«Սուգը յաւերժ է եթէ պայքար չկայ»
Կ՛ապրինք անսահմանօրէն դժուարին օրեր: Հայ ժողովուրդին համար անհուն ցաւի ժամանակաշրջան մըն է, որ կը բոլորենք: Մեր նորագոյն պատմութեան ամենամռայլ օրերն են արդարեւ:
Մեր ժողովուրդի անզուգական պայքարի ու յաղթանակի խորհրդանիշը՝ Արցախը շուտով իր դարաւոր բնակչութենէն պարպուած պիտի դադրի գոյութիւն ունենալէ, ըստ յայտարարութեան: 120,000 հայորդիներ անտուն անօթեւան, այնպէս ինչպէս անցեալ դարասկիզբին իրենց եղբայրակիցները, պարտադրաբար լքած են իրենց հայրենի հողը, տուներն ու սրբութիւնները: Համատարած սուգ է այսօր հայաշխարհին մէջ:
Ըսուած է, թէ սուգը յաւերժ է, եթէ պայքար չկայ: Իսկ մենք պատրա՞ստ ենք պայքարի, պատրա՞ստ ենք պատմական այս նոր մարտահրաւէրին, որ ազգովին կը դիմակալենք: Պատասխանը իւրաքանչիւր լիիրաւ հայորդիին հոգիին մէջն է:
Բռնակալ Բէլին ձեռնոց նետած քաջազուն Հայկէն ծնած ազգի մը զաւակները իրաւունքը չունի երկմտելու: Կայ մէկ ու միակ ճանապարհ՝ ՊԱՅՔԱՐ:
Յառաջիկայ օրերու մեր պայքարը մեզմէ կը պահանջէ ինքնակազմակերպում եւ միասնական գաղափարի շուրջ համախմբում: Ազգովին պիտի մարտնչինք ու մեր հերոսներուն հոգիներուն հանդէպ պիտի տանք մեր պարտքը: Մեր պապենական հողերուն վրայ պիտի շարունակենք գոյատեւել ու արարել պատուով:
Անկախ աշխարհաքաղաքական տուեալներէ, Արցախը յաւերժ է մեր հոգիներուն մէջ: Անոր դատը արդար է, մինչ չկայ դատ, որ կը մեռնի եթէ անոր ետին կան անոր համար մարտնչողներ:
Հետեւաբար մենք ունինք ընելիքներ, զորս պէտք է իրագործենք անյապաղ եւ հետեւեալ հերթականութեամբ ինչպէս նաեւ զուգահեռաբար.
- Մեծ սրտով պիտի գրկենք ու հոգեկան հանգիստ պարգեւենք բռնագաղթուած մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն: Անոնք որբ կամ լքուած պէտք չէ զգան: 1915-ի Ցեղասպանութեան ու տեղահանութեան օրերուն չունէինք պետութիւն եւ կազմակերպուած Սփիւռք: Այսօր պատկերը նոյնը չէ: Մեր պետութեան տաճարը մաքրելով դաւաճաններէ, բախտախնդիրներէ, փառքի վաշխառուներէ, փերեզակներէ եւ պատմական թիւրիմացութեամբ մը իշխանութեան հասած զզուելիներէ ինչպէս նաեւ գերլարելով սփիւռքի ներուժը պիտի լծուինք ազգահաւաքի ու վերականգնումի սուրբ գործին:
- Վերականգնուած ու առողջ համահայկական մեր պետութիւնը, որ վաղը պիտի անպայման գայ, մինչեւ օրս Հայաստանի կողմէ Արցախին տրամադրուած պիւտճէն պիտի ամբողջութեամբ տրամադրէ իր Արցախեան բնօրրանը պարտադրաբար ձգած հայորդիներու արժանապատիւ կեանքի պայմաններ ստեղծելու գործին:
- Մեր սրտերն ու դռները լայն բացած պիտի ընդունինք եւ պատսպարենք արցախահայութիւնը: Քիչ չէ թիւը այն հայորդիներուն, որոնք ունին մէկէ աւելի բնակարաններ Հայաստանի մէջ, կամ ապրելով սփիւռքեան ափեր ունին բնակարաններ հայրենիքի մէջ: Այդ բնակարանները անմիջապէս եւ անշահախնդիր պէտք է տրամադրենք բռնագաղթուած հոգեհարազատ մեր ազգակիցներուն:
- Պիտի վերջապէս հասկնանք ու սորվինք, որ թուրքը՝ թուրք է միշտ եւ յաւէտ: Հետեւաբար պատմական կամ ռազմաքաղաքական ոեւէ առիթ պիտի չփախցնենք պատերազմելու մեր ոխերիմ թշնամիին հետ ու պիտի յաղթենք անոր ինչպէս մեր ժողովուրդին վայել է: Նոյնը պիտի ընենք դիւանագիտական բնագաւառին մէջ:
- Պէտք է անմիջապէս ու առանց երկմտանքի կազմենք Արցախի վտարանդի կառավարութիւն եւ Ազգային ժողով, որոնք ի պաշտօնէ պիտի հետապնդեն մեր արդար դատը ու տէրը կանգնին անոր:
- Խնդրոյ առարկայ մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն ինչպէս նաեւ մեր պետական, թէ հասարակական հաստատութիւններուն Արցախի մէջ իրենց ունեցած անշարժ գոյքերուն սեփականութեան վկայականները, Արցախի քաղաքացիներուն ծննդեան վկայականները, անցագրերը, եւ ամէն տեսակի փաստաթուղթ, որ կ՛ապացուցանէ, որ իրենք ապրած ու կենսագործած են Արցախի իրենց պապենական հողերուն վրայ, ներառեալ լուսանկարներ եւ այլ շօշափելի բաներ, հայկական պետական կամ հասարակական կեդրոնացած մարմնի մը միջոցով պիտի հաւաքագրենք ու թուայնացնենք: Ի հեճուկս ազերիին ու թուրքին մենք պիտի պահենք ու պահպանենք Արցախի մէջ հայկական դարաւոր ներկայութեան բոլոր ապացոյցները։
- Վերջապէս, սակայն ոչ վերջինը պիտի հաւատարմագրենք միջազգային փաստաբաններ, պիտի կատարենք լոպիական գերազանց աշխատանք ազատագրելու համար Պաքուի կողմէ ազատազրկուած գերիները, ձերբակալուած մեր զինուորականներն ու քաղաքական գործիչները:
Արցախը մենք այսօր տեսականօրէն կորսնցուցինք, սակայն ան ու անոր վերատիրանալու աշխատանքը պիտի ըլլայ մեր առօրեայ կեանքին մէկ մասնիկը:
Մենք բոլորս Արցախ ենք: Մենք ենք ու պիտի մնանք անոր ապառաժի կամքին նման հզօր ու անզուգական ժողովուրդին արժանի ազգակիցները: Մենք իրաւունքը չունինք ընկրկելու: Արցախի մեր եկեղեցիներուն զանգերը դարձեալ պիտի ղողանջեն: Մենք միասնաբար դարձեալ պիտի յաղթենք ու Ստեփանակերտի մեր պետական շէնքերուն ու Շուշիի բարձունքին պիտի պարզենք ու յաւերժ պահենք Արցախի սուրբ դրօշը:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ, «Զարթօնք», Լիբանան