Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ մարմին Յունիս 18, 2019, Լոս ԱնճելըսԵրկար տարիներէ ի վեր կար ձեւաւորուած սկզբունք, որ Սփիւռքի հետ անմիջականօրէն առնչուող գերատեսչութեան ղեկավար պէտք չէ նշանակուի ընդգծուած կուսակցական հակումներ ունեցող անձ մը,որպէսզի յարգուին Սփիւռքի տարբեր համայնքներէն ներս գոյութիւն ունեցող իւրայատկութիւններն ու զգայնութիւնները ու նշանակուած անձին շուրջ վերապահութիւններու պատճառով չվնասուի Հայրենիքի հետ կապերու ամրապնդման կարեւոր գործը:Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի պաշտօնին Զարեհ Սինանեանի նշանակումով դժբախտաբար հաշուի չէ առնուած այս կարեւոր պարագան, նկատի ունենալով որ ան իր քաղաքական գործունէութիւնը ծաւալած է սփիւռքի ամենէն բազմամարդՙ Լոս Անճելըսի հայ համայնքէն ներս, բացառապէս Դաշնակցութեան հովանաւորութեան տակ գործող կառոյցներուն գծով եւ առանձնացած է իր հրապարակային խնդրայարոյց եւ երբեմն անպատասխանատու ելոյթներով եւ յայտարարութիւններով:Մասնակցելով տեղական ընտրական գործընթացներուն, ան դրսեւորած է խիստ յարձակողական վերաբերմունք իր քաղաքական հակառակորդներուն նկատմամբՙ յատկապէս մեր կազմակերպութեան հասցէին կատարելով մեղադրանքներ, պարզ այն պատճառաւ, որ չենք պաշտպանած իր նախընտրած թեկնածուին:Կլենտէլի քաղաքապետարանէն ներս իր պաշտօնավարման ընթացքին եւս, Պր. Սինանեան չէ կարողացած ցուցաբերել լայնախոհութիւն եւ հանդուրժողականութիւն ու գործած է հատուածական նկատառումներով:Զարեհ Սինանեան ազատ է իր քաղաքական հայեացքներուն մէջ, սակայն անցեալի իր կենսագրականը չի կրնար անտեսուիլ կամ մոռացութեան մատնուիլ, որ անպայմանօրէն իր ժխտական անդրադարձը պիտի ունենայ իր պաշտօնավարման ընթացքին: Զարեհ Սինանեան չի լրացներ սփիւռքի բոլոր կառոյցներուն հետ հաւասար հեռաւորութեան վրայ գտնուելու անհրաժեշտ նախապայմանը ու հետեւաբար մենք խիստ վերապահութիւն կը յայտնենք այս նշանակումին կապակցութեամբ: |