ՀՅԴ Կեդրոնական Վարչութիւն Արեւելեան Ամերիկայի
ՌԱԿ Արեւելեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւն
Փետրուար 26, 2021
ԱՄՆ նոր վարչակազմի կազմութիւնը եւ ԱՄՆ Քոնկրէսի 117-րդ նստաշրջանի մեկնարկը, Արցախի դէմ սանձազերծուած Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի վեցշաբաթեայ պատերազմի լոյսին տակ, առիթներ են նոր հնարաւորութեան` խթանելու ԱՄՆ-Հայաստան յարաբերութիւնները, արծարծելու ատրպէյճանա-թրքական յարձակողապաշտութիւնը, աջակցելու Արցախի անվտանգութեան եւ իրականացնելու հայ ժողովուրդի ազգային եւ ժողովրդավարական ձգտումները:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը – յանձին իր դիւանագիտական ներկայացուցչութեան – եւ ամերիկահայ համայնքը, որպէս մեր գերտէրութեան քաղաքացիներ, իւրաքանչիւրը այս գծով կենսական դեր ունի: Իր հերթին, Հայաստանը բարեբախտութիւնը ունի, որ Ուաշինկթոնի մէջ ներկայացուած երկար տարիներու փորձ ունեցող ու ձեռնհաս դեսպանով` միջազգային դիւանագիտական բարձրագոյն մակարդակներու վրայ արդիւնաւէտ կերպով առաջ տանելու Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային շահերը: Դեսպանն ու անոր արհեստավարժ թիմը դրական գնահատանքի արժանացած են ԱՄՆ իրենց գործընկերներու, ամերիկահայ համայնքի կազմակերպութիւններու լայն շրջանակի եւ Ուաշինկթոնի արտաքին քաղաքական դէմքերու կողմէ:
Որպէս ամերիկեան քաղաքացիական հասարակութեան մէջ խորապէս ընդելուզուած եւ ԱՄՆ կառավարութեան հետ աշխատելու հարիւրամեայ փորձ ունեցող համայնք, մենք անկախ Հայաստանի վերածնունդէն ի վեր նախանձախնդիր եղած ենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգային դիւանագիտական ներգրաւուածութեան աստիճանը վեր պահել մեր հայրենիքի ներքին քաղաքական իրադարձութիւններէն: Վտանգը պարզապէս չափազանց մեծ է արտասահմանի մէջ դիւանագէտներ նշանակելու հարցով այլ ձեւով առաջնորդուիլՙ բացի մասնագիտական հմտութիւններու չափանիշէն: Կուսակցական կամ հատուածական անհանգստութիւններ – որոնք այսօր ակներեւ են Երեւանի մէջ- երբեք առիթ պէտք չէ հանդիսանան արտերկրի մէջ Հայաստանի ներկայացուածութեան նշանակումին համար: Քաղաքականութիւնը պէտք է, ինչպէս կ՛ըսեն, աւարտի ջուրի եզրին:
Այս ծիրին մէջ, յատկապէս վճռական այս պահուն, մենք խստօրէն եւ բացայայտօրէն դէմ ենք պառակտիչ եւ դիւանագիտական ոչ մէկ փորձ ունեցող Լիլիթ Մակունցի նշանակման անպատասխանատու որոշումին, իբրեւ փոխարինող ԱՄՆ-ի մօտ ՀՀ դեսպան Վարուժան Ներսիսեանին: Սոյն նամակով կը պահանջենք, որ բեկանէք զայն առաջադրելու որոշումը եւ մեր սեփական կառավարութեան կը յայտնենք անոր ունականութիւններուն հանդէպ մեր ունեցած վերապահումները: