Երեքշաբթի, 28 Հուլիս, 2026

«Արցախը մեր Հայրենի Հողն է, ուր ունինք պատմամշակութային հզօր ժառանգութիւն. Մեր նախահայրերուն սրբավայր շիրիմներն են այստեղ. Պիտի մնանք ու շարունակենք արարել Արցախի մէջ». Ռուզաննա Աւետիսեան

«ԱրցախըՆերսէն» «ԶԱՐԹՕՆՔ»-ի Հաղորդաշար- 4

Արցախի շրջափակման 15րդ օրն է այսօր: Երէկ Արցախի «Վերածնունդ» հրապարակին վրայ Արցախի մեր քոյրերն ու եղբայրները միահամուռ կերպով ի մի գալով իրենց ուժեղ պատգամը յղեցին աշխարհին:

Մօտէն իմանալու եւ մեր ընթերցողներուն ու հետեւողներուն ծանօթացնելու, թէ քաջարի արցախահայութիւնը ինչպէ՞ս կը դիմագրաւէ այս հակամարդկային աղէտը, ԶԱՐԹՕՆՔի նախաձեռնած «Արցախը Ներսէն» հաղորդաշարին 4րդ հիւրն է Արցախի Մարտակերտ քաղաքի Վարդան Մինասեանի անուան դպրոցի ուսուցչուհի,  ներառական կրթութեան բաժանմունքի (Special Education Department) պատասխանատու Տիկ. Ռուզաննա Աւետիսեանը: