Ատենէ մը ի վեր Անդրանիկ Դովլաթյան անունը կրող ոմն անձ մը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, Շիրակի թեմի առաջնորդ Տ. Միքայէլ եպիսկոպոս Աջապահեանին, այլ բարձրաստիճան հոգեւորականներուն եւ այլոց հասցէներուն, հրապարակային կերպով կը հնչեցնէ հայհոյանքներ եւ զրպարտութիւններ պարունակող արտայայտութիւններ:
Նշուած անձը կոչ ըրած է իր այսպէս կոչուած համակիրներուն, 24 Փետրուարի յետմիջօրէին հաւաքուիլ Էջմիածին քաղաքին մէջ (այլ քաղաքներու մէջ ալ նախապէս փորձած է հաւաքներ կազմակերպել), մասնակցելու իբր թէ «Հայ Առաքելական Եկեղեցիին եւ Հայ ժողովուրդի հոգեւոր արժէքներու պահպանութեան» թեմայով հանրահաւաքի մը: «Հանրահաւաք մը», որ ամէն նախատուեալները ունի ամօթալի շարունակութիւնը ըլլալու պատմական թիւրիմացութեան մը իբրեւ արդիւնք, այսպէս կոչուած թաւշեայ յեղափոխութեամբ մը մեր Հայրենիքին իշխանութիւնը զաւթած խմբակին՝ մերթ բացայայտ, երբեմն ալ թաքուն կերպով Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ Կաթողիկոսին դէմ շղթայազերծած յարձակումին, որ ուրիշ բան չէ, բայց Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին տկարացնելու փորձ, հանդգնելով նսեմացնել անոր ընտրեալ գահակալը:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր Սահմանադրութեան 18-րդ յօդուածին ուժով ճանչցած է Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին ու անոր բացառիկ առաքելութիւնը հայ ժողովրդի հոգեւոր կեանքին եւ անոր ազգային մշակոյթի զարգացման եւ ազգային ինքնութեան պահպանման գործին մէջ: Հետեւաբար Հայաստանի իշխանութեան նուազագոյն պարտականութիւնն է զօրավիգ կանգնիլ Մայր եկեղեցիին:
Փոխանակ իր այս ազգային պարտականութեանը հաւատարիմ մնալու (Սահմանադրական սոյն յօդուածը չեղարկելու միտումը ըստ երեւոյթին նաեւ պատճառներէն մէկն է նոյն իշխանութեան կողմէ ՀՀ Սահմանադրութիւնը փոխելու չարագուշակ ծրագրին), նոյն այդ իշխանութեան ենթակայ Վաղարշապատի Համայնքապետարանը արտօնութիւն տուած է նշեալ կասկածելի անձին, հանրահաւաք մը կազմակերպելու Էջմիածնի մէջ (տես «Որոշում»ին նկարը), իբր թէ հիմնուելով «ՀՀ Հաւաքներու ազատութեան մասին» օրէնքին վրայ: Նոյն այդ համայնքապետարանը, որ օրէնքով պէտք է ըլլայ անաչառ եւ համայնքի խաղաղութեան երաշխաւորը, իր արտօնութեան նամակին մէջ երկու անգամ եւ անտեղի նշած է Անդրանիկ Դովլաթյան կոչեցեալին վերագրուող հանգամանք մը՝ «Հայաստանեայց թեմի Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցիի ձեռնադրած դպիր»… որ մեր համեստ կարծիքով ուրիշ բան չէ, այլ մեր Սուրբ եկեղեցիին դէմ առաջ տարուող դաւադրութիւնը շղարշելու փորձ, իբր ներքին «բարեկարգչական« շարժում, որ կու գայ անոր օծած դպիրի մը կողմէ…:
Այս բոլորէն լաւատեղեակ՝ Մայր աթոռին հաւատարիմ եւ ազգային զգացումներով տոգորուած մեծ թիւով հայորդիներ, որոշած են, որպէս ուխտաւորներ նոյն ժամերուն գտնուիլ Մայր Աթոռի շրջակայքը, պաշտպան հանդիսանալու իրենց հաւատքի կեդրոնին, ընդդէմ հաւանական խուլիգանութեան միտող շարժումի մը (որուն նախակարապետը քանի մը տարի առաջ, Մայր Աթոռի Վեհարանը գրաւելու եւ պղծելու փորձն էր), որ իր արաքը հասցնելով լկտիութեան բարձրագոյն աստիճանի, որդեգրած է ճիշդ նոյն եկեղեցիին պաշտպանութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած «Վարդանանք» անունը:
Ի տես այս իրավիճակին, եւ կանխելու համար հաւանական ամէն տեսակի խժդժութիւն, մեզի զինակից եւ ընկեր՝ «Զարթօնք» Ազգային Քրիստոնէական կուսակցութեան ղեկավար՝ փաստաբան Արա Զոհրապեանի նախաձեռնութեամբ, 23 փաստաբաններ, հիմնուելով խուլիգանութեան վերաբերող ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 297-րդ, եւ ատելութեան, խտրականութեան, անհանդուրժողականութեան եւ թշնամանքի վերաբերող 329-րդ յօդուածներուն վրայ, պատկան մարմիններուն հաղորդում մը ներկայացուցած են, որուն յետագային միացած են 418 քաղաքացիներ, պահանջելով, որ ՀՀ իրաւապահ համակարգը պատշաճ իրաւական գնահատական տայ Անդրանիկ Դովլաթյանի եւ անոր գաղափարակիցներու վարքագիծին:
Յոյսով ենք, որ ՀՀ իշխանութիւնները այսօր եւ յետագային կ՛անդրադառնան իրավիճակին լրջութեանը եւ կը կանխեն ատելութեան այս հողին վրայ ՀՀ քաղաքացիներու միջեւ անխուսափելի բախումներ, մինչ մեր երկիրը առանց այս ալ կը գտնուի օրհասական պահի մը դէմ յանդիման:
Մեր ազգին դիմագրաւած այս անհաւոր օրերուն, թող որ Աստուած անսասան պահէ իր միածին որդոյն հաստատած Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցուոյ Մայր Աթոռը եւ առողջութիւն, համբերութիւն, ուժ եւ կորով պարգեւէ անոր իմաստուն եւ շինարար գահակալին:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Լիբանանի ԶԱՐԹՕՆՔ օրաթերթի
Գլխաւոր խմբագիր