Սուրբ Աստուածածնի Տարեկան Գիշերային Ուխտագնացութիւն. ծանուցում

Ծանուցում Սուրբ Աստուածածնի Տարեկան Գիշերային Ուխտագնացութեան
Այսու կը տեղեկացնենք մերազն հաւատացեալ ժողովուրդին, թէ Հինգշաբթի, 27 Օգոստոս 2026-ի լուսադէմին, ժամը 02:30-ին, պիտի կատարուի տարեկան գիշերային ուխտագնացութիւն դէպի Սուրբ Աստուածածնայ Տաճար, ուր պիտի մատուցուի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ՝ Սուրբ Կոյսի Գերեզմանին վրայ:
Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութիւն
