Էրտողանը ռմբակոծեց Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան քրտական շրջանները եւ այդ ընթացքին թիրախ դարձուց ու քանդեց ԻՊ-ի աւելի քան հազար ահաբեկիչներու կալանավայրը, որուն պատճառով բանտարկեալները ազատ արձակուեցան ու վերադարձան իրենց «մասնագիտութեան»…
Մարդասիրական առաքելութեամբ Տէր Զօրի մէջ գտնուող Գամիշլիի կաթողիկէ համայնքի քահանայ Յովսէփ Պետոյեան եւ իր հայրը սպաննուեցան, իրենց ինքնաշարժին վրայ արձակուած փամփուշտներէն: Այս միջադէպին հետեւեցաւ Գամիշլիի ռմբակոծումը, որուն պատճառով զոհ գացին վեց խաղաղ բնակիչներ:
Էրտողանը Արեւմուտքին սպառնաց իր մօտ գտնուող եւրոպացի իսլամիստներին վերադարձնել իրենց երկիրները, ուրկէ եկած ու միացած են ԻՊ-ին: Արդէն յայտարարուեցաւ, որ վեց ֆրանսացի ահաբեկիչներ պիտի ուղարկուին Ֆրանսա:
Այդ ահաբեկիչները եւ իր հողերուն վրայ գտնուող գաղթականներն ընդհանրապէս բաւական ազդեցիկ «զէնքեր» են, որոնց վերադարձումի սպառնալիքները լրջօրէն կը մտահոգեն Եւրոպան:
Պահ մը պատկերացնենք, որ Էրտողանը իր սպառնալիքներուն դէմ իր ակնկալած «հատուցումը» չստացաւ եւ այդ ծանր, բայց «շահաբեր» բեռը ուղարկեց Եւրոպա: Ի՞նչ կացութեան պիտի մատնուին զանոնք ակամայ ընդունած երկիրները: Գաղթականներու անտանելի բեռէն անջատ, իւրաքանչիւր երկիր, պարզ է, որ իր քաղաքացին, որ տարիներ առաջ երկիրը լքած ու միացած է այդ ահաբեկչական կազմակերպութեան, պիտի ընդունի, սակայն ինչպէ՞ս պիտի վարուի անոր հետ. պիտի հարցաքննէ, պիտի դատապարտէ ու պատժէ՞, պիտի ներէ՞. ի՞նչ պիտի ընէ: Անոնցմէ շատեր, շատ երիտասարդ, նոյնիսկ պարմանի, հաւանաբար արկածախնդրութեան սիրոյն գացած ու միացած են ահաբեկիչներուն, հաւանաբար վերջը զղջացած, սակայն անոնց դասալքութիւնը ոչ միայն հակաօրինական է, այլեւ ծանրագոյն պատիժի սպառնալիքով եղած է: Իսկ իգական սեռի կամաւոր մասնակիցները, որոնք կամայ թէ ակամայ կենակցած են ահաբեկիչներու հետ եւ երեխաներ ալ ունեցած են, ի՞նչ պիտի ըլլայ անոնց վիճակը, եթէ անշուշտ անոնց Տաէշական հայրը չէ յաջողած արգիլել անոնց փախուստը:
Հեռատեսիլէն ցոյց կը տրուէր լրագրողի մը հանդիպումը ադ տեսակի ամուսնութիւններէն ծնած երեխաներու հետ, որոնք արդէն 6-7 տարեկան մանուկներ դարձած են: Խարտեաշ մազերով ու կապոյտ աչքերով մանուկի մը երբ լրագրողը հարցուց, թէ ո՞ր տեղացի է, պզտիկը լեհ եմ ըսաւ, որմէ ետք տեսանք, որ իսլամ պահպանողական կիներու նման սեւերու մէջ փաթթուած կին մը անոր ձեռքէն քաշեց ու տարաւ, դժգոհՙ եղածէն: Հաւանաբար հայրը, կամ մայրը լեհ է, որ երախան եւրոպացիի կը նմանի:
Եւ մարդու ուղեղին մէջ կը շարունակէ մրճահարել «ինչո՞ւ»-ներու տարափը: Մարդ Աստուծոյ, ի՞նչ գործ ունէիք այս կողմերը, չէի՞ք գիտեր թէ ո՞ւր կ՛երթաք, ի՞նչ կազմակերպութեան կը միանաք: Գիտէիք, սակայն արկածախնդրութեան ծարա՞ւը ձեզ մղեց, թէ՞ խոստացուած դրամն ու վայելքը: Անմիտ երիտասարդութիւն, այս ձեւով դուք ձեր ձեռքերով չքանդեցի՞ք ձեր ապագան:
Հիմա, արդէն ազատութեան մէջ գտնուող ԻՊ-ականները կա՛մ Իրաք գացած են, կա՛մ Սուրիա մնացած ու վերամիացած իրենց կազմակերպութեան եւ արդէն վերսկսած իրենց ահաբեկչութիւններուն, քանի որ թատերաբեմէն Պաղտատիի չքացումէն ետք, նոր ղեկավարութիւնը անհրաժեշտաբար զարթօնք մը պիտի ապրի, շրջան մը բաւական թուլացումէ ու անգործութեան մատնուելէ ետք:
Էրտողանի նուէրը մարդկութեան: Ու կը շարունակեմ չհասկնալ Թուրքիոյ առեղծուածը, որուն մասին գրած էի քանի մը շաբաթ առաջ: Հիմա Թուրքիոյ առեղծուածին կողքին Էրտողան առեղծուածն է ամենաանհասկնալին… Բոլոր կողմերէն փչող քամիներուն ի հեճուկս, այս մարդը աննկուն կանգնած է ու կքելու ալ նպատակ չունի:
Զօրաւորը ի՞նք է, թէ՞ շուրջիններն են տկար: