Լաչինի (Բերձորի) միջանցքին արգելափակման առնչութեամբ պէտք է գործողութիւններու ձեռնարկել: Այս մասին Twitter-ի վրայ գրառում կատարած է լիբանանահայ՝ բժշկագիտութեան ոլորտի Նոպէլեան մրցանակակիր Արտեմ Փաթափութեան:
«Միջազգային ընտանիքը, պէտք է ուշադրութիւն դարձնէ հայերու դէմ Ազրպէյճանի կառավարութեան կիրառած անմարդկային գործողութիւններուն: Շատերը քննադատած են շրջափակումը, սակայն պէտք է գործողութիւններու ձեռնարկել», գրած է Փաթափութեան, իր գրառման կցելով CNN-ի հրապարակած յօդուածը Լաչինի միջանցքին շրջափակման հետեւանքով Արցախի մէջ յառաջացած ծանր իրավիճակին մասին:
«Զարթօնք» օրաթերթ, Լիբանան