ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ«Մենք կը խաղանք անտառին մէջ ,Երբ որ գայլը հոս չէ ,Գայլ, գայլ, ո՞ւր ես դուն: »Հաւանաբար բոլոր երախաներուն ալ ծանօթ է այս խաղը, երբ անոնք ձեռք-ձեռքի շրջանակ կազմած կը դառնան ու կ՛երգեն եւ իւրաքանչիւր անգամ հեռուն պահուըտած գայլը կը պատասխանէ, թէ կը պատրաստուիՙ դէմքը կը լուայ, մազերը կը յարդարէ, կը հագուի… մինչեւ որ «ահա՛ եկայ» ըսէ, ու երախաները վախնալ ձեւացնելովՙ պոռչտուքով ու իրարանցումով շրջանակը ձգեն եւ իւրաքանչիւրը տեղ մը թաքնուի, որպէսզի գայլը զինք չուտէ:Ես կը կարծէի, որ այս խաղը մեր մանկութեան հին օրերուն հետ մնաց սփիւռքի մէջ, սակայն տեսայ որ նոյն խաղը Հայաստանի մէջ ալ ընդհանրացած է, մէկ տարբերութեամբՙ հոս մանկական այս խաղը մեծավարի կը խաղան:– Մենք կը խաղանք մեր երկրին մէջ ,Երբ որ գայլը հոս չէ ,Գայլ, գայլ, ո՞ւր ես դուն .- Ժանիքներս կը սրեմ… մեծ եղբօրս հետ ձեր սահմանին մօտ փորձեր ըրի, հիմա ալ Նախիջեւանի մէջ կ”ընեմ, – կը պատասխանէ գայլը:- Է՞…- Բան չկայ, դուք շարունակեցէք մէկ կողմէն խաղալ, պարել, ցատքել, միւս կողմէն իրարու միս ուտել… Մի խնայէք նաեւ Ղարաբաղին, հոն ալ անհանդարտ վիճակ մը ստեղծեցէք, որ անոր ամրութիւնն ալ տեղի տայ ու սկսի քայքայուիլ:- Մենք զօրաւոր ենք, մենք միշտ մեր կռիւներէն առաջ պարած ենք, պարելով դիմադրած ենք թշնամիին:- Լաւ կ՛ընէք, շարունակեցէք ձեր թաւշեայ պարերը, ձեր «թաւշեայ յեղափոխութիւն»ն ալ,-որմով կը հպարտանաք,- արդէն թաւիշը սկսած է թաղիքի վերածուիլ:- Նախանձն է որ կը խօսի ձեր բերնով: Մենք գիտենք ե՛ւ պարել, ե՛ւ պէտք եղած ատեն ալ պարը մարտապարի վերածել: Մեր խաղաղ ու անհոգ մնալուն մի՛ նայիր: Չե՞ս լսած մեր Շիրազին «Էքսպրոմտ»ըՙ«Մենք խաղաղ էինք, մեր լեռների պէս» ը, որ կ՛աւարտի այսպէս«Դուք հողմերի պէս կը կորչէք վայրագ»… Այո՛, մենք կը պարենք ու ձեր խերն ալ կ՛անիծենք:***Երեւանը խաղաղ է. մեր ռազմական օդանաւերը կ՛ակօսեն մեր երկնակամարը, սակայն վարը պատերազմի հեռաւոր վտանգի նշոյլ իսկ չ՛երեւիր: Հայ եւ օտար զբօսաշրջիկներու հոսքը ոչինչ խանգարած է:Կա՛մ մենք շատ ուժեղ ենք, կա՛մ ալ… |