Ե. Ա., Խմբագրական «Պայքար»ի
Հայ ժողովուրդը միշտ ալ պահանջը ունեցած է միանալու եւ զօրանալու եւ, հակառակ մեր ցանկատեսութեան, այդ միութիւնն ու միասնականութիւնը գոյութիւն չեն ունեցած անհրաժեշտ պարագային: Յաճախ հայ ժողովուրդը միացած է իր ինքնապաշտպանութեան մարտերուն մէջ: Մեր բաժանումները, տարանջատումները, երկփեղկումները յանկարծ անյայտացած են, երբ ժողովուրդը զգացած է գոյութենական վտանգ մը եւ ոեւէ մէկէ աւելի` ժողովուրդը` ինքը զարմացած է իր հազուա-դէպ ու հազուագիւտ միասնականութեան վրայ:
Հայութիւնը ինքզինք ատող հաւաքականութիւն մը չէ, եւ մեր ազգին մէջ տարբերութիւնները, բաժանումները, պառակտումները առ հասարակ հետեւանքներն են արտաքին ազդակներու-աշխարհագրական բաժանումներու, օտար տիրապետութեանց ենթակայութեան եւ այլ պատճառներու: Չորրորդ դարուն, երբ Բիւզանդիոն եւ Պարսկաստան իրարու մէջ բաժնեցին մեր երկիրը, մեր ժողովուրդը այնպիսի հակադարձութիւն մը ցուցաբերեց, որ հզօրացուց իր ներքին միասնականութիւնը. այբուբենի տարածումը, քրիստոնեական հաւատքի հզօրացումը եւ միասնական պատմութեան գիտակցութիւնը դարձան այնպիսի ազդակներ, որոնք պահպանեցին մեր ազգին ներքին միասնականութիւնը:
Սակայն ժամանակները, աշխարհագրական հեռաւորութիւնները եւս ունեցած են իրենց խոր անդրադարձը` մանրացնելու, բաժնելու, տարանջատելու եւ իրար հակադրելու մեր ժողովուրդին հատուածները: Աշխարհագրական հեռաւորութիւնները զօրաւոր ազդակներ հանդիսացած են բաժանումներու` հաղորդակցութեան եւ ճանաչnղութեան հնարաւորութեանց բացակայութեան: Նոյնպէս օտար տիրակալութեանց ենթարկումները եկած են տեղայնական արժեչափեր եւ մշակութային չափանիշեր ամրագրելու տարբեր ազդեցութեանց ենթակայ հայ հատուածներու մտածելակերպին եւ արժէքային համակարգերու որդեգրումին մէջ:
Օտար տիրակալութեանց ազդեցութեան յատկանիշներէն մէկն ալ անհատապաշտութեան զօրացումն է եղած: Կերպով մը տարուինեան սկզբունքով առաւել յարմարուողականութեան ատակ տարրին վերապրումը (survival of the fittest): Այդ կերպով խելամիտ, ճարպիկ, ընկերայնօրէն ճկուն (socially mobile) անհատներ գտած են յաջողութիւն` ի հեճուկս իրենց ցեղակիցներուն: Այսպէս, ազգութեամբ հայ Բիւզանդիոնի կայսրեր, զօրավարներ, իշխաններ, բարձրացած են ընկերութեան ամէնէն հզօր խաւի մակարդակին` քիչ անգամ սատարելով իրենց ցեղակիցներուն:
Նոյն գործընթացով յաջողած են Պոլսոյ ամիրաները, որոնք մեծ մասամբ խզուած են իրենց ցեղակից զանգուածէն` ծառայելու սուլթանական իշխանութեան: Այս օրերուն կը խօսուի Անաստաս Միկոյեանի խնդրայարոյց անհատականութեան ու վարկին մասին: Աներկբայօրէն Միկոյեան հանդիսացած է 20րդ դարու ամենէն ակնառու պետական դէմքերէն մէկը, որ իր հետքը թողած է աշխարհի պատմութեան որոշ հանգրուաններուն վրայ (եթէ միայն յիշենք Քուպայի հիւլէական հակամարտութեան մէջ ունեցած իր դերը): Սակայն, այսօր ընդդիմութիւն եւ ընդվզում կը տիրէ Հայաստանի մէջ, երբ ոմանք կը փորձեն կանգնել անոր արձանը: Այս հակասութիւնները, եւ այս երեւոյթները անուրանալի կերպով հետեւանքներն են մեր տարանջատումներուն, մեր միջեւ գոյութիւն ունեցող անկամրջելի տարածութիւններուն եւ մասնաւորաբար օտար տիրակալութեանց ենթակայութեան:
Ուրեմն, ասոնք դուրսէն պարտադրուած նկարագրի գիծեր եւ ազգային երեւոյթներ են, որովհետեւ, մեր ժողովուրդը ինքզինք փճացնելու ներքին բնազդային մղումը չունի, այլ, ընդհակառակը, կենսասէր է եւ մարտունակՙ ի խնդիր վերապրումի:
Մեր ժողովուրդի մտածող եւ յառաջապահ խաւը միշտ անդրադարձած է ներքին միասնականութեան անհրաժեշտութեան, որ ուղղակի ազդակն է մեր ազգային վերապրումին. եւ Մեծն Տիգրանէն մինչեւ մեր զարթօնքի սերունդը – Իսրայէլ Օրիներ, Յովսէփ Էմիններ-նախակարապետները հանդիսացած են ազգային միասնականութեան: Պոլիսէն` Արփիար Արփիարեան եւ Թիֆլիսէն` Գրիգոր Արծրունի մտաւորական կամուրջ մը հաստատած էին մեր մշակութային զոյգ ոստաններուն միջեւ հայ մտաւորականութեան եւ հայ ժողովուրդի մէջ յառաջացնելու այնքան ցանկալի միասնութիւնը եւ ստեղծելու հասարակաց արժեհամակարգ, որ կրնայ միակ հիմքը հանդիսանալ այդ միասնականութեան:
Եօթանասուն տարուան սովետական իշխանութիւնը, որքան ալ խթանեց գիտութիւնն ու արուեստները մեր հայրենիքին մէջ, նոյնքան ալ սառեցուց մասնակի արժեհամակարգը` խորթացնելով հայրենիքը սփիւռքէն: Գրական, գեղարուեստական, ազգային ու մտաւորական այն արժէքները, որոնք գոյութիւն ունէին Հայաստանի մէջ նախասովետական շրջանին, մնացին սառած եւ օտարացած սփիւռքի եւ Արեւմուտքի արժէքներէն: Մանաւանդ` արժէքները գնահատելու չափանիշներն ու մտայնութիւնը: Մեր հայրենի եղբայրներն ու քոյրերը այնքան ալ մեղաւոր չեն, երբ կը թերանան ճանչնալու մեր սփիւռքահայ արժէքները: Սակայն, կրնան այսուհետեւ ըլլալ մեղաւոր, եթէ շարունակեն սկզբունքի վերածել այդ միակողմանիութիւնը:
Այսօր կրկին պիտի անդրադառնանք երեւոյթներու, որոնք մեր խորհրդածութեանց առարկան դարձած են եւ գուցէ նաեւ հարկադրաբար պիտի դառնան ապագային: Այսպէս, Հայաստանի իշխանութիւնները որոշած են երրորդ սերունդի հայկական դրամանիշներ դնել շրջանառութեան` շարունակելով ցուցաբերել անցեալի միակողմանիութիւնը:
Անցեալին քանիցս անդրադարձած ենք հայկական դրամին վրայ երեւցող մեր մեծաւորներու հարցին, որ կը դրսեւորուի նաեւ Երեւանի եւ այլ քաղաքներու փողոցներուն անուանակոչութեան մէջ. այս նոր հրապարակումին մէջ 1000 դրամնոց թղթադրամին վրայ Չարենց կը փոխարինուի Պարոյր Սեւակով, 2000 թղթադրամը (որ անցեալին գոյութիւն չունէր) հանդէս կու գայ ճատրակի համաշխարհային վարպետ Տիգրան Պետրոսեանի դիմանկարով, 5000 դրամին վրայ Յովհաննէս Թումանեան կը փոխարինուի Ուիլիըմ Սարոյեանով, 10,000նոց դրամաթուղթին վրայ Կոմիտասը կը փոխարինէ Աւետիք Իսահակեանը, իսկ 20,000նոց դրամաթուղթին վրայ Յովհաննէս Այվազովսքին կը փոխարինէ Մարտիրոս Սարեանը, իսկ 50,000նոց թղթադրամին վրայ կ՛երեւին Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչն ու Ս. Էջմիածինը, ինչպէս նաեւ Խոր Վիրապի համալիրը:
Պէտք է ընդունիլ, որ այս երրորդ սերունդի թղթադրամներուն պարագային զգալի է շարժումը դէպի համազգային եւ միջազգային արժէքներ: Կոմիտասը, Այվազովսքին, Սարոյեանն ու Էջմիածինը համաշխարհային արժէքներ են: Ի դէպ, երեք սերունդի դրամանիշերուն վրայ երեւցած դէմքերը անվիճելի արժէքներ են եղած: Ոչ ոք իրաւունք ունի հարց յարուցանելու անոնց ընտրութեան մասին: Սակայն հարցը այն դէմքերու մասին է, որոնք անտեսուած են եւ կը շարունակեն անտեսուիլ նաեւ փողոցն-երու անուանակոչութիւններու մէջ: Հարց պէտք չէ ըլլայ արեւմտահայութեան կամ սփիւռքի արժէքները պարտադրելը: Սակայն ազգ մը, որ միեւնոյն չափանիշները չունի իր իրական մեծութիւնները հաւասարապէս ճանչնալու եւ արժեւորելու, այդ ազգը զուրկ պիտի մնայ միասնականութիւն ստեղծելու հնարաւորութենէն: Այն իմացական ճառագայթումը, որ երկնած է Թումանեան, Սունդուկեան, Չարենց, Նար-Դոս, Բակունց, Սեւակ, միեւնոյն ժամանակ հայ դասական գրականութեան մէջ ամրագրած է Զոհրապը, Սիամանթոն, Վարուժանը, Թէքէեանը, Մեծարենցը, Դուրեանը եւ Պեշիկթաշլեանը:
Կ՛ըսուի թէ դէմքերու ընտրութիւնը կատարած են խումբ մը մտաւորականներ եւ հոգեւորականներ, որոնց անունն ու դէմքերը պէտք է պարզուած ըլլային, որպէսզի մեր ազգը հասկնար, թէ որոնք են դեռ այդ կաղ չափանիշներուն կառչած մարդիկը:
Չենք ակնկալեր որ սովորական գրողներ, գրականագէտներ եւ հոգեւորականներ Ինտրա եւ Եղիա Տեմիրճիպաշեան կարդան եւ հասկնան. ատոր համար գրական հզօրանքի տէր մտաւորականներ են պէտք, Ալպէր Կոստանեանի կամ Երուանդ Տէր-Խաչատրեանի մակարդակով: Սակայն, հանրաճանաչ գրողներ բոլորին հասողութեան մէջ են ու պէտք է արժեւորուին հաւասարապէս:
Համընդհանուր ազգի ըմբռնողութիւնը ամրագրելու համար քանի մը նախադրեալներ են հարկաւոր ամբողջական ազգ մը դառնալու. –
Ա. Արեւմտահայ գրողները ոչ մէկ կերպով կը զիջին իրենց արեւելահայ եղբայրներուն, եթէ չաւելցնենք որ անոնք նաեւ նուաճած են եւրոպական նրբութեանց չափանիշները:
Բ. Ոեւէ գրող կամ գրականագէտ, որ չի տիրապետեր մեր ամբողջական գրականութեան, պէտք է անդրադառնայ, թէ տակաւին պակաս բան մը ունի ամբողջացնելու իր մասնագիտութեան մէջ:
Գ. Արեւմտահայութիւնը, որ ստեղծած է միտքի այդ քանքարները, այլեւս ի վիճակի չէ պահպանելու եւ շարունակելու զանոնք: Հետեւաբար հայրենիքին, հայրենի մտաւորականութեան եւ, ինչու չէ` հայրենի պետութեան անկ է տէրը դառնալ այդ գանձերուն եւ տեղ տալ անոնց մեր գրականութեան մէջ, ինչպէս նաեւ ժողովուրդի միտքին ու սիրտին մէջ:
Դ. Եւ վերջապէս ժամանակն է, որ ազատագրուինք սովետի պարտադրած ստրկամտութենէն եւ մեր ազգը ճանչնանք ու պահպանենք իր ամբողջականութեան մէջ:
Կը յուսանք, կը մաղթենք ու նաեւ` կը պահանջենք, որ մեր չորրորդ սերունդի դրամանիշները ցոլացնեն ամբողջ ազգը` իր լիամբողջ արժէքներով: