գանատահայ մամուլի աղբիւրներուն եւ տրամադրելի են համացանցային այլազան ակունքներու որոնք պատրաստ են զայն ցրուելու հանրութեան:
Բարեկամօրէնՙ