Խմբագրական
«Պայքար», 07.05. 23
Հայաստանի` «Հայ Ազգային Ռամկավար Կուսակցութեան» Հիմնադրութեան Առիթով
Խմբագրականներու յատկացուած մեր այս սիւնակը այսօր կը յատկացնենք Հայաստանի մեր պաշտօնակից «Ազգ» թերթի Ապրիլ 28 թիւին մէջ ծանուցած` Ապրիլ 25-ին Երեւանի մէջ «Հայ Ազգային Ռամկավար Կուսակցութիւն» նոր կուսակցութեան մը Հիմնադրման լուրին:
Մեր ազգային ներքին քաղաքական կեանքին մօտէն հետեւողներուն` եւ յատկապէս կուսակցութեանց ներքին տագնապներուն հետեւողներուն` Ռամկավար գաղափարականով Հայաստանի մէջ այս նոր կուսակցութեան կազմութեան լուրը հաւանաբար պիտի չզարմացնէ երբեք:
Արդարեւ յայտնի է բոլորին թէ 102 տարիներ առաջ, Պոլսոյ մէջ ստեղծըւած Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, որ ծանօթ է բազմաթիւ տասնամեակներու ընթացքին մինչեւ Հայաստանի վերանկախացման առաջին շրջանը իր կատարած ազգակառոյց պանծալի բացառիկ գործունէութեամբ, դժբախտաբար աւելի քան երկու տասնամեակներէ ի վեր կը գտնուի ներքին բաժանման տագնապի վիճակին մէջ: Այս մասին բնականաբար տարբեր առիթներով լայնօրէն գրած ենք մեր այս սիւնակներուն մէջ: Գրած ենք մանաւանդ այն լուրջ ջանքերուն մասին որ կատարուած են որպէսզի դադրի այս անպտուղ եւ անիմաստ ոյժերու ջլատման պարագան: Այդ ջանքերը սակայն մինչեւ այսօր դժբախտաբար մնացած են ապարդիւն:
Անհրաժեշտ կը նկատենք սակայն այս հանգրուանին` մանաւանդ վերյիշեցնել թէ Կուսակցութեան վերամիացման համար վերջին եւ լրջագոյն աշխատանքները կատարեց` Ռ.Ա.Կ.-ի պատմութեան տարբեր շրջաններուն ընթացքին գերագոյն պատասխանատուութիւն ստանձնած ղեկավարներու խումբ մը, ՙՌ.Ա.Կ.-ի միասնականութեան նախաձեռնող ղեկավարներու համախմբում՚ անուան տակ, ամիսներ շարունակ, տակաւին մինչև անցնող 2022 տարուան ընթացքին:
Միասնականութեան համախմբման այս մարմինը սկսաւ իր աշխատանքները Դեկտեմբեր 19, 2021-ին հրապարակած իր կոչով` ուր ան կը յայտարարէր յատկապէս թէ «Այսօր մայր հայրենիքը կը գտնուի ճակատագրական մարտահրաւէրներու դիմաց: Իր հերթին Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը բովանդակ աշխարհի մէջ կը գտնուի հարկադրանքին առջեւ իր տունը կարգի դնելու» :
Սակայն այդ կոչին յաջորդող եօթը ամիսներուն ընթացքին, որքան որ այս համախմբման անդամները կանոնաւոր հանդիպումներով ջանացին ընել իրենց կարելին, դժբախտաբար ի վերջոյ այս վերջին փորձը եւս մնաց ապարդիւն:
Ամենացաւալին այն է թէ Հայաստանի մէջ անկախութեան առաջին իսկ օրերուն` 1990ին ստեղծուած աշխոյժ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը այժմ տառացիօրէն բռնագրաւուած է մի քանի հոգիներու կողմէ, որոնք վերջին տարիներուն կուսակցութեան կնիքը «իրենց ծոցին մէջ պահած», պատկառելի այս կուսակցութիւնը դրած են փաստօրէն եւ խստօրէն դատապարտելի բացարձակ անգործութեան վիճակի մէջ: Այսօր անոնք նաև շատոնց օրինազանց են հինգ տարիներ անց` պահանջուած կուսակցութեան ընդհանուր պատգամաւորական ժողովն իսկ հրաւիրած չըլլալով:
Վերոյիշեալ միասնականութեան ջանքերուն ընթացքին բազմիցս կոչեր կատարուեցան այս խմբակին, դուրս գալու այդ լճացած յանցագործ վիճակէն եւ վերահաստատելու միասնականութիւնը գոնէ Հայրենիքի տարածքին, տեղ տալով երեսուն տարիներու ընթացքին կուսակցական կարեւոր աշխատանքներ կատարած` կուսակցական մամուլը գործօն եւ պատուաբեր վիճակի մէջ պահած` հոյլ մը կարող ղեկավար ընկերներու:
Կատարուած այս բոլոր կոչերը անպատասխանի մնացած ըլլալով, բոլորովին հասկնալի է, թէ այսօր այս վերջիններուն համար սպասման ժամկէտը անցած է շատոնց, և անոնց համբերութեան բաժակը յորդած է այլեւս: Մանաւանդ Հայաստանի եւ Արցախի գոյութենական մեծ տագնապի ներկայ մթնոլորտին մէջ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը պարտաւոր կը զգայ տէր կանգնելու իր առաքելութեան եւ անցնելու գործօն աշխատանքի` իր կարելին ընելու համար մասնակցելով հայրենիքի փրկութեան աշխատանքին: Ահա այս հասկացողութեամբ է որ կազմուած է նորաստեղծ «Հայ Ազգային Ռամկավար Կուսակցութիւնը», նոյն ժամանակ սպասելով այն օրուան երբ կը վերահաստատուի աւանդական եւ աւանդապահ «Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան» միասնականութիւնը:
Երբ հասնի այդ խորապէս բաղձալի օրը, կըակնկալուի թէ նորաստեղծ Ռամկավար այս Կուսակցութիւնը եւս վստահաբար պիտի միանայ բոլորին, որպէս Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն` լաւագոյն ձեւով գործելու համար ի շահ Հայ ժողովուրդին եւ Հայրենիքին:
«Հայ ազգային ռամկավար» կուսակցութեան հիմնադիր համագումարը
Անկասկած, ոմանք տարակուսանքով պիտի ծանօթանան ստորեւ հրապարակուող հաղորդագրութեանը: Ութ տասնեակից աւել կուսակցութիւնների շարքում ի յաւելումն ի՞նչ է անելու քաղաքական այս նոր կազմակերպութիւնը, միւսներն ի՞նչ են արել, որ այս մէկը ի՛նչ անի: Նախ յստակեցնենք, որ իբրեւ գաղափարախօսութիւն ու դաւանանք` այս կուսակցութիւնը նոր չէ, այլ` հնարմատ, մինչեւ 133 տարի առաջ Վանում ծնունդ առած Արմէնական եւ 102 տարի առաջ Պոլսում վերամիաւորւած Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւնները երկարող արմատներով:
Երկրորդ` նորակազմ այս կուսակցութիւնը չի գալիս որեւէ այլ կազմակերպութեան տեղն ու դիրքը գրաւելու. այդ տեղն ու դիրքը արդէն տեւական ժամանակ, փառասիրական եւ այլ նկրտումների հետեւանքով, թափուր է եւ անգործութեան մատնուած:
Երրորդ` այս կազմակերպութիւնը մերժում է «ընդդէմը» եւ դաւանում է «յանունը»։ Վասն պետականութեան եւ ազգի, վասն Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան, Հայկական պահանջատիրութեան եւ Հայ եկեղեցու միասնութեան: « Ընդդէմն» արդէն խեղդում է մեզ, սպառել է մեր ոյժերը, քայքայել ազգային միասնականութիւնը, դիմադրողականութիւնը, ինքնապաշտպանական բնազդն անգամ:
Նորակազմ այս կուսակցութիւնը, հայրենիքի դժնդակ այս պահին չէր կարող եւ չի կարող անգործ մնալ, հետեւաբար գալիս է իր բաժին պատասխանատուութիւնը վերցնելու, գալիս է առողջ այլ ուժերի ջանքերին միացնելու իրը, իր պատմական փորձառութիւնը, մասնագիտական հըմտութիւնն ու սփիւռքեան ներուժը:
Ժամն է պատասխանատուութիւն ստանձնելու:
Քաղուած «Ազգ» շաբաթաթերթի Ապրիլ 28 – Մայիս 4 թիւէն