Երբ տարիներ առաջ Երեւանի Տրամատիկական թատերախումբը Հալէպ այցելեց, ներկայացումներու աւարտին հիւրը եղաւ ՀԵԸ-ի «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբին, այցելելով անոր կեդրոն-թատերասենեակը ՀԲԸՄ-ի շէնքին մէջ: Դերակատարները փոխադարձ ծանօթացումներէ յետոյ հետաքրքրութեամբ դիտեցին պատերուն վրայի լուսանկարները եւ ծանօթացան արխիւներու պահարանի պարունակութեան, ուր ամենայն բծախնդրութեամբ իրար կողքի դասաւորուած էին թատերախումբի բեմականացուցած ներկայացումներուն ալպոմները, տեսաերիզները, յայտագիր-գրքոյկները, աֆիշ-որմազդներն ու տոմսերէն նմոյշներ:
-Այսքան կանոնաւոր արխիւ ոչ մէկ տեղ չենք տեսել, նոյնիսկ մեր մօտ չունենք,- ըսաւ դերասաններէն մէկը: Նոյն կարծիքը յայտնեցին նաեւ միւսները: Առաջին անձը չէր, որ կը հիանար թատերասենեակի տպաւորիչ պարունակութեամբ: Արդարեւ, Ադամեան թատերախումբի անդամներէն ոմանք յատուկ նուիրումով փարած են գործին,-անշուշտ՝ սիրով եւ անվճար,- ու ամէն ինչ կ՛ընեն, որ Ադամեանը լաւագոյնս դրսեւորուի, իրենց հանգիստի ժամերը նուիրելով կազմակերպչական աշխատանքի, իւրաքանչիւրն իր նախասիրած ասպարէզին մէջ: Այս նուիրեալներուն մէջ իւրայատուկ է երկարամեայ վաստակ ունեցող Ներսէս Տաղլեանը, որուն վերջին իրագործումը հանդիսացաւ թատերախումբի 60-ամեակին նուիրուած «Յուշամատեանը», որ պատրաստուեցաւ գործակցութեամբ թատերական յանձնախումբի անդամներուն:
328 էջերէ բաղկացած այս յուշամատեանը արգասիքն է համարեա՛ 10 տարիներու աշխատանքի (նկատի առնելու է Սուրիոյ պատերազմի տարիները), որուն հիմնական «սեւ» աշխատանքը կատարած է ինք, որ միեւնոյն ժամանակ ատենապետն է թատերական յանձնախումբին: Պատմական բաժինը իմ ստորագրութիւնս կը կրէ, ու որոշ օժանդակութիւն մը ունեցած եմ անոր խմբագրական աշխատանքին մէջ, սակայն ալպոմային բաժինը լրիւ Տաղլեանին կը պարտինք, ուր մանրամասն ներկայացուած են 60 տարիներու ընթացքին բեմ բարձրացած բոլոր ներկայացումներէն տեսարաններ, անոնց դերակատարները, բեմադրիչները, ներկայացումներուն թիւն ու վայրը: 60 տարուան ընթացքին 64 հայ եւ օտար հեղինակներու 96 թատերգութիւն, 621 ելոյթներով, 16 բեմադրիչներու եւ 355 դերակատար-դերակատարուհիներու մասնակցութեամբ: Պատկառելի, խօսուն թիւեր:
Մատեանին մէջ ներկայացուած են իւրաքանչիւր բեմադրիչի բեմադրած գործերուն ցանկը, դերակատարներուն մասնակցած թատերգութիւններու լրիւ ցանկերը, թէքնիք կազմի՝ բեմավար, բեմայարդար, երաժշտական յօրինում, դիմայարդար, նախագծող, զգեստաւորում, լուսաւորում, ձայնաւորում, շինարարական… բոլոր, բոլորին անունները: Թատերախումբին ստացած տիպլոմներն ու պատուոյ գիրերը: Զանազան տարիներու թատերական յանձնախումբի կազմերուն եւ անդամներուն լուսանկարներն ու անունները:
Թատերախումբի անդամներու զանազան տարիներու վաստակին համեմատ շքանշաններով պարգեւատրուածներու ցանկ: Թատերասենեակի հիւրերը, անոնց գրաւոր տպաւորութիւնները, Ոսկեմատեանին մէջ: Մեզմէ առյաւէտ բաժնուած ադամեանականներու անունները:
Յուշամատեանին սկիզբը տեղադրուած են օրհնութեան գիրեր եւ ողջոյնի խօսքեր:
Վերջին էջերուն մէջ թատերախումբի զանազան ձեռնարկներու, դասախօսութիւններու, հաւաքներու, յոբելեանական երեկոներու նկարներ եւ յիշատակութիւններ: Երեւան հաստատուած ադամեանականներու ինքնահաստատման նախաքայլերը՝ նկարներով:
Այս կոթողային գործը լոյս աշխարհ եկաւ օժանդակութեամբ ՀԲԸՄ-ին ու ՀԵԸ-ին եւ առաւել՝ անհատ մեկենասներու նուիրատուութեամբ:
Միակ անպատեհութիւնը այն է, որ գիրքը բաւական ծանր կը կշռէ (1,5 քիլոկրամ), ատոր համար ալ զայն աշխարհի զանազան գաղութները փոստով առաքելը ահագին ծախսի կը նայի, սակայն անպայման ճարը կը գտնուի եւ օրինակ մը կը հասնի իւրաքանչիւր ադամեանականի:
Հալէպի Հայ երիտասարդաց ընկերակցութեան Պետրոս Ադամեանի անունը կրող թատերախումբը երկրի ծանր պայմաններուն տակ իսկ, դադար չէ առած ու կը շարունակէ իր երթը դէպի նորանոր նուաճումներ:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ