2021ի Նոյեմբերէն 2022ի Յունուարը ինկած ժամանակահատուածին մէջ, Human Rights Watch-ը հարցախոյզ մը կատարած էր Լիբանանի 1209 ընտանիքների ներկայացուցչական ընտրանիի մը վրայ՝ պարզելու անոնց տնտեսական վիճակը եւ սնունդի, դեղորայքի, բնակարանի եւ կրթութեան հիմնական ծախսերը հոգալու անոնց կարողութիւնը:
Հարցախոյզին արդիւնքները ցոյց տուած էին,, որ պարենային անապահովութիւնը հասած է տագնապալի մակարդակի, քանի որ շատ ընտանիքներ, որոնց շարքին՝ երեխաներ, սոված կը քնանան։ Իւրաքանչիւր տասը ընտանիքէն մէկ չափահաս ամբողջ օրը չուտեր դրամի բացակայութեան պատճառով:
2022ի Յունիսին, այս անգամ ԵՈՒՆԻՍԵՖի կատարած հետազօտութիւն մը պարզած է, որ Լիբանանի բնակիչ ընտանիքներուն մինչեւ 70 տոկոսը պարտքով գումար կը վերցնէ սնունդ գնելու կամ ապառիկով ուտեստեղէն գնելու համար: Ըստ նոյն հարցախոյզի արդիւնքին, նախորդ տարիներու հետ համեմատած, աւելի շատ անչափահաս երեխաներ աշխատանքի կ՛ուղարկուին՝ իրենց ընտանիքները պահելու համար, իսկ շատ երիտասարդ տարիքի իրենց աղջիկներուն մեծ թիւով ընտանիքներ կ՛ամուսնացնեն՝ ֆինանսական ծախսերը թեթեւացնելու համար:
Մինչ կը բացակային պետական լուրջ ծրագիրներ, առաջքը առնելու համար ազգային այս աղէտին, իսկ պետական մակարդակի հազուադէպ միջամտութիւնները, վիճակը հակակշռելու համար, պարզապէս «կարկտաններ» են, 2022ի աւարտով լիբանանցիները կանգնած են մութ իրականութեան մը առջեւ, որ հետզհետէ աւելի ու աւելի անհասկանալի ու վտանգաւոր կը դառնայ:
2023ը չափազանց լուրջ մտահոգութիւններով ու տագնապով լի է: Ամերիկեան տոլարին արժէքը սանձարձակ կը սաւառնի, աւելի եւս վտանգելով լիբանանաբնակ ընտանիքներուն ամենօրեայ ապրուստը:
Արդեօ՞ք, Լիբանանը շուտով կը դասուի ամենաաղքատ երկիրներու շարքին, հակառակ անոր կազային յետաձգուած հարստութեան:
«Զարթօնք» օրաթերթ, Լիբանան