Անցեալ օր նկատեցի փողոցային ցուցանակի մը վրայ խոշոր գիրերով գրուած «Դու անկախ ես» լոզունգը: Ե՞ս…
Հասկնալի է որ երկիր մը կրնայ անկախ ըլլալ, գոնէ յարաբերական անկախութեամբ, սակայն ե՛ս, եւ ինծի նման այս երկրագունդին վրայ ապրող ոչ մէկ անձ անկախ է: Մարդ արարածը իր մօր արգանդին մէջ կազմաւորուած օրէն մինչեւ մահ բնաւ անկախ չէ եղած, չ՛ըլլար եւ չի կրնար ըլլալ:
Մօր արգանդին մէջ արդէն պորտալարով կախեալ կ՛ըլլայ մօրմէն, ծնելէն ետքՙ կախեալ կ՛ըլլայ մօր կուրծքէն: Հազիւ ոտքի ելլէՙ կախեալ կ՛ըլլայ հօր, կամ մօր եւ կամ երկուքին ձեռքերէն:
Եթէ սկսաւ դպրոց յաճախել, կախեալ կ՛ըլլայ դասերէն, ուսուցիչներէն, իսկ իր յաջողութիւնըՙ կախեալ կ՛ըլլայ նիշերէն ու գնահատականներէն:
Մանուկ ու պատանիՙ ընտանեկան դաստիարակութիւնը, քաղաքավարական ու կենցաղագիտական օրէնքները կը սկսին կաշկանդել իր ազատ շարժումներըՙ «մի՛»-երու կամ «կարելի չէ»ներու երկար շարքով մը:
Երբ արդէն երիտասարդ է պետական օրէնքները կու գան նոր սահմաններ գծել իր ազատ կեանքին: Այստեղՙ «մի՛»-երը չեն օգներ, փորձէ կարմիր լոյսին անցնիլ, փորձէ ճանապարհային ու ճամբորդական օրէնքներուն չենթարկուիլ, փորձէ խախտել պետական օրէնքները, այստեղ ոչ միայն պատիժ ու տուգանք կայ, այլեւ նոյնիսկ մարմնական վնաս:
Եթէ զինուորական ծառայութեան կանչուեցար, արդէն սեփական կարծիքներէդ, համոզումներէդ ու որոշումներէդ մերկացած կ՛ըլլասՙ կ՛ընես այն, ինչը որ կը հրահանգուի քեզի:
Երբ կեանքի «ազատ» ասպարէզ մտնեսՙ աշխատանք, գործ, պաշտօն, ընկերային կեանք, ընտանիք կազմելու ծրագիրներ… ապա անհաշուելի կապանքներ կը յայտնուինՙ պատասխանատուութիւններ, աւանդոյթներ, կրօնք, եկեղեցի, տարբեր ըմբռնումներ:
Երբ կ՛ամուսնանաս եւ ընտանիք կը կազմես, նախկին կաշկանդումներդ խաղալիք կը սկսին թուիլ. կին, զաւակներ, խնամիներ, ընտանեկան փոխյարաբերութիւններ…
Հասուն մարդ դարձա՞ր, արդէն կը սկսիս կախեալ ըլլալ բժիշկներէն, դեղերէն, կնոջդ «տրտր»ներէն…. Այստեղ ալ «մի՛»-երու նոր շարք մը կը սկսիՙ մի՛ ծխեր, մի՛ խմեր, մի՛ ուտեր, մի՛ բարկանար, մի՛, մի՛, մի՛…
Երբ կը չուես այս աշխարհէն, այն ատեն միայն կ՛ազատիս բոլոր կապանքներէն ու նոր միայն կը դառնաս անկախ…
Հիմա, որ կ՛ըսեն «Դու անկախ ես», այսինքն ըսել կ՛ուզեն «Դուն մեռա՞ծ ես»…
Աստուած ամբողջ տիեզերքըՙ միլորակները, արբանեակները, աստղերն ու երկնային մարմիններ, մեր երկիրն իր բուսականութեամբ, կենդանական աշխարհն ու ու մարդկութիւնը, ամէն, ամէն ինչը ստեղծեց մին միւսէն կախեալ. անկախ բան չկայ:
Պատկերացուցէք աստղ մը որոշէ անկախանալ, ձգողականութենէ ձերբազատուիլ… ի՞նչ կը պատահի, կը կործանի, չէ՞, իր հաւասարակշռութիւնը կը կորսնցնէ ու կ՛անէանայ. այդպէս ալ ամէն բանՙ մարդ, բոյս թէ կենդանի:
Կախուածութիւնը նախախնամական բարիք է տիեզերքի մէջ կեանքը շարունակելու: Այնպէս որ ուրախանալու չէ անկախ ըլլալով: Սակայն, անոր ալ սահմանները կան, որպէսզի լրիւ կախեալ ըլլալովՙ չկորսնցնենք մեր անհատականութիւնը:
Քիչ մը փիլիսոփայեցինք, բայց յուսամ սխալ բան չըսինք: