ՄԵՐ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐԸ
Դարձեալ կ՛անդրադառնամ այս երեւոյթին ուրախութեամբ, յուզումով, մտահոգութեամբ, այո՛, չեմ կրնար չանդրադառնալ: Դիմատետրի (ֆէյսպուք) մէջ, իրար ետեւէ տեղադրուած են Հալէպի երկրորդական վարժարաններու պաքալորիայի պետական քննութեանց յաջողած աշակերտներու անուանացանկերը, իւրաքանչիւր անուան կողքին ...







