«Բանն էր սկիզբը…», այսինքնՙ խ՛օսքը, գի՛րը, բա՛ռը, որովհետեւ «Եղիցի լոյս» ըսաւ Աստուած, եւ խաւարը ցրուեցաւ ու լոյս եղաւ: Ու մարդ չգիտցաւ, որ այդ «բանը» ինչ ոյժ ունի: Նմանցուցին փամփուշտի, որ կ՛արձակուի ու ետ չի դառնար, իսկ արձակուելէն ետք ի՞նչ կը կատարուի թիրախին հետ, այդ արդէն շատ ուշ գիտցուեցաւ, երբ տեսան անոր հետեւանքները:
Ու եկաւ ոմն յոյն առակախօս Եզովբոս ու մարդոց բացատրեց, թէ այդ «բանը» արտասանողը նոյնինքն լեզուն է, որ կրնայ օրհնել ու միեւնոյն ժամանակՙ անիծել ու հայհոյել:
Քաղաքակրթութեան հետ մարդկային լեզունՙ խօսքը կոփուեցաւ, օրէնքի ու կանոնի ենթարկուեցաւ, տրամաբանութեան եւ խղճի տնօրինութեան ենթարկուեցաւ, սակայն միշտ մնաց հզօր:
Գրողներ աւելի շուտ անդրադարձան անոր անբեկանելի կարողութեան ու սկսան աւելի զգոյշ գործածել զայն: Իսկ գրողներուն մէջՙ լրագրողները դարձան ամենավտանգաւոր արհեստի մը զոհերը, յատկապէս քաղաքական ու ռազմական ասպարէզի լրագրողները, որոնք երբեմն իրենց կեանքով վճարեցին:
Հոկտեմբերի սկիզբէն ի վեր ամբողջ աշխարհի լրատուութեանց կիզակէտը դարձած էր Սէուտական Արաբիայի քաղաքացի, արաբական եւ արեւմտեան կարգ մը թերթերու փնտռուած լրագրող, այլախոհ Ճամալ Խաշողճի, որ Հոկտեմբերի 2-ին մտաւ Իսթամպուլի Սէուտական Արաբիոյ հիւպատոսարանը եւ դուրս չեկաւ…
Մարդը իր ոտքով գնաց կառափնարան: Գիտակցաբա՞ր, թէ՞ անգիտակցաբար: Լրագրողները միամիտ մարդիկ չեն, խելացի են եւ անոնց լաւագոյններըՙ շատ խելացի, քանի գիտեն իրենց արձակած «փամփուշտին» ոյժը ու կրնան նախատեսել այդ ոյժին ազդեցութիւնն ու հետեւանքը:
Սէուտական Արաբիան չսիրող պաշտօնական եւ անպաշտօն մեկնաբաններ անմիջապէս յայտարարեցին, որ մարդուն սպաննած են:
Երկար ատեն հիւպատոսարանը փորձեց ստել, ըսելով որ ան դուրս եկած է եւ իրենք չեն գիտեր թէ ո՞ւր է ան, սակայն վերջին օրերուն խոստովանեցաւ, որ Ճ. Խաշողճի մահացած է հիւպատոսարանին մէջ եւ կռիւի մը ընթացքին, հակառակ որ թէ՛ թրքական մամուլը եւ թէ շատ լրատուամիջոցներ լուրեր տարածեցին, որ զոհը սպաննուած է եւ մարմինը անդամահատած են եւ փոխադրած, թէ ո՞ւր թաղած են, կամ հետքը կորսնցուցած, ցարդ բան չգիտցուեցաւ: Սա թագաւորութեան գահաժառանգ իշխան Մուհամմէտ Պին Սալմանն ըսաւ, որ ինք եղելութենէն տեղեակ չէ եւ թրքական ոստիկանութեան հետ համագործակցաբար պիտի պարզեն զոհին մահուան հետ կապուած գաղտնիքները:
Այս կացութեան մէջ, ԱՄՆ-ի նախագահ Տ. Թրամփը խիստ յայտարարութիւններ ըրաւ, որուն աւելի խստօրէն պաասխանեց գահաժառանգը: Թրամփի սպառնալիքը, թէ խստագոյն պատիժի պիտի ենթարկէ Սէուտական Արաբիան, քիչ մը քմծիծաղով դիմաւորեցին շատեր, գիտնալով որ ան պիտի չփափաքէր կթան կով մը կորսնցնել, եւ այդպէս ալ եղաւ, քանի որ Թրամփ յայտարարեց, որ Ս. Արաբիան կարեւոր գործընկեր է ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու համար: Մարդ չի գիտերՙ խնդայ, թէ՞ լայ:
Օրը նոր, բացայայտումներն ու մեկնաբանութիւններըՙ նոր:
Բացի կարգ մը Սէուտական Արաբիոյ կառքին լծուածներէ, ամբողջ աշխարհը խստագոյնս դատապարտեց այս անմարդկային ոճիրը, որ բռնաբարում է ազատ խօսքի, քանի որ զոհը յաճախ կը քննադատէր ուահապիները, թագաւորութիւնն ու յատկապէս գահաժառանգը, անոնց մենատիրական քաղաքականութեան եւ անմարդկայն արարքներուն համար:
Շատ մը երկիրներ որոշեցին չմասնակցիլ Սէուտական Արաբիոյ մէջ կայանալիք միջազգային պիզնեսի խորհրդաժողովին: Գահաժառանգը ձեւեր կը փնտռէ յանցանքը ուրիշի վրայ բարդելու: Շատեր կ՛ըսենՙ կանխածրագրուած խաղ է այս բոլորը: Դեռ ինչ ուղղութիւններով պիտի զարգանայ հարցը, կ՛ապրինք, կը տեսնենք, սակայն մէկ բան յստակ էՙ ազատ խօսքը արձանագրեց իր քանիերորդ զոհը: