Հերթական անգամն ըլլալով լրագրողները իրենց կեանքը կը զոհեն պատերազմ լուսաբանելու իրենց մասնագիտական պարտականութեան ճամբուն վրայ:
Նոյեմբերի 21-ին երիտասարդ լրագրող Ֆարահ Օմարը և տեսանկարահանող Ռապիի Ալ Մաամարին Լիբանանի հարաւը սպաննուեցան իսրայէլեան հարուածներու հետևանքով: Զոհերը անմիջապէս նախքան հարուածը, ուղիղ եթերով հաղորդում կ՛իրագործէին Տէյր Հարֆայէն, որ կը գտնուի Լիբանանի հետ Իսրայէլի սահմանէն մօտ մէկ մղոն հեռաւորութեան վրայ:
ԶԱՐԹՕՆՔ խստօրէն կը դատապարտէ պաշտօնակից «Ալ-Մայատին» հեռուստատեսութեան կայանի այս երկու քաջարի լրագրողներուն սպանութիւնը իսրայէլի կողմէ:
ԶԱՐԹՕՆՔ-ի մեծ ընտանիքին անունով մենք կը ցաւակցինք գործընկերներ Ֆարահ Օմարի եւ Ռապիի Ալ-Մաամարիի ընտանիքներուն և ընկերներուն, ինչպէս նաեւ այն բոլոր լրագրողներուն ընտանեկան պարագաներուն, որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին սոյն բարբարոսական պատերազմը լուսաբանելու իրենց պարտականութեան ճամբուն վրայ։
Լրագրողներու թիրախաւորումը պատերազմական ոճիրներու մէկ օրինակ է, և Իսրայէլը պէտք է պատասխան տայ իր այս արարքներուն համար։ Ըստ Լրագրողներու պաշտպանութեան միջազգային կոմիտէին, առնուազն 50 լրագրող սպանուած է 7 Հոկտեմբերէն ի վեր ընթացող Իսրայէլ-Համաս պատերազմի սկիզբէն մինչեւ օրս: Ըստ նոյն կոմիտէին, այս պատերազմը լրագրողներու համար ամենամահաբեր ժամանակաշրջաններէն մէկն է այն օրէն սկսեալ, երբ կոմիտէն սկսած է տուեալներ հաւաքել 1992-էն ի վեր:
ԶԱՐԹՕՆՔ իր անվերապահ զօրակցութիւնը կը յայտնէ այն անվախ լրագրողներուն, որոնք իրենց կեանքը կը վտանգէն ճշմարտութիւնը լուսաբանելու համար:
«Զարթօնք», ԼիբանանԼրագրողներու Թիրախաւորումը Պատերազմական Ոճիր Է