Ուրբաթ, 31 Հուլիս, 2026

ՈՉ ԵՒՍ Է ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ՆՈՒԻՐԵԱԼ ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԵՐԷՃԵԱՆ

Լոս Անճելըսի մէջ կեանքին հրաժեշտ տուաւ հայ մամուլին եւ յատկապէս «Ազդակ» եւ «Գանձասար» օրաթերթերուն հետ իր անունը նոյնացուցած Սարգիս Մահսերէճեան: Մահսերէճեան ամբողջական իմաստով նուիրուած էր «Ազդակ»-ին` վարելով պատասխանատու խմբագիրի, խմբագրապետի եւ տնօրէնի պաշտօններ:

Տասնամեակներ շարունակ ան ձեռնհասօրէն վարեց «Ազդակ»-ի խմբագրական պատասխանատու պաշտօններ, քաղաքացիական պատերազմի ամէնէն դաժան օրերուն «Ազդակ»-ը դարձնելով իր առաջին տունը, ապահովելով անոր անխափան երթը եւ անփոխարինելիօրէն ներդրում ունենալով «Ազդակ»-ի խմբագրական մարդուժի պատրաստութեան:

Մահսերէճեան եղաւ նաեւ «Գանձասար» շաբաթաթերթի հիմնադրութեան նպաստող խմբագիր, պատրաստեց թերթի հրատարակման ատաղձը ու նուիրումով շարունակեց նեցուկ կանգնիլ «Գանձասար»-ին մինչեւ իր մահը։ Վաստակաւոր խմբագրապետ-հրապարակագիրին վերջին յօդուածը լոյս տեսաւ «Գանձասար» բացառիկ 2026-ի տարեկան հատորին մէջ, ուր ան կ՚անդրադառնար սուրիահայ եւ լիբանանահայ, ընդհանրապէս միջինարեւելեան գաղութներու դերին ու հեռանկարներուն։

«Գանձասար»-ի տարբեր խմբագիրներու հետ իր կապը եղած է մշտական, անկեղծ, քաջալերող ու քննադատող առողջ մօտեցմամբ։ Մահսերէճեան ոչ միայն «Գանձասար»-ի, այլեւ սուրիահայ մամուլին մօտէն հետեւող ու անոր աշխատանքներուն մասնակցող մտաւորական էր։

«Ազդակ»-ի, «Գանձասար»-ի, «Ասպարէզի» եւ սփիւռքահայ տարբեր թերթերու էջերը հարուստ են Սարգիս Մահսերէճեանի խմբագրած մեկնաբանական լրատուութիւններով, առաջնորդող յօդուածներով, խմբագրականներով, ինչպէս նաեւ հայկական քաղաքական, մշակութային եւ հասարակական երեւոյթներու վերաբերող յօդուածներով:

Վաստակաշատ խմբագրապետը կը մեկնի այս աշխարհէն` ձգելով հրապարակագրական հարուստ ժառանգութիւն:

Սարգիս Մահսերէճեանի մահով «Ազդակ»-ը, «Ասպարէզ»-ը, «Գանձասար»-ը, հայ հրապարակագրական համայնքը ընդհանրապէս կը կորսնցնեն նուիրեալ, անխոնջ եւ բառացիօրէն մինչեւ իր մահը սփիւռքահայ գաղափարական մամուլին ծառայած գործիչ մը:

«Գանձասար»