Մարդիկ կը կարծեն թէ, երբ լաւ բան մը քննադատեն, ատիկա իրենց եսը շոյելու կողքինՙ ուրիշներու աչքին կը մեծնան ու յարգանքի կ՛արժանանան:
«Տե՛ս, ինչպէս անվախօրէն քննադատած է, առանց քաշուելու «չհաւնեցայ» ըսած է, երեւի մարդը բան մը գիտէ որ կը համարձակի քար նետել շատերուն կողմէ գնահատուած գործի մը վրայ»:
Քննադատելն ու չարախօսելը իրարմէ շատ հեռու բաներ են, որոնց տարբերութիւնը գիտնալու համար հարկ է ճանչնալ հեղինակին անձը, ապա կողմնորոշուիլ:
Չարախօսութիւնը տգէտներուն զէնքն է. տգէտներ, որոնք ատակ չեն որեւէ լաւ բան ընելու, նոյնիսկ տեսնելու, զոռ կու տան քննադատութեան, ծածկելու համար իրենց մերկութիւնը: Ժխտական բոլոր ածականները իրենցն են: Չեն տեսներ գեղեցկութիւնը, որովհետեւ գեղեցկութիւն մը տեսնելն ալ առաւելութիւն է, իսկ տեսածը գնահատելըՙ կրկնակի առաւելութիւն է ու անապակ նկարագրի ցուցանիշ:
Կը դառնանք, կը դառնանք ու նոյն բանը կը կրկնենքՙ հայերուս «խասիաթն» է կ՛ըսենք բան չհաւնիլը, որովհետեւ մեծամիտ ենք: Բայց, ո՛չ, այդպէս չէ, բոլոր ազգերուն մէջ ալ կան նման հիւանդագին երեւոյթներ, քանի որ բոլոր ազգերուն մէջ ալ կան տգէտ զանգուածներ, մասնաւորաբար թերզարգացած խաւերուն մէջ:
Եթէ մէկը անուս է, ներելի է իր չհասկնալը, արուեստ, գրականութիւն, կամ երաժշտութիւն չգնահատելը. Փորձանքը կիսագրագէտ-կիսազարգացած իմաստակներն են, որոնք անպայման կարծիք յայտնելու մարմաջէն կը տառապին եւ ցոյց տալու համար, որ իրենք ալ պակաս հասկցողը չեն, ինչ ապուշութիւն ըսես դուրս կու տան:
Մենք կը կարծէինք, որ այսպիսիներուն միայն Սփիւռքի մէջ կարելի է հանդիպիլ, սակայն մէջտեղ եկաւ որ Հայաստանի մէջ ալ քիչ չեն այդպիսիները:
Օրինակներ շատ են, սակայն ամենաթարմը Երեւանի 2800-ամեակին նուիրուած նորաբաց այգին է, որ կառուցուեցաւ բարերարութեամբ Վարդանեան եղբայրներուն, մարդիկ, որոնք իրենց յաջողագոյն, շահաւէտ գործարքին կողքին, չեն մոռնար հայրենիքին ալ բաժին հանել: Բարձր ճաշակով նախագծուած եւ իրագործուած այս այգին իր գեղեցկութեամբ անմրցելի է: Այստեղ բնութիւն ու ձեռակերտ արուեստը ընդելուզուած են ճաշակով ու բարձր մակարդակով: Շատեր իրենց անվերապահ հիացմունքն ու գնահատանքը արտայայտելու չթերացան, սակայն գտնուեցան մարդիկ ալ, որոնք փորձեցին նսեմացնել եղածը:
Ժողովուրդ ջան, շնորհակալ ըլլալ չե՞նք գիտեր.մարդիկ որոնք իրենց կեանքին մէջ ոչ թէ ծառ, այլ սածիլ մը իսկ չեն տնկած, կը քննադատեն որ այգիին ծրագիրը գործադրելու համար քանի մը ծառ վերացուցեր են, առանց նկատի առնելու, որ անոնց փոխարէն բազմատեսակ 250 նոր ծառեր տնկուած են, որոնք քանի մը տարիէն անտառ մը կը կազմեն: Բայց բան մը պիտի ըսեն անպայման, չէ՞, պարզապէս որպէսզի ըսած ըլլան:
Քանի օր է արդէն ժողովուրդը կը խուժէ տեսնելու նոր այգին, քալելու հայկական գորգերու նախշերու նմանակութեամբ խճանկարուած արահետներէն, տեսնելու բազմերանգ ջուրեր ցայտող շատրուանները, հանգչելու հանգստաւէտ նստարաններուն վրայ, լուսանկարուելու պղնձաձոյլ արձաններուն հետ:
Մայրաքաղաքի այս հատուածը բախտաւորուած է այժմ, իրար կողքին ունենալով երեք այգիներՙ Անգլիական (Սունդուկեան) այգին, 26 կոմիսարներու (Մանկական) այգին իր բազմամեայ հսկայ ծառերով, ու անոնց միջեւՙ Վարդանեաններու այս նոր այգին:
Երեւանը որոշ չափով հարուստ է իր այգիներով, անոնք թոքերն են քաղաքին, որպէս թթուածին մատակարարող, գեղեցիկ ու հովասուն զբօսավայրեր, բան մը, որ կրնայ նախանձը գրգռել ուրիշ քաղաքներու, որոնց մէջ կը պակսին այսօրինակ բարիքներ: Պէյրութը որ ամէն ինչ ունի, շնորհքով հանրային պուրակ մը իսկ չունի: