Նախագահ Էրտոկանի համար Թուրքիոյ տարածքին վրայ տեղի ունեցած մահասփիւռ երկրաշարժը աւելի չարագուշակ ժամանակի մը չէր կրնար զուգադիպիլ:
Հարցումները կը տեղան թուրք նախագահին գլխուն: Առաջին հերթին, ան բաւարար միջոցառումներ ձեռք առա՞ծ էր կեանքեր փրկելու համար: Երկրորդ, իր իշխանութեան երկու տասնեակ տարինելուն ընթացքին, հաստատուած օրէնքները, շէնքերու շինութիւնները երկրաշարժի դիմանալու՝ խղճմտօրէն կիրառուա՞ծ էին:
Նախագահական ընտրութիւնները հորիզոնին վրայ, իշխանութիւնը իր ձեռքերուն մէջ պահելու հաւանականութիւնը դարձած է խնդրական: Էրտոկանի ազգային միասնականութեան կոչերը՝ երկրաշարժէն անմիջապէս ետք, մեծաւ մասամբ անտեսուած են թուրք հասարակութեան կողմէ:
Թէեւ նախագահ Էրտոկան ընդունած է թէ աղէտեալներուն օգնութեան հասնելու եւ օժանդակելու գործին մէջ կարգ մը թերութիւններ կատարուած են, սակայն ծիծաղելիօրէն երկրաշարժի աղէտը վերագրած էր ճակատագրին «Նման բաներ միշտ պատահած են: Ճակատագրիս մաս կը կազմեն», ըսած է ան:
Այսօր շուրջ 8 միլիոն թուրք քաղաքացիներ անպատսպար կը մնան, ձմեռային ցուրտին դէմ: Թուրքիոյ 81 նահանգներէն 10ը անմիջական օգնութեան սպասեցին բազմաթիւ օրեր: 30 հազար թուրք մասնագէտներ եւ 40 երկիրներէն եկած կամաւորներ վերջապէս գործի լծուեցան:
Աւելի քան 60 հազար շէնքեր փլատակ դարձած են: Դժբախտաբար երկրաշարժներու շտապ օգնութեան գումարտակները անկարող էին հասնիլ աղէտեալ գօտիներուն, որովհետեւ բաւարար մարդուժ չունէին:
1999 օգոստոսի երկրաշարժին, Թուրքիոյ զինեալ ուժերը օգնութեան փութացին: Սակայն ինչպէս ծանօթ է թուրք նախագահը արդեն աստիճանաբար սկսած էր ջլատել թուրքական բանակը, մրցակից չունենալու համար: Այս երկրաշարժը շատ աւելի մեծ էր 1999ի հետ բաղդատած, սակայն բանակին բացակայութիւնը, օգնութեան գործը շատ աւելի դժուարացուց եւ դանդաղեցուց:
2020 Յունուարի երկրաշարժէն ետք Էլազիկի (հայկական Խարբերդ) մէջ. ոչ շատ հեռու Քահրամանմարաս քաղաքէն (ամենէն աւելի տուժած շրջանը). Istambul Technical University-ի երկրաբան ճարտարագէտ փրոֆ. Նաչի Կորիւր ազդարարած էր թէ Ատիյաման եւ Քահրամանմարաս, ինչպէս նաեւ շրջաgայ քաղաքները ենթակայ են աննախընթաց երկրաշարժի: «Ես ազդարարեցի տեղական կառավարութեան, կառավարիչներուն եւ կեդրոնական կառավարութեան: Կը խնդրեմ որ կանխամիջոցներ որդեգրէք ձեր քաղաքները երկրաշարժի դէմ պատրաստելու համար»: Սակայն ոչ ոք լուրջի առաւ ազդարարութիւններս, յայտնած է ան:
Թուրքիոյ ամենէն հեղինակաւոր երկրաշարժի ճարտարագիտութեան մասնագէտ փրոֆ. Մուսթաֆա Էրտիք հսկայական մարդկային կորուստը կը վերագրէ բարձր որակի սիմենթ չի գործածուելուն եւ շինարարական օրէնքները անտեսուելուն:
Ընդդիմադիր ճակատի ղեկավար (CHP) կուսակցութեան պարագլուխ Քեմալ Քըլըչտարօղլու յայտարարած էր թէ քսան տարիներու իր իշխանութեան օրերուն, նախագահ Էրտոկան երկիրը պատրաստած չէ այս երկրաշարժին:
Ընդդիմադիր այլ քաղաքական անձնաւորութիւններ հարց կու տան թէ 1999ի երկրաշարժէն ետք “երկրաշարժի միասնականութեան” տուրքէն գոյացած գումարները ո՞ւր գացին: Այս գումարներուն նպատակն էր շէնքերը երկրաշարժի դէմ պաշտպանել:
Միեւնոյն նպատակի համար, բջիջային հեռաձայներու, ձայնասփիուռի եւ հեռուստատեսիլի գործածութեան վրայ մինչեւ այսօր գտուած տուրքերը ցարդ հասած են 4.6 միլիառ տոլարի:
Քաղաքաշինութեան պաշտօնատարներ յաճախ բողոքած են ու բացայայտ այն իրողութեան դէմ, թէ շէնքերու շինութեանց օրէնքները կանոնաւոր կերպով չեն գործադրուած: Աւելին, անոնք մատնանշած են թէ 2018 թուականին պետութիւնը ներում շնորհած է այս օրէնքները խախտողներուն եւ թոյլ տուած է շինութեան օրէնքներուն չհետեւող 6 միլիոն շինութիւններ շարունակեն իրենց գոյութիւնը, առանց որեւէ բարենորոգումներու:
Երբ 2019ի երկրաշարժին Պոլսոյ մէջ շէնք մը փուլ եկաւ խլելով 21 զոհեր, ճարտարագէտներու միութեան նախագահը յայտարարեց թէ այս ներումներուն հետեւանքով թրքական քաղաքները գերեզմանատուներու պիտի վերածուին:
Ի տես այս բոլորին, թուրք նախագահը «անպատիւ» որակած է երկրաշարժի հարցով զինք քննադատողները եւ միասնականութեան կոչ արձակած է թուրք հասարակութեան:
Քսան տարիներ, իշխանութեան վրայ՝ նաեւ որպէս վարչապետ եւ ապա նախագահ, ան սկսած է բռնատիրական ոճով կառավարել երկիրը, կամայական բանտարկութիւնները անհամար են: Նոյնիսկ Պոլսոյ երիտասարդ եւ քաղաքական գետնի վրայ փայլուն ապագայ ունեցող քաղաքապետը դատական հետապնդումի տակ է այժմ ամենաանհեթեթ պատճառաբանութեամբ: Այս շինծու դատական հետապնդման հետեւանքով, ան կրնայ զրկուիլ նախագահական թեկնածու ըլլալէ:
Ուշագրաւ է արձանագրել թէ բազմաթիւ քաղաքներ, ուր համատարած կործանում կայ, Էրտոկանի դաշնակիցներուն կողմէ կը կառավարուի:
Թուրք նախագահին ամենաբարձրաղաղակ քննադատները այսօր կամ կալանաւորուած են եւ կամ արտասահման փախուստ տուած:
Երկրաշարժէն անմիջապէս ետք, պետութիւնը կասեցուցած է Twitterը պատրուակելով թէ շինծու լուրեր կը տարածէ:
Յայտնի թուրք լրագրող Տենիզ Եուչել, այժմ աքսորեալ Գերմանիոյ մէջ, տարի մը բանտի մէջ անցնելէ ետք, վերջերս գրած էր թէ 1999ի երկրաշարժը Էրտոկանը թրքական քաղաքական թատերաբեմին վրայ յայտնի անձնաւորութիւն մը դարձուցած էր: Վերջին այս աղէտը, Թուրք լրագրողին մեկնաբանութեամբ հաստատաբար մեծ դեր մը պիտի խաղայ Մայիսին կայանալիք նախագահական ընտրութիւններուն, սակայն ան չի կրնար գուշակել թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ արդիւնքը:
Նիւ Եորք
ՆԵՐՍԵՍ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
«Զարթօնք» օրաթերթ, Բեյրութ