Լրագրողներու համահայկական համաժողովները Համակարգող խորհուրդ
Հրաւէր Հայաստանի եւ Արցախի լրատուամիջոցներու խմբագիրներուն
Լրագրողներու Համահայկական համաժողովները Համակարգող խորհուրդը հիմնուելով 29 փետրուար – 1 մարտ 2020-ին Անթիլիասի մէջ կայացած իր նիստին որոշումներուն վրայ, մէկ տարուան ժամանակմիջոցի մէջ կազմակերպեց տարածաշրջանային առցանց խորհրդակցութիւններ: Արդէն իսկ կայացած են Մերձաւոր Արեւելքի, Եւրոպայի, Ամերիկաներու եւ ԱՊՀ երկիրներու մէջ գործող հայկական լրատուամիջոցներու խմբագիրներու առցանց հանդիպումները:
Այս հանգրուանի 5-րդ եւ եզրափակիչ առցանց ժողովը տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի 15 մարտ 2021ին, Երեւանի ժամով 18:00-ին:
Իբրեւ թեմա նկատի առնուած էՙ Հայաստանի եւ Արցախի լրատուամիջոցը ներկայ պայմաններուն մէջ. Դժուարութիւններ եւ դիմագրաւման միջոցներ:
Մասնակցիլ փափաքողներէն կը խնդրուի կապուիլ հետեւեալ ել-նամակի հասցէինՙ panarmenian.media@gmail.com
Ծանօթ. Հայկական լրատուամիջոցներէն կը խնդրուի այս ազդը հրապարակել: