Լոյս տեսաւ բանասէր, ազգագրագէտ դոկտ. Յակոբ Չոլաքեանի կոթողային երկասիրութիւնըՙ «Սուրիահայ դպրոցի պատմութիւն» ը, որոշումովը ՀՀ ԳԱԱ Հայագիտութեան եւ ազգագրութեան ինստիտուտի գիտական խորհուրդի եւ հովանաւորութեամբ Գալուստ Կիւլպենկեան հիմնարկութեան:
Երկար տարիներու պրպտումներու, ուսումնասիրութեանց եւ տքնաջան աշխատանքի արգասիք հանդիսացող երկհատոր այս գիրքին աւելի քան 1200 էջերը կ՛ընդգրկեն նախաեղեռնեան, յետեղեռնեան եւ մինչեւ մեր օրերու սուրիահայ 240 ամէնօրեայ վարժարաններու պատմութիւնը. որոնց վրայ կ՛աւելնան զանազան բնոյթի այլ դպրոցներ, ընդհանուր թիւը հասցնելով աւելի քան 500-ի:
«Աշխատութիւնը նախատեսուած է հայ գաղութներու պատմութեամբ, հայ մանկավարժութեամբ ու կրթութեամբ հետաքրքրուողներուն համար», ինչպէս ըսուած է գիրքին սկիզբը: