Ի՛նչ անուններով կ՛ուզես կոչէ Իսրայէլն ու վարչապետ Նաթանիահուն, միեւնոյնն է, իրենց ծաւալապաշտական ծրագիրներէն ետ չեն մնար: Կազայի պատերազմը, որ մինչեւ այսօր կը շարունակուի, անընդհատ նոր նահատակներ բարդելով սահման չունեցող սպանեալներու ցուցակին վրայ՝ նորանոր բնակելի տարածքներ ու շէնքեր գետնին հաւասարեցնելով ու չհամաձայնելով պատերազմը դադարեցնել, մինչեւ Համասը իր զէնքերը վար դնելով չյանձնուի, ոչ միայն Համասի չքացումով պիտի գոհանայ, ոչ ալ իր պատանդները ազատագրելով, նպատակն է մնալ մտած շրջանները եւ գրաւել որքան մաս որ կարելի է. չէ՞ որ պիտի իրականացնէ Իսրայէլի երազը՝ Եփրատէն-Նեղոս:
Լիբանանի պարագային ալ, թէեւ շուտ զինադադար հաստատուեցաւ, սակայն Իսրայէլը ներխուժած տարածքներէն քաշուելու նպատակ չունի, աչքը լիբանանեան գիւղերուն վրայ է եւ ապահովական գօտի ըսելով որոշ երիզ մը պիտի փորձէ պահել յատկապէս հարավային շրջանին մէջ:
Թէեւ տարիներ շարունակ Սուրիոյ վրայ ալ հրթիռներ կ՛արձակէր, Իրանեան եւ Հըզպալլայի կեդրոնները քանդելով, հիմա արդէն Ասատի անկումէն ետք ստեղծուած պարապէն օգտուելով ներխուժեց Կոլանի «ոչ-ոքի» ապահովական տարածք, երբ այնտեղէն դէտերը քաշուած էին, եւ անմիջապէս յայտարարեց, որ պիտի չվերադարձնէ գրաւած տարածքը եւ պիտի միացնէ Իսրայէլի 1967-ի պատերազմին գրաւած հողերուն, նոյնիսկ եթէ այդ ձեւով ապօրինաբար վարուած կ՛ըլլայ ՄԱԿ-ի որոշումին: Արդէն Իսրայէլ ե՞րբ ականջ կախեր է ՄԱԿ-ի որոշումներուն:
Այս ոտնձգութիւնը չէր բաւեր, իսրայէլեան օդուժը մէկ օրուան ընթացքին 250 թիրախաւորում կատարեց սուրիական ռազմական կեդրոններն ու ծովուժը ռմբակոծելով: Սուրիական բանակը, որ արդէն շատ տկարացած էր պատերազմի տարիներուն ահագին մեծ թիւով զոհուած եւ վիրաւորուած զինուորներով, հիմա արդէն Իսրայէլին պատասխան հարուածներ հասցնելու ոչ մէկ կարողութիւն ունի: Հարիւրաւոր նոր յարձակումներով Իսրայէլ յաջորդող օրերուն շարունակեց ռմբակոծել հարիւրաւոր թիրախներ: Այնպէս կ՛երեւի, որ Իսրայէլը շատ համաձայն չէ այս նոր եկուորներու իշխանութեան, որովհետեւ անոնք «ահաբեկչական» կազմակերպութիւններ են, նոյնիսկ եթէ ԱՄՆ կը մտածէ գլխաւոր կազմակերպութիւնը՝ «Հայա թ Թահրիր Ալ-Շամ»-ը հանել ահաբեկչականներու ցանկէն:
Նորանկախ Սուրիան, որուն նորակազմ «փրկչական կառավարութիւնը» իր անդրանիկ նիստը ունեցաւ անցեալ Երեքշաբթի օր, անցնող եւ նոր երկու վարչապետերու՝ Մուհամմատ Ճալալիի եւ Մուհամմատ Ալ Պաշիրի գլխաւորութեամբ, ի ներկայութեան երկիրը գրաւած զինուորական կազմակերպութեանց ղեկավար Ահմատ Ալշարըհի, լրիւ զերոյէն նոր երկիր մը կառուցելու հրամայականին տակ է. կ՛ըլլա՞յ, կ՛օգնե՞ն որ ըլլայ: Կ՛ապրինք, կը տեսնենք:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ