Ինքնաճանաչումը մարդու ամենակարեւոր յատկութիւններէն մէկն է, եթէ չըսենքՙ ամենակարեւորը: Ինքնաճանաչում ըսելով պէտք է հասկնալ անձի մը ճանաչումը իր երեւելի եւ աներեւոյթ յատկութիւններուն, առաւելութիւններուն ու թերութիւններուն, զօրութիւններուն ու տկարութիւններուն, իր լաւ ու վատ ունակութիւններուն, նկարագրի դրական ու ժխտական կողմերուն եւ այլն:
Երբ մէկը կարեւոր պաշտօնի մը յաւակնորդը ըլլայ եւ դիմում կատարէ որ գործի ընդունուի, իր ունեցած վկայականներուն եւ գովասանագիրներուն կողքին իրեն հարց կ՛ուղղուի. «Ի՞նչ են քու առաւելութիւններդ ու թերութիւններդ»: Դիմորդը անկեղծ կերպով թուելու է պահանջուածները, որոնք կ՛օգնեն որ դիմացինը յստակ գաղափար մը կազմէ իր մասին: Այս պարագային ստելը անիմաստ փորձութիւն մըն է, որովհետեւ բնաւորութեան, կամ սովորութեան արտայայտութիւնները մատնիչ են, ապա ուրեմնՙ վնասակար:
Ինքնաճանաչումը շատ աւելի կարեւոր է ժողովուրդներու եւ պետութիւններու պարագային, որուն վրայ կու գայ աւելնալ ճանաչումը նաեւ բարեկամին ու թշնամիին: Կարկինը սեղմենք ու խօսինք մեր երկրին մասին, Հայաստանի եւ Հայաստանի քաղաքացիներուն մասին: Մենք գիտե՞նք մեր առաւելութիւններն ու թերութիւնները, մեր ուժի կեդրոններն ու տկարութիւնները: Երբ քննութեան ենթարկենք մեր պատմութիւնը եւ հետեւինք նոր ժամանակներու իրադարձութեանց, երբ կարդանք քաղաքական վերլուծումներն ու լսենք բեմերէն նետուած բարձրագոչ ճառախօսութիւնները, կը տարուինք մտածելու, թէ մենք իսկապէս հեռու ենք ինքնաճանաչումէ: Մենք բացառիկ ենք ինքնագովութեան մէջ, բացառիկ ենք մեր չունեցած, կամ ունեցած համեստ կարողութիւնները ուռեցնելու եւ շեփորելու մէջ: Եւ աւելի վտանագաւորը այն է, որ մենք մեր չափազանցածներուն առաջին հաւատացողներն ենք ու անոնցմով գինովցողները:
Ըսածներս կապ չունին յետանկախացումի յատուկ շրջանի մը հետ, քանի բոլորն ալ, յանուն ժողովրդականութիւն շահելուՙ միեւնոյն լարերուն վրայ նուագողները եղած են:
Մենք ժողովո՞ւրդը կը խաբենք, թէ՞ մենք զմեզ կը խաբենք: Ինքնախաբէութեան նմոյշ մը տեսանք ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին: Մեր «անպարտելի բանակը իր գերարդիական զէնքերով» հարիւր երիտասարդ զոհ տուաւ եւ «անկարեւոր» որակուած կտոր մը հող… Այս պարագային, պատասխանատուներուն ինքնաճանաչման աղբիւրները իրենց գրպաններն էին երեւի:
Մոռցած թէ ո՞ւր կ՛ապրինք, որո՞նցմով շրջապատուած ենք, ի՞նչ աշխարհաքաղաքական ու պատմական պայմաններով հասած ենք այս օրերուն, ականջ չկախելով միջազգային հանրային ու գերպետութեանց կեցուածքներուն, չլսելով բացէ ի բաց մեր հասցէին ուղղուած սպառնալիքները, փանջունիական սնապարծութեամբ ձեռնոց կը նետենք աջ ու ահեակ:
Դարձեալ չփորփրենք հին օրերու անցուդարձերը, նայինք մեր ներկային ու փորձենք հասկնալ, թէ ի՞նչ պատրաստութիւններ ու գրաւականներ ունինք մեր տեսակէտներն ու որոշումնրը աշխարհին պարտադրելու: Վերանայինք մեր իրակա՛ն կարողութիւնները, չափենք մեր ոյժն ու մեր բարեկամներուն տրամադրութիւնները, ապա միայն մեր ոտքերը մեր վերմակներուն չափ երկարենք եւ յայտարարութիւններ ընենք ու ժողովուրդին ալ հրամցնենք իրականութիւնը:
Դժուար է երկար ատեն խաբել ժողովուրդը. ան ուշ կամ կանուխ անպայման կը յայտնաբերէ իրականութիւնը. աւելի լաւ չէ՞ անկեղծ ըլլալ ու շահիլ ժողովուրդին վստահութիւնը, քան թէ ստել ու խաբուած, կամ ալ իրազեկՙ սակայն ինչ-ինչ պատճառներով ձայն չհանող հետեւորդներ ունենալ:
Չունի՞նք կարողութիւններ, ունի՛նք, շա՛տ, բազմաթիւ մարզերու մէջ: Մեր փոքրութեան համեմատ, մեծ կարողութիւններ ունինք, սակայն մեր ունեցածները բաւարա՞ր են մեր երկրի եւ Արցախի անկախութիւնը պահպանելու եւ մնայուն դարձնելու: Եթէՙ ո՛չ, ինչպէ՞ս ընենք, որ հասնինք կատարելութեան ու կրկնապատկենք մեր կարողականութիւնը: Միայն այս պարագային կը յաջողինք, մտածուած, ծրագրաւորուած լուրջ աշխատանքով, ո՛չ փչոցներով: