Հայաստանի ներքին կայունութիւնն ու տնտեսական բարելաւումը, ուրիշ փոքր երկիրներու նման, կախեալ է արտաքին ազդակներէ: Թավշեայ յեղափոխութիւնը եկաւ վերջ տալու փտածութեան եւ կողոպուտի քաղաքականութեան, սակայն տակաւին որոշ ժամանակի կը կարօտի իրագործելու համար իր խոստումներն ու նպատակները:
Տնտեսական բարելաւումները դեռ լիովին չեն վերածուած ընտանիքներու բարեկեցութեան եւ երկրին շրջափակումն ու արտաքին ազդակները կրնան պատճառ դառնալ անոնց յապաղումին:
Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ գործադրուած շրջափակումին նպատակը Հայաստանի տնտեսական յառաջխաղացքը խափանել չէ միայն, այլեւ լրումին հասցնել ցեղասպանութեան այն գործընթացը, որ գործադրուեցաւ 104 տարիներ առաջ – ապացոյցՙ Ալիեւի գանգատը թրքալեզու ազգերու վերջին համագումարին, որ կայացաւ Պաքուի մէջ, թէՙ Սիւնիքը պատուար մը կը հանդիսանայ համաթուրանական ազգերու միութեան: Բացայայտ այդ խոստովանութեան կու գայ միանալ վերջերս քողազերծուած թրքական ծրագիրը Հայաստանի վրայ արշաւելու: Ի դէպ, եթէ Թուրքիա որոշէ յարձակիլ Հայաստանի վրայ, մեծ պետութիւնները ունին պատրաստ պատրուակներ չմիջամտելու. արդարեւ, Թուրքիա այսօր անպատիժ կերպով կը շարունակէ իր գրաւման տակ պահել տարածքներ Կիպրոսէն, Իրաքէն եւ Սուրիայէն:
Այսօրուան խնդիրները տարբեր են եւ անմիջական. Ամերիկան պատժամիջոցներ կը սահմանէ ընդդէմ Իրանի, իսկ Ռուսաստանըՙ Վրաստանի. սակայն յակամայս, այդ պատժամիջոցներուն հետեւանքները կ՛անդրադառնան Հայաստանի իրավիճակին, որովհետեւ այդ երկու երկիրները կը հանդիսանան վերջին ելքերը Հայաստանի համար, արտաքին աշխարհին հետ յարաբերելու եւ առեւտուր ընելու:
Վրաստան անկախութենէն ի վեր ենթարկուեցաւ արտաքին ու ներքին ցնցումներու. Իրան իր կարգին, ենթակայ է արտաքին ճնշումներու, որոնք կը ձգտին երկիրը առաջնորդելու ներքին պայթումի:
Վրաստանի եւ Իրանի մէջ վերջերս կայացան հսկայ ցոյցեր. առաջինին պարագային խնդրոյ առարկայ էին վերացական խնդիրներ – ժողովրդավարական եւ սահմանադրական փոփոխութեանց վդրաբերեալ. իսկ Իրանի պարագայինՙ պոռթկումին պատճառը հացի խնդիրն էր: Իրանի ժողովուրդը արդէն երկար ատենէ ի վեր ճնշուած է իսլամական խիստ օրէնքներու ներքեւ, որոնց վրայ յանկարծ աւելցաւ քարիւղի թանկացումը 50 տոկոսով: Արդէն Ամերիկայի պատժամիջոցներուն նպատակն ալ այդ էՙ այսինքն տնտեսական սեղմումներով ապակայունացնել երկիրը եւ յաջողցնել իշխանութեան տապալումը:
Վրաստանը բազմազգ երկիր է եւ կը փորձէ ուշացած գաղթատիրութեան դեր կատարել: Մեկրելներն ու թուրք մեցխեթները, թիւով փոքր ըլլալով, կրնան ձուլուիլ վրացիներու հետ: Սակայն, ինքնագիտակցութեան զօրաւոր տուեալներով օժտուած են մնացեալ ազգութիւներըՙ հեշտիւ ձուլուելու համար աճարները, օսէթները, ապխազները ու հայերը ցարդ պահպանած են իրենց լեզուն եւ ազգային գիտակցութիւնը: Այդ պատճառով ալ Վրաստանի վերապրումն ու հողային ամբողջականութեան պահպանումը կարելի կ՛ըլլայ ապահովել միայն դաշնակցային դրութեամբ, ուր իւրաքանչիւր ազգային միաւոր կը վայելէ ներքին ինքնավարութիւն: Այլապէս երկիրը ժամացուցաւոր ռումբ եւ ցեղային մոզայիքի մը բնոյթը կը պահպանէՙ անակնկալ պայթումի վտանգներով լի, ինչպէս պատահեցաւ Աճարիայի, Ապխազիայի եւ Օսեթիայի մէջ:
Միխայէլ Սաակաշվիլի, վարդերու յեղափոխութեամբ տապալելէ ետք Շեւարտնաձէի վարչակարգը, թէեւ յաջողեցաւ ներքին արագ բարեփոխումներ իրականացնել, սակայն ձախողեցաւ իր արտաքին քաղաքականութեան մէջ: Նախ բանակը ղրկեց Աճարիա, օրուան ղեկավար Ասլան Ապաշիծէի ըմբոստութիւնը զսպելու. իսկ Ռուսաստանը, սիրաշահելու համար Սաակաշվիլին, օգնութեան հասաւ եւ օդանաւով Ապաշիծէին տարաւ Մոսկուա. Մոսկուա ողոքումի նոյն քաղաքականութեան դիմեց, երբ Վրաստանը պահանջեց ռուսական ռազմախարիսխին հեռացումը Ջաւախքէն: Ռուսաստան անմիջապէս համակերպեցաւ ռազմախարիսխը կանխահասօրէն լուծարելովՙ տեղւոյն հայերը թողուլ անպաշտպան եւ տնտեսական կարիքի դիմաց. որովհետեւ ռուսական ռազմախարիսխը թէ՛ ֆիզիքական ապահովութիւն կը նշանակեր տեղւոյն հայերուն եւ թէ՛ աշխատանքի վայր:
Սաակաշվիլին, տառացիօրէն շփանալով փորձեց նոյն մեթոտները կիրարկել Հարաւային Օսեթիոյ նկատմամբ: Բայց այս անգամ, 2008-ի Օգոստոսին, ռուսական հրասայլերը հատեցին Վրաստանի սահմանը, անդամահատելով երկրին հողային ամբողջականութիւնը: Այդ պատերազմի հետեւանքով Ապխազիա եւ Հարաւային Օսեթիա տիրացան անկախութեան:
Վրացիք ազգայնամոլ են եւ երբեք պիտի չհաշտուին այն գաղափարին հետ, որ կրնան փոքրամասնութեանց ինքնավարութիւն տալով դաշնակցային դրութեան միջոցաւ վերականգնել երկրին հողային ամբողջականութիւնը:
Դժբախտաբար Հայաստան չի կրնար Ջաւախքին ընծայել այն նեցուկը զոր Մոսկուա ընծայեց Ապխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիայի:
Այս կապակցութեամբ մարտահրաւէր մը ունի սփիւռքը, ապահովելու Ջաւախքի ինքնավարութիւնը, անոր ամբողջական հայաթափումէն ու ձուլումէն առաջ:
Վրաստանի այսօրուան տագնապը անմիջականօրէն առնչուած չէ երկրի ազգային դրուածքին հետ:
Սաակաշվիլիի իշխանութիւնը տապալող Իվանաշվիլիի հիմնած կուսակցութիւնըՙ «Վրացական երազ», տագնապի մէջ է, իշխանութեան մեծամասնութիւնը իր ձեռքին մէջ ունենալով հանդերձ, կամՙ պատճառաւ:
Վրաստանի սահմանադրութիւնը կողմնակալ կերպով կը նպաստաւորէ «Վրացական երազ» կուսակցութիւնը: «Միասնական Վրաստան» ընդդիմադիր կուսակցութեան առաջնորդ եւ խորհրդարանի նախկին նախագահ Նինօ Պուրճանածէն այս կացութիւնը կը նկատէ իբրեւ ապակայունացնող ազդակ: Նոյնպիսի բնորոշումներ կու տան այլ կուսակցութիւններ եւս, որոնց ի պատասխան իշխող կուսակցութիւնը խոստացած էր փոփոխութիւններ մտցնել սահմանադրութեան մէջ, առիթ ընծայելու համար, որ միւս կուսակցութիւնները եւս իրաւունք ունենան համեմատական ներկայութեան խորհրդարանի մէջ: Խորհրդարանի վերջին նիստին փոփոխութեանց առաջարկը ձախողեցաւ քուէարկութեան ընթացքին, պատճառ դառնալով զանգուածային ցոյցերու: Նոյնիսկ երկրին նախագահըՙ Սալոմէ Զուրապաշվիլի ցուցարարներու արգելքով չկրցաւ դուրս գալ ճաշարանէ մը, ուր գացած էր ընթրելու:
Արդէն Վրաստան քանի մը ամիս առաջ հրապարակ դարձած էր հակառուսական ցոյցերու, երբ ռուս երեսփոխան մը ելոյթ ունեցած էր խորհրդարանին մէջ. վերջին աննպաստ քուէարկութեան պատճառով «Վրացական երազ» կուսակցութեան պատկանող 12 պատգամաւորներ հրաժարեցան եւ անոնցմէ մէկը, խորհրդարանի փոխ խօսնակ Թամար Զուկաշվիլի, յայտարարեց. «Ամիսներէ ի վեր իմ պարտականութիւնս եղած էր բոլորը համոզել, որ խորհրդարանը պիտի յաջողցնէր բարեփոխութեանց ծրագիրը. բայց քանի որ մենք չյաջողեցանք իրագործել մեր խոստումը, որոշեցի իմ վրայ վերցնել պատասխանատուութիւնը»:
Վրաստանի ապակայունացումը կ՛անդրադառնայ նաեւ Ատրպէյճանի արտաքին առեւտուրի վրայ եւս, քանի կազատար խողովակներն ու հաղորդակցութեան այլ միջոցները կ՛անցնին Վրաստանէն:
Գալով Իրանինՙ ցոյցերը ժամանակաւորապէս դադրած կը թուին ըլլալ: Սակայն, պայթումը հաւանական է որեւէ ժամանակ. որովհետեւ ամերիկեան պատժամիջոցներու հետեւանքով ստեղծուած տնտեսական տագնապը կը շահագործուի դուրսի ազդակներով. Ամերիկա, Իսրայէլ եւ Սէուտական Արաբիա հետամուտ են տապալելու Իրանի այժմու կառավարութիւնը:
Նախագահ Օպամայի օրով ստորագրուած հիւլէական համաձայնութիւնը ջնջուեցաւ նախագահ Թրամփի կողմէ, դուռ բանալով որ Իրան եւս, իր կարգին, վերստին ձեռնարկէ հիւլէական ռումբի ծրագրին. բան մըՙ որուն դէմ է Իսրայէլը եւ կրնայ ոեւէ ատեն բախումին մէջ ներքաշել նաեւ Ամերիկան: Պայթունավտանգ կացութիւն մը, արդարեւ, որուն հետեւանքներէն պիտի ուզէ օգտուիլ Ատրպէյճանը:
Հայաստանի համար վտանգը ունի երկու աստիճան, առաջինըՙ Իրանի ապակայունացումով պիտի տուժէ Հայաստանի արտաքին առեւտուրը դուրսի աշխարհին հետ, եւ առաջին հերթինՙ Իրանի հետ:
Միւս կողմէ Ամերիկա երկար ատենէ ի վեր կը ծրագրէ անդամահատել Իրանը, օգտագործելով Իրանի բնակչութեան ազգագրական տարբերութիւնները: Արդարեւ, Իրանի 80 միլիոն բնակչութեան 20 միլիոնը բնիկ ազերիներ են, որոնք կը բնակին երկրին հիւսիսըՙ պատմական Ատրպատականի մէջ:
Այս ծրագրին մէջ շահաբաժին ունի նաեւ Ատրպէյճանը, որուն նախկին նախագահըՙ Ապուլֆազ Էլչիպէյ, կ՛ուզէր իրանեան Ատրպատականը միացնել Ատրպէյճանին:
Այդպիսի անդամահատումի մը պարագային պիտի յեղաշրջուի ամբողջ ռազմաքաղաքական հաւասարակշռութիւնը Կովկասին, աննախատեսելի հետեւանքներով:
Երեւանաբնակ իրանագէտ Ահարոն Վարդանեան բաւական մռայլ իրավիճակ կը պատկերացնէ Իրանի իշխանութեանց խախտումի պարագային. ան կ՛ըսէ. «Եթէ Իրանի իշխանութիւնները չկարողանան ողջ երկրով մէկ սահմանել վերահսկողութիւն, ապա Արաքսից հարաւ ընկած տարածքներում մենք կարող ենք ունենալ անկանխատեսելի իրավիճակ, քանի որ այնտեղ կայ թրքախօս զանգուած, որի վրայ շատ լաւ աշխատում է թուրք-ատրպէյճանական քարոզչամեքենանՙ օգտագործելով տարատեսակ գործիքակազմ, մշակութային ժողովրդական դիւանագիտութիւնից սկսած մինչեւ յատուկ ծառայութիւնների մակարդակում: Եւ մենք չենք կարող ասել, թէ ի՛նչ կը լինի, եթէ այդ հատուածներում թուլանայ Իրանի կենդրոնական իշխանութիւնների վերահսկողութիւնը. Նման պարագայում ՀՀ-ի եւ Արցախի ամենաանվտանգ սահմանը կարող է դառնալ ամենից վտանգաւորը. ուստի մեր շահերից չի բխում անկայուն իրավիճակ Իրանում»:
Մինչ Հայաստանն ու հայութիւնը մտահոգութեամբ կ՛անդրադառնան Իրանը ապակայունացնող փորձերուն, անդին թուրքերն ու ատրպէյճանցիները հրճուագին պատրաստութիւններ կը տեսնեն. կը հաղորդուի թէ նոյեմբեր 23-ին «Համաատրպէյճանական շարժում» անուան տակ գործող կազմակերպութիւնը խորհրդակցական կլոր սեղան մը սարքած է Պաքուի մէջ եւ հաւաքին մասնակիցները քննարկած են հետեւեալ նիւթըՙ«Իրանի ապագան եւ թուրքերը»: Քրտա-թրքագէտ Կարէն Յովհաննիսեան , անդրադառնալով յիշեալ հաւաքին կը գրէ. «Ուղղակի յիշեցման կարգով ասեմ, որ Ատրպէյճանում հարաւային Ատրպէյճան են համարում Իրանի հիւսիսային հատուածը, իսկ այնտեղ բնակուողներինՙ իրենց եղբայրները»:
Այսօրուան աշխարհին մէջ որեւէ փոքր երկիր ամբողջական հակակշիռ չունի իր քաղաքացիներուն վրայ, որովհետեւ մեծ պետութիւնները, ինթերնեթով եւ ապատեղեկատուութեամբ կրնան խռովութիւններ յառաջացնել որեւէ երկրի մէջ: Հետեւաբար, զարմանալի չէ որ Իրան ցոյցերու յաջորդ օրն իսկ, նոյեմբեր 16ին փակեց ինթերնեթը, արժանանալով «խօսքի ազատութեան» բանադրանքին:
Իրանի Յեղափոխական պահակագունդէն Զօր. Ալի Ֆատավի յայտարարած է. «Ինչո՞ւ ամերիկացիք այնքան զայրացան, երբ մենք անջատեցինք ինթերնեթը. որովհետեւ ինթերնեթը այն միջոցն է, որով ամերիկացիք կ՛ուզեն իրականացնել իրենց ստորին արարքները»:
Միւս կողմէ Մ. Նահանգներու պետական քարտուղար Մայք Փոմփէօ կոչ ըրած է իրանցիներուն հայթայթել նկարներ ու տեսաերիզներ ցոյցերէն, օգտագործելու համար Իրանի իշխանութեանց դէմ:
Ինչպէս կը տեսնուի, Իրան եւ Վրաստան բարեկամ երկիրներ են. եւ ոչ մէկ կերպով թշնամանք կը ցուցաբերեն Հայաստանի դէմ. սակայն անոնց ներքին ու արտաքին խնդիրները ազդու կերպով կ՛անդրադառնան Հայաստանի վրայ: Այսպէս, Իրան եւ Վրաստան անուղղակիօրէն աքցանի մէջ առած են Հայաստանը, գուցէ եւ հակառակ իրենց կամքին:
Քաղաքական շրջանակներու մէջ բառերու պատերազմը կը շարունակուի բուռն կերպով. կը մնայ մաղթել որ բառերու այդ պատերազմը չյանգի ռումբերու պատերազմի…
«Պայքար» շաբաթաթերթ